Մովսէս Ա. Քհնյ. Ժամկոչեան
Մովսէս Ա. Քհնյ. Ժամկոչեան | |
---|---|
Ծնած է | 1837 |
Ծննդավայր | Այնթապ |
Մահացած է | 16 Օգոստոս 1915 |
Քաղաքացիութիւն | Այնդէպ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Ազդուած է | Ցիղասպանութեան տեսարաններէն |
Մասնագիտութիւն | Ուսուցիչ |
Աշխատավայր | Քահանայ |
Մովսէս Ա. Քհնյ. Ժամկոչեան (1873-1915) Աւազանի անունով Աւետիք, որդի Սարգիսի, ծնած է Այնթապ, 1873-ին։ Աղքատ ընտանիքի զաւակ, սակայն ուշիմ ու աշխատասէր եղած է։ Մանկութենէն եկեղեցասէր ըլլալը ուշադրութիւնը կը գրաւէ Աւագերէց Տէր Յակոբ քահանային, որ իր աղջկան հետ զայն պսակելով իրեն փեսայ կ'ընէ։ Աւետիքի ընտանեկան կեանքը երջանիկ չէ եղած, որովհետեւ մանչ զաւակ չէ ունեցած եւ երէցկինր իրմէ շատ առաջ վախճանած է։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Այնթապի մէջ։ Աւետիք իր ժամանակի համեմատ ուսումնական մը կրնայ համարուիլ, այն ատեն տակաւին կանոնաւոր դպրոցներ գոյոեթիւն չեն ունեցած։ Հետեւելով այդ օրերու խալֆաներուն, լաւ ուսած է քերականութիւն, ճարտասանութիւն եւ գրաբար։ Սորված է նաեւ քրտերէն ու թարգմանութիւն գրաբարէ թրքերէն։ Առանց ճիգի, Ճաչոցի ընթերցուածները սահուն կերպով ժողովրդային պարզ թրքերէնի կր թարգմանէր։
Կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կրթական կեանքը սիրած ըլլալով, մտած է ուսուցչական ասպարէզ։ Իր աշակերտներէն եղած է Գարեգին քհնյ. Պօղարեանը։
Աւետիք վարժապետին պատրաստութիւնը եւ օրինակելի վարքն ու բարքր նկատի առնելով հայրենակիցներ զինք կ'ընտրեն քահանայութեան թեկնածու։ կր յարգէ ժողովուրդին որոշումը ու կր պատրաստուի քահանայութեան։
Քահանայութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր քահանայական ձեոնադրութիւնր տեղի ունեցած է ձեռամբ՝ Մկրտիչ Քէֆսիզեան Կաթողիկոսի, Ս. Ծննդեան տօնին, 1873-ին Այնթապի մէջ, վերակոչուելով Տ. Մովսէս եւ օծակից ունենալով Տ. Յակոբ Տ. ՅովհաննէսԼան ևւ Տ. Եղիշէ Քիլիսլեանը։ Օծակիցներուն բոլորն ալ իրմէ աոաջ վախճանած են։
Քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանր լրանալէն ետք, Տ. Մովսէս հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Այնթապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։ Եկեղեցական կեանքը իրեն շատ ծանօթ ու մօտ է եղած, որովհետեւ իր մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնր անցուցած է եկեղեցւոյ մէջ։
Ս. Գիրքի հմուտ էր։ Սաղմոսները գրեթէ բոլորր գոց գիտէր։ Եկեղեցական գրականութեան վերաբերեալ դասական գործերր, մեկնաբանութիւնները, Սաղմոսի, Նարեկի, շարականներու եւ Աւետարաններու մեկնութիւնները, Գիրք Հարցմանցն ու ժողովածուները կազմած են իր հմտութեան աղբիւրները։ Սիրած է Տաթեւացիին մեկնութիւններով ու Ս. Գրային օրինակներով համեմել իր քարոզները։
Տ. Մովսէս իր ժամանակի քահանայից դասուն մէջ լաւագոյն քարոզիչր կր համարուէր։ Տ. Մկրտիչ Կաթողիկոս գնահատելով անոր կարողութիւնն ու գիտութիւնը, տակաւին նորընծայութեան շրջանին, մինչեւ Կիլիկիոյ հեռաւոր թեմերը միւռոնաբաշխութեան ղրկած է զինք, ան այցելած թեմերուն մէջ ալ լաւ անուն մը թողած է։
Եկեղեցւոյ մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իբրեւ եկեղեցւոյ պաշտօնեայ, անբասիր, աւանդապահ ծիսակատար, գործունեայ ու բեմբասաց մշակ մը եղած է։ Ամէն օր անխափան եկեղեցի յաճախելով եւ գրեթէ ժամարարը ինք եղած է, հերթապահ ըլլալը կամ ոչ։ Հիւանգութիւնը արգելք չէ եղած իր պարտաճանաչութեան։ Իր պարզակեաց ու հեզահամբոյր բնաւորութեամր սիրուած է բոլորէն։ Երբեք չէ բարկացած։ Որեւէ խնդիրի մէջ կողմ բռնելէ զգուշացած է։ Խնդիրր մեղմացնել ու անուշի կապել սիրած է ոեւէ մէկը չվշտացնելու համար։ Սակայն, արդարութեան, ողջմտութեան ու ճշմարտութեան կողմնակից եղած է։
1858 թուականին, լուսաւորեալներու եւ խաւարեալներու սկբնաշրջանին, տակաւին երիտասարդ աշխարհական, սկսուած «Թանգարան Ընկերութիւն» 24-ներու ժողովին՝ իրրեւ ընդհանուր ժողով, անդամներէն մէկն ալ ինք եղած է։ Նպատակը եղած է երիտասարդնեըուն հայերէն սորվեցնել գիշերային դպրոցներուն մէջ։ Նոյն ընկերութիւնը 1863-ին, Կիրակոս Բ. Կաթողիկոսի օրով կոչուած է «Ուսումնասիրաց Թանգարան Ընկերութիւն»։ Իսկ 1867-ին «Վարդանանց Ուսումնասիրաց Թանգարան Ընկերութիւն» յորջորջուած է։
Տ. Հայրը երկար տարիներ սոյն ընկերութեան նախագահը եղած է եւ կրթական գործի համար ալ նիւթապէս սատարած։ Վարժարաններուն եւ մանաւանդ Վարդանեան Կրթարանին մէջ, միշտ մէկէ աւելի սաներու պաշտպան եղած է, որոնցմէ մէկը իր քրոջորդին՝ փրոֆ. Գէորգ Սարաֆեանն է, որ հոգեբան, մանկավարժ ու դոկտ. փիլիսոփայութեան եւ Լավերն Քոլէճի փրոֆէսէօրներէն էր եւ միաժամանակ, համալսարանի դասախօս էր։
Առատաձերն Քականայ մը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան առատաձեոն եղած է միշտ, ոչ միայն դպրոցներու եւ կրթական գործերու համար, այլեւ եկեղեցւ ոյ ու կարօտեալներու հանդէպ։ 1889-ին, Երուսաղէմ ուխտէ վերադարձին, իր հետ նուէր բերած է եկևղեցւոյ նորատիպ պատկերազարդ ճաշոց մը, ձայնաքաղ շարական մը ու արծաթապատ ատենի Աւետարան մը։ Ուրիշ առիթներով ալ արծաթեայ բուրվառ եւ այլ նուէրներ տուած է եկեղեցւոյ։
Հանգանակութիւններու ժամանակ, աոաջին կարգի նուիրատուներէն եղած է։ 1912-ին, Կիլիկեան ճեմարանի հիմնադրամի հանգանակութեան եւս յիսուն օսմ. հնչուն ոսկի եւ մատենադարանին համար ալ կարեւոր գիքեր նուիրած է։ Ւսկ նորաշէն եկեղեցւոյ բակին հարաւ արեւելեան անկիւնը քահանայից յատուկ սենեակ մր շինել տուած է անձնական ծախսով, իբրեւ ժողովատեղի ու ննջարան հերթապահներուն համար։
Ան յարգած է ուսումնական մարդիկը եւ ազգօգուտ ձեռնարկներուն նիւթապէս մասնակցելէ չէ խուսափած։ 1886-ին, Վահան Քիւրգճեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած «Մենտոր» հանդէսը քաջալերողներէն եւ Քիւրըճեանի հրատարակած հայատառ թրքերէն աղօթագիրքին մեկենասը եղած է։
Յիշատակելի է Տէր Հօր գործունէութիւնը՝ իր օծակից Տ. Եղիշէ քահանային ու Թանգարան Ընկերութեան անդամներուն գործակցութեամբ 1870-80 թուականներուն, բողոքականութեան ծաւալման դէմ մղած իրենց պայքարներն ու հակաճառութիւնները։ Անոնց Սուրբ Գրոց հմտութեամբ ու բանին կենաց քարոզութեամբ ախոյեան կանգնած են եւ բանիւ ու գործով յաջողած են անոր ծաւալման թափը կասեցնել ու եկեղեցւոյ տէր եւ պաշտպան հանդիսանալ։
Ան թէեւ տարիքը առած, սակայն տակաւին երկար ապրելու կազմ ունեցած է, եթէ բնականոն կեանքը խորտակուած չըլլար 1915–ի տարագրութեամբ։ 1915 Ապրիլ 17-ին, Այնթապի մէջ ալ կարգ մր ծանօթ դէմքեր կր բանտարկուին։ Թէեւ ոմանք ազատ կ՚արձակուին, սակայն Թաթուլ Քիւփէլեան եւ այլ երիտասարդներ Հալէպի բանտ կր փոխադրուին։ Յուլիսի սկիզբը Տ. Մովսէս, Տ. Յարութիւն Տ. Մելքոնեան եւ ուրիշներ կը ձերբակալուին ու Հալէպ կը փոխարդուին ու ժամանակ մը ետք անպարտ կ՚արձակուին։ Նոյն օրերուն թուրք կառավարութիւնր սկսած է տեղահանութեան։ Տ. Մովսէս առաջին կամ երկրորդ խումբով մեկնելու հրաման կր ստանայ։ Այս յաջորդական դէպքերը կը քանդեն իր ջիղերր ու կր քայքայեն՝ առողջութիւնը։
Մօտաւորապէս կէս դար ծառայած՝ իր եկեղեցին լքելու ու ժողովուրդէն բաժնուելու կսկիծը զինք անդարմանելի կերպով խոցած ըլլալուն, կը հիւանդանայ ու շատ ժամանակ չանցած կը մահուան 16 Օգոստոս 1915-ին, Հալէպի մէջ եւ մարմինր կ՚ամփոփուի Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատունը։
Առ ի գնահատանք տարիներու իր բարւոք ծառայութեան արժանացած է Աւագութեան պատիւին ու տիտղոսին, 1899-ին կաթողիկոսական Տեղապահ՝ Տ. կիրակոս Եպս. Պէքմէղճեանի օրով։
Նկարագրի Ուշագրաւի Յատկանիշներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եկեղեցասիրութան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նկարագիրը կազմուած է եկեղեցական ու կրօնական արժէքներով։ Ժամկոչի դաւակ ըլլալով, մանկութեան օրերէն սկսեալ օրուան ժամերուն մեծ մասը եկեղեցւոյ մէջ անցուցած է։ Իր հողին ու միտքը հարստացած է կրօնական ապրումներով ու պատկևրներով։ Արտակարգ սէր ունեցած է ոչ միայն եկեղեցական արարողութեան, շարականներուն ու աղօթքներուն հանղէպ, այլեւ մեր եկեղեցւոյ պատմութեան, Աստուածաշունչի, եկեղեցւոյ հայրերու գործերուն եւ մանաւանդ՚ կրօնական գրականութեան նկատմամբ։
Ւ բնէ ուշիմ, ընթերցասէր եւ ուսումնասէր քահանայ եղած է։ Գիտակից եղած է մեր եկեղեցւոյ արժէքներուն։ Իր ընթերցումները մակերեսային չեն, այլ խորաթափանց ու վերլուծական։ Այս պատճառով է, որ իր գիտելիքներր իւրացուցած ու խորացուցած է։ Ահա թէ ինչու այսքան մեծ յարգանք ու կապուածութիւն ունեցած է մեր հայրերուն հոգեւոր ժառանգութեան հետ։
Սիրած է գլխաւորաբար Տաթեւացին ու անոր գործերր։ Ազդուած է անոր նախանձախնդրութենէն։ Զայն միշտ մտապատկեր ունեցած է իր քահանայութեան ընթացքին։ Իր քարոզներր, պատգամներր կարծէք դրօշմուած են Տաթեւացիին մտածումներով, ոգիով ու կրօնական ձգտումներով։ Տաթեւացիին օրինակով բուռն պայքար մղած է բողոքականութեան դէմ, անոր ծաւալման թափը կասեցնելու համար Այնթապի մէջ։ Եւ ըստ երեւոյթին, յաջողած է իր առաքելութեան մէջ, անշուշտ գործակցութեամր հայ եկեղեցւոյ պաշտպան կրօնական ու աշխարհական բուռ մը նուիրեալներու։
Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնին անթերի գործադրութեան նախանձախնդիր եղած է։
Մեր եկեղեցւոյ անցեալի հոգեւոր ժառանգութիւնը հաւատացեալներուն հաղորդակից դարձնելու միտումով, իր քարոզներուն մէջ մէջբերումներ կատարած է մեր հայրերուն գործերէն։ Իր գլխաւոր նպատակը եղած է անցեալը ներկային մէջ վերակենդանացնելով հաւատացեալը կառչած պահել Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ եւ զայն զգուշացնել օտար վարդապետութենէ։
Եկեղեցւոյ զուգահեռ, շատ մօտ եղած է նաեւ դպրոցին։ Իբրեւ տարիներու կրթական մշակ, լայն ծանօթութիւններ ունեցած է կրթական կեանքին մասին։ Ապրած է անոր նիւթական տագնապները եւ վայելած մտքի լուսաւորութեան բարիքնեըը։ Այնպէս, որ մտքի ու հոգիի զօրաւոր կապեը ունեցած է դպրոցին ու ուսումնական կեանքին հետ ընդհանրապէս։ Ահա թէ ինչո՞ւ եկեղեցի եւ դպրոց իր կեանքի անբաժան մասն են եղած։ Իր հովուական աշխատանքներով եւ քարոզներով ժողովուրդին մէջ արթնցուցած է մտքի լուսաւորումի անհրաժեշտութիւնր։ Ինք խորապէս համոզուած է, որ մտքի ու հոգիի լոյսր զիրար ամբողջացնող կարեւոր աղդակներ են՝ նոր սերունդը լաւապէս դաստիարակելու եւ զանոնք եկեղեցւոյ եւ ազգին համար պատրաստելու։ Այդ պատճառով որ ան ճիգ չէ խնայած ժոդովուրդը դէպի հոգիի ու մտքի լուսաւորում առաջնորդելու։ Կրթական բոլոր ձեռնարկներուն մասնակցած՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս ալ քաջալերած է։ Գործնական մարդ եղած է։ Անձնական նուիրատուութեամբ, հայկական վարժարաններուն մէջ մէկէ աւելի աղքատ ուսանողներ պահած է, որպէսզի նիւթականի պատճառով չղրկուին տարրական ուսումէն։
Այսպէս, ան իր եկեղեցասիրութիւնն ու դպրոցասիրութիւնը արտայայտած է բանիւ, գործով կեանքով ու նիւթական զոհողութեամբ։
Բարեգործութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր նկարագրին մէջ շեշտուած են բարեսիրութիւնն ու բարեգործութիւնը, որոնք իր հոգին առաւել գեղեցկացուցած են։ Ճիշդ է, որ այս բոլորը արդիւնքն են կրօնական դաստիարակութեան, սակայն մանկութեան ճաշակած զրկանքն ու չքաւորութիւնը պատճառ եղած են իր մէջ կրկնապատկելու այս գեղեցիկ առաքինութիւնները եւ իր մէջ զարգացնելու՝ տալու առաքինութիւնը, այնքան որ, ժամանակ ընթացքին, ան եղած է ոչ միայն բարեսէր ու բարեգործ, այլեւ առատաձեռն ու բարերար։
Ուսուցիչ եղած ատեն արդէն յարգելի անձ մը եղած է, իսկ քահանայ ձեռնադրուելէ ետք՝ աոաւել սիրուած ու յարգուած կրօնական մը։ ժոդովուրդը իր պարկեշտ ու նուիրեալ հոգեւորականը վարձատրած է։ Տարիներու ծառայութեամբ կրցած է ունենալ նիւթական բարւոք վիճակ մը։ Մանչ զաւակով մը բախտաւորուած չըլլալր գուցէ զինք մղած է աւելի կապուելու ազգին երեխաներուն եւ ուսումնատենչ աշակերտները քաջալերելու, որպէսզի բարձրագոյն ուսում ստանան։
Եկեղացական մըն էր, որ կը սիրէր խօսքը գործի վիրածել։ Չէ քարոզած միայն «լաւ է տալն քան զառնուլ...» այլ՝ ինք նախ տուած է։ Ազգօգուտ բոլոր հանգանակութիւններուն ու ձեռնարկներուն առաջին կարգի նուիրատուներէն է եղած։ Իրեն համար նիւթական նուիրատուութիւն կատարելր առիթ չէր երբեք փառաւորուելու, այլ՝ սրտի պարտք ու հոգեկան րաւարարութիւն զգալու։ Տալով՝ ուրիշներր կ'երջանկացնէր եւ իր ուրախութիւնը ուրիշներր երջանկացնելուն մէջ էր։ Իսկ տալու առաքինութեան պատճառած երջանկութիւնը գիտեն ու կը զգան անոնք միայն, որոնք սնած ու մեծցած են կրօնական ու բարոյական արժէքներու կաթով։
Իրրեւ հոգեւոր հայր, մօտէն Հետաքրքրուած է ագքատ ընտանիքներու վիճակով։ Անձնական գործի մը ձեռնարկելու եւ ընտանիքին ապրուստը կարենալ ապաՀովելու Համար, յաճախ փոխատւութիւններ ըրած է անոնց։ Ոմանք յաջողած են իրենց վիճակը բարելաւել։ Շատեր չեն վերադարձուցած փոխ տրուած գումարը, սակայն ինք առանց նիւթական կորուստին պատճառած վիշտը նկատի առնելռւ եւ յռւսահատելռւ, շարռւնակած է նիւթական օգնութիւն կատարել աղքատ ընտանիքի տէր մարդոց, որպէսզի իրենց զաւակներուն կարիքները ապահովեն։
Եկեղեցական մր, որուն համար նիւթն ու նիւթականը երկրորդական եղած են։ Աչքը կուշտ, առատաձեռն ու բարեսէր մարդ է եղած։ Նիւթը միջոց է ապրելու եւ ապրեցնելու կարօտեալները։ Իրեն համար մնալուն հարստութիւնը հոգեւոր արժէքներն են եղած։ Այդ իսկ պատճառով հետամուտ եղած է կրօնական ու աննիւթական գանձերուն։ Նիւթականը գոհած է աննիւթականին հասնելու համար։ Աւետարանի հետեւողութեամբ՝ իր ունեցած նիւթական, բարոյական ու մտային հարստութիւնը բաշխած է երկնային ու յաւերժական գանձերուն արժանանալու համար։
Եկեղեցւոյ, դպրոցին ու չքաւորին առընթեր, բաժին հանած է իր ունեցածէն նաեւ հայ գիրին ու մշակոյթին։ Նիւթապէս քաջալերած է եւ երբեմն ալ մեկենասը եղած է գիրքի հրատարակութեան։ Կարծէք, որքան տուած է, Աստուած կրկնապատկուած վերադարձուցած է իրեն։ Տալով ունեցածը՝ փոխան պակսելու աւելցած է։ Ան իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ շինարարական ձեոնարկներուն։
Իր գործակիցներէն՝ Տ. Գարեգին Ա. քհնյ. Պօգարեան տուած է հետեւեալ վկյաութիւնր Տ. Մովսէսի մասին։
–«Հաւատքով ու գործքով խնկելի, վարքով ու բարքով օրինակելէ եւ ժողովրդանուէր մշակ մր սիրելի։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»։
Ան իր ետին կը թողու երկար տարիներու ուսուցչութեան, քառասուն եւ երկու տարիներու քահանայութեան վաստակ, ինչպէս նաեւ եկեղեցասէրի, ուսումնասէրի, դպրոցասէրի, աղքատասէրի, բեմբասացի, քարողիչի ու առատաձեոն քահանայէ մր օրինակելէ յիշատակը[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ էջ97։