Յովհաննէս Աբամելիքեան
Աբամելիքեան Յովհաննէս, Իշխան, նշանաւոր անձնաւորութիւն վրաց Հերակլ Բ. եւ Կիորկի ԺԲ. թագաւորներու օրով։ Թագաւորի աղջիկը Հեղինէն՝ վրաց թագաւորազն Դաւիթի կինն էր։
Ռուսաց Փաւէլ կայսեր օրով Աբամելիքեան ընտանիքով Փեթերսպուրկ կը տեղափոխուի եւ կայսեր կը ներկայացնէ ադամանդ, որ իր մեծութեամբ եւ յստակութեամբ Ռուսաստանի մէջ երկրորդը կը համարուէր (առաջինը հայ վաճառական Սափրզեանցի տարածն էր, որ գնեց իշխ. Օրլովը 400.000 ռուբլիի եւ Եկատերինէ Բ. կայսրուհիին նուիրեց)։ Կայսրը՝ Աբամելիքեանին իբրեւ վարձատրութիւն, Փոտոլսկի նահանգին մէջ կալուածներ բաշխեց պարագայքով եւ ստրուկներով։
Անոր որդիքը պետական եւ զինուորական ծառայութեան մէջ ընդունուեցան։ Իշխ. Յովաննէս Սիմ. Աբամելիք, որ Փեթերսպուրկի եւ Քիեւի զինարաններու կառավարիչն էր եւ առանձնապէս ուսումնասիրած էր թնդանօթաձուլութեան արհեստը, Աղեքսանդր Ա. կայսեր հրամանով Փրուսիոյ Ֆրիտրիխ Վիլհելմ Ա. թագաւորի քով ուղարկուեցաւ, որպէսզի Պերլինի մէջ ուսումնասիրէ թնդանօթաձուլութիւնը։ Այս պատուէրն յաջողութեամբ կատարելով երկու վեհապետներուն կողմէ վարձատրուեցաւ։ Իշխ. Աննա Դաւթեան Աբամ. 1832-ի, Ապրիլ 20-էն տուած հրովարտաակով արքունի Ֆրէյլինա ընդունուեցաւ։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Բառարան Հայ Գրականութեանց, Հայկ Տէր-Աստուածատուրեան, Ա. Հատոր, Թիֆլիս 1904, էջ 113: