Jump to content

Յակոբ Նայիրի

Յակոբ Նայիրի
Ծննդավայր Պէյրութ
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ

Յակոբ Նայիրի, հայ բանաստեղծ։ Ծնած է Պէյրութ։ Իր ուսումը ստացած է Զահլէի Ազգ․Վարժարանին, ապա Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճին մէջ, որուն ընթացքը աւարտելէն ետք, վկայուած է Հայկազեան Գոլէճէն։ Բարձրագոյն ուսման հետեւած է Ուայօմինկի (ԱՄՆ) համալսարանին մէջ եւ մագիստոսի տիտղոսի արժանացած է պատմագիտութեան եւ միջազգային քաղաքագիտութեան ճիւղերէն։

Վերադարձած է Պէյրութ ուր իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնաւարած է Հայկազեան Գոլէճին մէջ, 1964-1967 տարեշրջաններուն։

Ամերիկա հաստատուած է 1967 թուականին։ U.C.L.A. համալսարանէն ստացած է Դոկտորայի Թեկնածութիւն մատմագիտութեան մարզին մէջ։ Դասաւանդած է Լոս Անճելոս Սիթի Գոլէճին մէջ։

Գրել սկսած է 18 տարեկանին Պէյրութի «Ակօս» ամսագրին մէջ։ Այնուհետեւ շարունակած է ստեղծագործել եւ աշխատակցիլ զանազան պարբերականներու։

Իր բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը լոյս ընծայած է 1982-ին, Որոնումներ խորագրով։ Շուտով լոյս կ՛ընծայէ չափածոյ Էջերու երկրորդ հաւաքածոյ մը։ Այժմ կ՛աշխատի մենագրութեան մը վրայ։

Յակոբ Նայիրիի Որոնումներ գիրքը նորութիւն մը կը բերէ արդի բանաստեղծութեան կալուածին մէջ, ինքնատիպ գաղափարներու յայտնաբերումով։ Բանաստեղծը կեանքի փիլիսոփայութիւնը կ՛ընէ խտացեալ տաղերու ընդմէջէն։

Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։