Հանրապետութիւն
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Կառավարման համակարգը իրմէ կը ներկայացնէ տուեալ երկրի իշխանութեան ձեւաւորման եւ ժողովուրդ-իշխանութիւն փոխյարաբերութիւններու համակարգ։ Ըստ կառավարման համակարգի պետութիւնները կ'ըլլան՝
- հանրապետութիւններ,
- միապետութիւններ։
Հանրապետութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հանրապետական կառավարման համակարգի պարագային իշխանութիւնը կը ձեւաւորուի ուղղակի կամ անուղղակի ընտրութիւններու միջոցով, որուն պարագային ժողովուրդը կը մասնակցի իշխանութեան ձեւաւորման գործընթացին։ Կ'առանձնանան հանրապետական կառավարման համակարգի 3 տեսակներ՝
- նախագահական,
- խորհրդարանական,
- խառն կամ կիսանախագահական։
Նախագահական կառավարման համակարգի պարագային կը գործէ երկմանդատ կառավարման համակարգը, երբ եւ նախագահը, եւ խորհրդարանը կ'ընտրուին ժողովուրդին կողմէ։ Այստեղ նախագահը կը հանդիսանայ պետութեան գլուխը, ինչպէս նաեւ գործադիր իշխանութեան ղեկավարը, անոր վերապահուած է կառավարութեան ձեւաւորման իրաւունքը եւ կառավարութիւնը իր գործունէութեան համար աւելի շատ հաշուետու է նախագահի առջեւ, քան խորհրդարանի։ Նախագահական հանրապետութիւններուն բնորոշ է օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու անկախ գործակցութիւնը, որ կը նշանակէ, որ նախագահը իրաւունք չունի ցրել խորհրդարանը, իսկ խորհրդարանը չի կրնար անվստահութիւն յայտնել կառավարութեան, սակայն գոյութիւն ունին փոխադարձ վերահսկման եւ հակակշռման մեքենականութիւններ, մասնաւորապէս, նախագահը կրնայ վետօ դնել խորհրդարանի ընդունած օրէնքներուն վրայ, իսկ խորհրդարանը իր հերթին կրնայ գործի դնել ամբաստանումի (անվստահութիւն յայտնելու) գործընթացը։ Խորհրդարանական հանրապետութիւններու կառավարութեան ձեւաւորման իրաւունքը կը պատկանի խորհրդարանին։ Խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք մեծամասնութիւն ստացած քաղաքական ուժը կամ մի քանի քաղաքական կուսակցութիւններ, դաշնակցութեան սկզբունքով, կը ձեւաւորեն կառավարութիւն, եւ կառավարութիւնը իր գործունէութեան համար հիմնականօրէն հաշուետու կ'ըլլայ խորհրդարանին առջեւ։ Խորհրդարանական հանրապետութիւններուն մէջ կրնայ գործել նախագահի պաշտօնը, որ կ'ընտրուի խորհրդարանի կողմէ, որոշակի ժամկէտով։ Անիկա կը հանդիսանայ պետութեան գլուխը, սակայն կ'իրականացնէ զուտ ներկայացուցչական լիազօրութիւններ եւ օժտուած չէ իրական գործադիր լծակներով։ Խորհրդարանական հանրապետութիւններուն մէջ, որպէս կանոն, կառավարութիւնները ավելի յաճախ փոփոխութեան կ'ենթարկուին եւ կայուն կառավարման տեսանկիւնէն աւելի խոցելի են, սակայն ներկայացուցչական ռազմկավարութեան ապահովման տեսանկիւնէն՝ աւելի ընդունելի։ Կիսանախագահական կառավարման համակարգերը նոյնպէս շատ տարածուած են։ Կիսանախագահական հանրապետութիւնները կը բաժնուին 2 խումբի՝
- նախագահական-խորհրդարանական,
- խորհրդարանական-նախագահական։
Առաջինին պարագային նախագահը աւելի մեծ լիազօրութիւններ ունի կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացին մէջ։ Անիկա կրնայ ձեւաւորել կառավարութիւն, նշանակել վարչապետ, իսկ խորհրդարանը արդէն երկրորդ փուլին կառավարութեան հաստատման ժամանակ կրնայ անվստահութիւն յայտնել կառավարութեան։ Այդպիսի կարգ կը գործէր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մինչեւ սահմանադրական բարեփոխումները՝ 27 Նոյեմբեր 2005-ին։ Սահմանադրութեան բարեփոխումներով կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացին մէջ խորհրդարանի դերը աւելի շատցաւ։ Բարեփոխուած սահմանադրութեամբ նախագահը վարչապետ կը նշանակէ խորհրդարանական խումբ-խմբակցութիւններու հետ խորհրդակցելէ ետք, պատգամաւորներու մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող անձի։ Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ, որ նոյնպէս կիսանախագահական հանրապետութիւն է, վարչապետի թեկնածութիւնը նախագահը կ'առաջարկէ ՊետՏումային, որ կը քուէարկէ վարչապետի օգտին։