Jump to content

Յակոբ Մուխթարեան

Յակոբ Մուխթարեան
Ծնած է 1852
Ծննդավայր Ուրֆա
Մահացած է 1901
Քաղաքացիութիւն Ուրֆացի
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն վարդապետ՝ Ներսէս անունով, ատամնաբուժ
Աշխատավայր կաշիի վաճառական
Երեխաներ հինգ աղջիկ, մէկ մանչ

Յակոբ Մուխթարեան (1852, Ուրֆա, մեռած ՝1901) .-Բնիկ Ուրֆացի, ծնած 1852-ին: Պէյրութ ժամանած 1882-ին եւ եղած՝ կաշիի վաճառական։ Իր եւ Ստեփան Թօփուզխանետնի ջանքերով է, որ ինըհարիւրական թուականներէն ալ առաջ Երուսաղէմէն Կիւրեղ անուն տիրացաւ վարժապետ մը կը բերուի Պէյրութ, որ Սբ. Նշան վանքին մէկ անկիւնը անհատական դասեր կու տայ։ Այ տիրացուն ժամանակ մը յետոյ վարդապետ կը ձեռնադրուի Ներսէս անունով։ Յակոբ Մուխթարեան ունեցաւ հինգ աղջիկ եւ մէկ տղայ։ Աղջիկներէն Հանըմ, Մարիամ եւ Աղաւնի ուսուցչութիւն ըրած են արաբերէն լեզուներու։ Օր.Աղաւնի Մուխթարեան, կրտսեր աղջիկը Յակոբ Մուխթարեանի, տնօրէնուհին է Քէնեայի (Ափրիկէ) Իվանժէլիքել վարժարանին, իր մանչ զաւակը՝ Տօքթ. Ուիլյըմ Մուխթարեան, շրջանաւարտ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Ատամնաբուժական բաժինէն 1922-ին, ժամանակ մը եղած է միեւնոյն բաժնի պատասխանատու բժիշկ։ Ապա անցած Պաղտատ, 6 Ապրիլ 1949-ին: Իսկ Յակոբ Մուխթարեան մեռաւ 1901-ին:[1]

Ծանոթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 478։