Jump to content

Յակոբ Քհնյ. Մելքոնեան

Յակոբ Մելքոնեան
Ծնած է 1942
Ծննդավայր Գամիշլի
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Քահանայ
Ամուսին Արփինէ Գէորգեան
Երեխաներ Մայտա, Արամ եւ Սարգիս

Յակոբ Քհնյ. Մելքոնեան, աւազանի անունով Մկրտիչ, ծնած է Գամիշլի, 1942-ին։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ վարժարանէն, զոր աւարտած է 1954-ին։ Հակառակ ուսումնատենչ ըլլալուն, նիւթական դժուարութեանց պատճառով չէ կրցած ուսումը շարունակել։

Ապրուստի հրամայականը զինք նետած է գործնական կեանքի մէջ արհեստ սորվելու եւ ընտանիքին կարիքները հոգալու։

Հանապազօրեայ աշխատանքներուն զուգահեռ, ան ինքզինք մօտ պահած է կրօնական սկզբունքներու եւ միշտ եկեղեցի յաճախած ու ներկայ գտնուած է ո՛չ միայն պատարագին, այլեւ՝ ժամերգութիւններուն։

Ժամանակ մը ետք, երբ բախտը կը ժպտի, ան պետական պաշտօնեայ կը նշանակուի Ռըմելանի քարիւղի ընկերութեան մէջ։ Այնուհետեւ, իր նիւթական վիճակը կը բարելաւուի եւ կը պատրաստուի ամուսնութեան։

Ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ օրդ. Արփինէ Գէորգեանը, որուն հետ կը պսակուի Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ 1971-ին, ձեռամբ՝ Տ. Երուանդ քահանայ Երէցեանի եւ կ'ունենայ երեք զաւակներ՝ Մայտա, Արամ եւ Սարգիս։

Ժամանակի սահանքին հետ, իր մէջ կը սկսին աւելի զօրանալ կրօնական զգացումները եւ կը զգայ եկեղեցւոյ նուիրուելու փափաքը։

Երբ Գամիշլիի հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մինատ քահանայ Տէր Մինասեան վերջնականապէս Հայաստան կը տեղափոխուի, գաղութը կը մնայ առանց քահանայի։ Այդ ընթացքին Մկրտիչը քահանայութեան պաշտօնին յարմարագոյնը կը նկատուի։

Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ՝ Տ. Կոմիտաս եպս. Օհանեանի ու տեղւոյն թաղականութեան որոշումով, կ'ընտրուի Գամիշլիի հայ գաղութին համար քահանայութեան թեկնածու։

Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օժումը տեղի կ'ունենան Տ. Կոմիտաս Եպս. Օհանեանի ձեռամբ խարտաւիլակութեամբ՝ Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գարեգին Ա. քահանայ Քիրաղեանի, 20 Նոյեմբեր 1994-ին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչուելով Տ. Յակոբ։

Քահանայական պատրաստութեան քառասնօրեայ շրջանը լրանալէ ետք, նորընծայ քահանան հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի համանու եկեղեցւոյ։

Իր հովուական առաջին պարտականութիւնը կ'ըլլայ հովուական յաջորդական այցելութիւններով ճանչնալ իր հօտը եւ հովիւ-հօտ կապեր հաստատել, որպէսզի օգտակար դառնայ անոնց ընտանեկան ու ընկերային հարցերուն։

Հաւատացեալ գաղութը պատճառ կ'ըլլայ, որ հովիւին մէջ աւելի զօրանան կրօնական զգացումներն ու հոգեւոր ապրումները։ Առաւօտեան ժամերգութիւնը կատարելէ ետք, ամէն օր կ'այցելէ Գամիշլիի փոխանորդարան, հովուական պարտականութիւն մը կատարելու, երբ ժողովուրդը կարիքը ունենայ իր հոովիւին։

Առ ի գնահատանք իր տարիներու ծառայութեան, ան կը ստանայ Արամ Ա. Վեհափառէն Լանջախաչ կրելու իրաւունք, 2001-ին։

Հաւատքով զօտեպնդուած եւ ազգային ոգով տոգորուած կը շարունակէ իր հովուական առաքելութիւնը Գամիշլիի իր հայրենակիցներուն ու Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, տասնհինգ տարիներու կրօնական ծառայութեան քաղցր լուծին տակ։

Ի սրտէ կ'աղօթենք առ Աստուած, որ իրեն պարգեւէ առողջութիւն ու երկար կեանք։

2010-ին, առողջութիւնը կը կորսնցնէ եւ ստիպուած կ'ըլլայ հանգստեան կոչուելու իր փափաքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով։ Այսուհանդերձ կը շարունակէ ժամերգութեան մասնակցիլ եւ հոգեպէս նորոգուիլ։[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ 305։