Jump to content

Յակոբ Եըլանճեան

Եըլանճեան Յակոբ, Հնչակեան գորցիչ, ծնած է Թոմարզա 1878-ին, ուր առած է նախնական կրթութիւնը, Իզմիր կ’երթայ հահ մը եւ 1908-ին Ամերիկա կ’անցնի ու վերջապէս 1912-ին Սաութհ Մելուօքի քաղաքին մէջ կը հաստատուի:

1895-ին Թոմարզային մէջ Ս. Գ. Հնչակեան մանաճիւղի առաջին անդամներէն է: Ամերիկայի մէջ անդամակցած է Թոմարզայի Միութեան, որուն վարչութեան մասնակցած է: 1929-ին Թոմարզայի Միացեալ Ընկերութեան Վերաշինած Յանձնախումբի Ատենապետ եւ Նոր Թոմարզայի շինութեան նախաձեռնարկ եղած է եւ աշխատակցած է Համակեսարացիական Միութեան գոյանալուն: Այժմ Թոմարզայի Միացեալ Ընկերութեան Կեդր. Վարչութեան Ատենապետն է: Անդամ է տեղակական կազմակերպութեանց:

1907-ին Թոմարզայի մէջ դպրոցի հոգաբարձու եղած է եւ 1908-ին Թոմարզայի մէջ թղթատարական ճիւղի մը բացումին աշխատած է:

Սաութհ Մալուօքի Ս. Յարութեան եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբի Ատենապետն էր: 1916-1917 Հնչակեան կուսակցութեան Ամերիկայի վարիչ մարմինի անդամ եղած է:

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 661: