Jump to content

Մոտեռնիզմ

Մոտեռնիզմ (իտալ. modernismo - «ժամանակակից հոսանք»; լատիներէն modernus - «ժամանակակից, ոչ հին»), XX դարու ուղղութիւն մշակոյթի մէջ, որը կը բնութագրուի մշակութային, պատմական փորձի հետ կապի խզմամբ, ձգտումով հաստատել նոր՝ ոչ աւանդական սկիզբ արուեստի մէջ, ոճի պայմանականութիւն։

  • Մոտեռնիզմը փիլիսոփայական շարժում է, որը մշակութային հակումներու կամ ուղղութիւններու եւ փոփոխութիւններու հետ մէկտեղ առաջացեր է 19֊րդ դարի վերջը եւ 20֊րդ դարու սկիզբը Արեւմտեան հասարակութեան մէջ տեղի ունեցող լայնածաւալ փոփոխութիւններէն։
  • Մոտեռնիզմը ձեւաւորող գործոններէն էին արդի արդիւնաբերական հասարակութիւններու զարգացումը եւ քաղաքներու սրընթաց աճը, որուն հետեւեր է Առաջին Համաշխարհային պատերազմը։
  • Մոտեռնիզմը նաեւ կը մերժէր Լուսաւորչականութեան դարաշրջանի մտածողութիւնը, իսկ շատ մոտեռնիսթներ կը մերժէին կրօնական համոզումները։ Ընդհանուր առմամբ մոտեռնիզմը կը համարէ, որ արուեստի, ճարտարապետութեան, գրականութեան, կրօնի, փիլիսոփայութեան եւ նոյնիսկ գիտութեան աւանդական ձեւերը այլեւս չէին բաւարարեր իրենց առջեւ դրուած խնդիրները եւ հինցած էին նոր ծագող ամբողջովին արդիւնաբերականացուած աշխարհի նոր տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական միջավայրին մէջ։

Բանաստեղծ Էզրա Փաունտի 1934 թ․ «Նորացրու այն»֊ի հրահանգը այս շարժման մօտեցման չափանիշն էր անցեալի՝ այժմ հինցած մշակոյթի։ Այս ոգիով անոր նորարարութիւնները՝ գիտակցութեան հոսքի միջոցով գրուած վէպը, ատոնալ երաժշտութիւնը, տիվիզիոնիսթական (divisionism) նկարչութիւնը եւ վերացական բոլորը ունէին իրենց նախակարապետը 19֊րդ դարուն։

Էժեն Տելաքրուայի Ազատութիւն, 1830, արուեստի Ռոմանթիզմ վիպապաշտութիւն ռոմանթիկ ոճ

Ըստ քննադատներու՝ մոտեռնիզմը զարգացեր է Արդիւնաբերական յեղաշրջման եւ բուրժուական արժէքներու դէմ ունեցած Ռոմանթիզմի վիպապաշտութեան բողոքէն։ Ճերալտ Կրաֆը կը պնդէ․ «Մոտեռնիզմի հիմնական բներգը 19֊րդ դարու բուրժուական ընկերային կարգերու եւ աշխարհայացքի քննադատութիւնն էր․ մոտեռնիսթներ, որոնք կը տանին ռոմանթիզմի վիպապաշտութիւն ջահը»[1][2][3]։ Մինչ Ուիլեամ Թըրները՝ 19֊րդ դարու ամենամեծ բնանկարիչներէն մէկը ռոմանթիզմի շարժման անդամ էր՝ որպէս «լոյսի, գոյնի եւ մթնոլորտի ուսումնասիրութեան առաջնորդ», ան կանխորոշեց ֆրանսական իմփրեսիոնիսթներուն եւ ըստ այդմ մոտեռնիզմը «ներկայացման աւանդական բանաձեւերը կոտրելով, հակառակ, ի տարբերութիւն անոնց, ան կը կարծէր, որ իր աշխատանքները պէտք է միշտ արտայայտեն կարեւոր պատմական, դիցաբանական, գրական եւ այլ պատումային թեմաներ[4]:

Realist Otto von Bismarckի դիմանկարը

1850 թ․ սկսած անգլիացի բանաստեղծներն ու նկարիչները կը հակադրուէին արդիւնաբերական վիքթորեանական Անգլիայի գերակշռող ուղղութիւններուն կամ հակումներուն։ Վերջիններս կը կազմէին նախառաֆայէլեան եղբայրութիւնը՝ «առանց ներշնչման արհեստագիտական հմտութիւններուն իրենց ընդդիմութեան» պատճառով[5]Կաղապար:Rp: Անոնք ազդուած էին արուեստի քննադատ Ճոն Ռուշքինի աշխատութիւններէն, որը կը հաւատար Բրիտանիոյ արդիւնաբերական քաղաքներուն մէջ սրընթաց կերպով աճող քաղաքային աշխատաւոր դասի կեանքը բարելաւելու գործին մէջ արուեստի ունեցած մեծ դերին[5]Կաղապար:Rp:816։ Արուեստի քննադատ Քլէմէնթ կրինպըրկը կը նկարագրէ նախառաֆայէլեան եղբայրութիւնը որպէս րոթոմոտեռնիսթներր։«Բոլոր մարդկանց մեջ փրոթո-մոտեռնիսթները նախառաֆայէլականներն էին (եւ նոյնիսկ անոնցմէ առաջ, որպէս փրոթո-մոտեռնիսթներ գերմանացի Նազովրէցիները)։ Նախառաֆայէլականները փաստօրէն կը նախզգուշացնէին Մանէին․ ամենայն հաւանականութեամբ, որ ճիշդ իրմով կը սկսի մոտեռնիսթական նկարչութիւնը։

Անոնք նաեւ բաւարարուած չէին նկարով, ինչը տարածուած էր իրենց ժամանակ, համոզուած ըլլալով, որ վերջինիս իրականութիւնը բաւականաչափ ճշմարտացի չէ[6]։ Ռացիոնալիզը ընդդիմադիրներ ունէր նաեւ փիլիսոփայութեան բնագաւառի մէջ Սիորէն Քիերքեկորն ու Ֆրիտրիխ Նիցշէն, ովքեր նշանակալի ազդեցութիւն ունեցեր են էքզիսթենցիալիզմի վրայ։ Այնուամենայնիւ Արդիւնաբերական յեղաշրջումը կը շարունակուէր։ Նշանակալի նորարարութիւններէն էին շոգեմեքենայական արդիունաբերութիւնը՝ յատկապէս երկաթուղիներու զարգացումը, որը Բրիտանիոյ մէջ սկսաւ 1830-ականներուն [7], եւ ատոր յաջորդող յառաջխաղացումները ֆիզիքայի, ճարտարագիտութեան եւ ճարտարապետութեան մէջ։ Ճարտարագիտութեան մէջ կարեւոր նուաճում էր 1851 թ․ Լոնտոնի Համաշխարհային ցուցահանդէսի համար կառուցուած Բիւրեղեայ պալատի՝ ձուլածոյ երկաթէ եւ ապակեայ ցուցահանդէսի հսկայական սրահը։ Երկաթն ու ապակին սկսան օգտագործուիլ նմանատիպ կոթողական շինութիւններու մեջ Լոնտոնի երկաթուղային կայարաններուն մէջ, ինչպիսին է Փետինկթոն կայարանը եւ քինկս Քրոս կայարանը։ Այս ճարտարարագիտական յառաջընթացներու շնորհիւ հետագային կառուցուեցան Պրուքլինիի կամուրջը եւ Էֆէլեան աշտարակը։ Վերջինս կոտրեց բոլոր նախկին սահմանափակումները մարդածին բարձր առարկաներու վերաբերեալ։ Ճարտարագիտական այս գոհարները արմատական կերպով փոխեցին 19֊րդ դարու քաղաքային միջավայրը եւ մարդկանց առօրեան։ Ժամանակի մարդկային փորձը նոյնպես փոխուեցաւ 1937 թ․ ելեկտրական հեռագրի զարգացմամբ եւ 1945 թ․ Բրիտանական երկաթուղային ընկերութիւններու կողմէն դասական կամ նախնական ժամանակի ընդունմամբ, որը աշխարհի մնացած մասի մէջ տեղի ունեցաւ 50 տարի անց։

Հակառակ շարունակուող ճարտարագիտական առաջընթացին՝ 1870 թ․ սկսած պատմութեանը եւ քաղաքակրթութեանը ներյատուկ առաջընթացի գաղափարը եւ այդ առաջընթացի անպայմանօրէն դրական ըլլալը շարունակական հարուածներու տակ ինկան։ Առաջ եկան փաստարկներ, որ արուեստագտտներու եւ հասարակութեան արժեքները ուղղակի տարբեր չեն, բայց որ հասարակութիւնը Առաջընթացի հակադիրն է եւ չի կրնար առաջ շարժիլ իր ներկայ ձեւին մէջ։ Շոփենհաուերը («Աշխարհը որպէս կամք եւ պատկերացում») հարցականի տակ կը դնէր նախկինի գոյութիւն ունեցող լաւատեսութիւնը եւ իր գաղափարները կարեւոր ազդեցութիւն ունեցան հետագայ մտածողներուն վրայ, որոնցմէ մին էր նաեւ Նիցշէն[8]։ Ժամանակի երկու ամենակարեւոր մտածողները կենսաբաններ էին․ Չարլզ Տարուինը՝ «Տեսակներու ծագումը» աշխատութեան հեղինակը եւ քաղաքական գիտնական Քարլ Մարքսը՝ «Կապիտալի» հեղինակը։ Տարուինի բնական ընտրութեան բարեշրջումի տեսութիւնը ցնցեց կրօնական վստահութիւնը եւ մարդկային եզակիութեան կամ անզուգականութեան գաղափարը։ Մասնաւորապէս, այն տեսակէտը, որ մարդկային արարածները կը ղեկավարուին նոյն մղումներով,ազդեցութիւններով կամ շարժումներով, ինչ որ «ցածրակարգ կենդանիները», շատ դժուար էր համաձայնեցնել վեհացնող ոգեղէնութեան հետ[9]։

Օտիլոն Ռետոն, Ջուրերու պահապան ոգին, 1878, ածուխ, թուղթ, Շիքակոյի արուեստի հիմնարկ

։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Barth (1979) quotation: Կաղապար:Quotation
  2. Graff (1973)
  3. Graff (1975)
  4. «J.M.W. Turner»։ Encyclopedia Britannica 
  5. 5,0 5,1 The Bloomsbury Guide to English Literature, ed. Marion Wynne-Davies. New York: Prentice Hall, 1990
  6. Clement Greenberg, "Modern and Postmodern" Archived 2020-11-27 at the Wayback Machine., William Dobell Memorial Lecture, Sydney, Australia, Oct 31, 1979, Arts 54, No.6 (February 1980)
  7. Stuart Hylton (2007). The Grand Experiment: The Birth of the Railway Age 1820–1845. Ian Allan Publishing.
  8. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Stanford
  9. The Norton Anthology of English Literature, vol. 2 (7th edition). New York: Norton, 2000, pp. 1051-2.