Jump to content

Յիսուս Քրիստոսին Կերպարը Հայ Կերպարուեստին Մէջ

Մոմիկ.«Համբարձում» մանրանկար «Պատերազմի Աւետարանէն»։


Յիսուս Քրիստոսին Կերպարը Հայ Կերպարուեստին Մէջ ի յայտ կու գայ մանրանկարչութեան, պատկերաքանդակի, որմնանկարչութեան եւ գեղանկարչութեան ընդմէջէն: Մանրանկարչութեան մէջ Ս. Ծննդեան տօնը կը ներկայացուի երեք թեմաներով` Աւետման, Յիսուս մանուկի ծնունդին ու մոգերու երկրպագութեան եւ վերջապէս` Տիրամայրը մանկան հետ: Այս վերջինին զուգահեռ, երբեմն նաեւ պատկերուած կ'ըլլայ Սուրբ ընտանիքը, այսինքն պատկերին կը միանայ հայր Յովսէփը, ինչպէս նաեւ նոյնիսկ Աստուածածինին մայրը` Աննան[1]:

Պատկերաքանդակներու պարագային, միջնադարեան նշանաւոր ստեղծագործութիւններէն մէկը Մոմիկ վարդպետին Նորավանքի ճակտոնապատին պատկերած գործն է: Հոն կ՛երեւին Հայր Աստուած եւ անոր կողքին` Յիսուս Քրիստոսը: Յիսուսի կերպարին մենք կը հանդիպինք նաեւ Ամենափրկիչ խաչքարերուն վրայ, ուր արուեստագէտները Յիսուսի կերպարը աւելի կենսունակ եւ հաղորդիչ դարձնելու համար մեծաւ մասամբ շեշտը դրած են Խաչեալին տառապանքին վրայ ու երբեմն կերտած են նոյնիսկ արիւնաքամ Յիսուսներ:

Քրիստոնէութեան տարածման առաջին հանգրուանին իւրաքանչիւր ազգ Յիսուս Քրիստոսի կերպարը կը պատկերէր իր ազգային տեսքով: Հայերն ալ Յիսուս Քրիստոսը նկարած են իբրեւ հայ: Հայ եւ օտար արուեստի մէջ սրբապատկերներու կարեւոր տարբերութիւներէն մէկը այն է, որ հայ սուրբերու պարագային անոնց աչքերուն մէջ կայ ահազանգի ու տագնապի վիճակ մը: Հայոց մօտ խաչեալ Յիսուսին կերպարները շատ աւելի տառապած են, քան միւսները. այս մէկը կու գայ հայ ժողովուրդին պատմութենէն, այսինքն, ըլլալով օտար տիրութիւններու տակ, հայ մանրանկարիչները միշտ ապրած են ըլլալ-չըլլալու անդոհանքն ու տագնապը. ինչպէ՛ս թշնամիներէն նաեւ ունեցած են այն վախը, թէ ինչպէս պիտի պահեն պահպանեն արուեստի եւ մշակոյթի այս հարստութիւնը: Ոչ հայ մանրանկարիչներէն շատեր այս տագնապը գրեթէ չեն ունեցած, եւ ատոր համար ալ անոնց գործերուն մէջ արտայայտչականութեան նոյն ուժգնութիւնը չի նշմարուիր:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]