Մոսկուայի Թանգարան

Մոսկուայի Թանգարան
Տեսակ ճարտարապետական անսամբլ? եւ Թանգարան
Երկիր  Ռուսիա
Տեղագրութիւն Մոսկուա
Վայր Ռուսիա
Հիմնադրուած է 1896
55°44′12″N 37°35′31″E / 55.736672°N 37.591856°E / 55.736672; 37.591856
Քարտէս
Քարտէս

Մոսկուայի թանգարան (անգլ.՝ Museum of Moscow), Ռուսաստանի Մոսկուա քաղաքի ամենահին թանգարաններէն։ Անոր հաւաքածոն ստեղծուած է 1896-ին Ռուսաստանի գիտական համայնքի նախաձեռնութեամբ։ Մոսկուայի քաղաքային տուման թանգարանին ցուցանմուշներու մեծ հաւաքածոյ նուիրած է։ 20-րդ դարուն թանգարանը քանի մը անգամ փոխած է իր անունը ու գտնուելու վայրը։ 1921-ին թանգարանը սկսած է կոչուիլ Մոսկուայի քաղաքային թանգարան եւ գտնուած է Սուխարեւի Աշտարակին մէջ։ 1940-ին վերանուանուած է Մոսկուայի պատմութեան եւ մշակոյթի թանգարան[1]։1987-ին թանգարանը ստացած է իր ներկայի անուանումը։

Թանգարանը իր պատմութեան ընթացքին ձեռք բերած է աւելի քան մէկ միլիոն ցուցանմուշներ, որոնք կ՚արտացոլեն քաղաքի կեանքը իր ողջ պատմութեան ընթացքին՝ սկսած Մոսկուայի հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ այսօր։ Այս հաւաքածոն կը պարունակէ հնագիտական գտածոներ, աշխատանքային հնագոյն գործիքներ, ոսկերչական զարդեր, պրոնզէ եւ քարէ իրեր Մոսկուայի պատմութեան հնագոյն ժամանակաշրջաններէն։ Կայ նաեւ քարտէզներու եւ նախագծերու ժողովածոյ, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս քաղաքը տարեցտարի կ՚աճի։ Մեծ թիւով լուսանկարներ կը պատկերեն 19-րդ դարու կէսերէն մինչեւ օրս Մոսկուայի կարեւոր իրադարձութիւնները, տօնակատարութիւնները եւ իրադարձութիւնները։

Թանգարանին մէջ առկայ են զգեստներ, աքսեսուարներ, կահոյք եւ այլ ամէնօրեայ իրեր, որոնք պատրաստուած են տաղանդաւոր ռուս եւ եւրոպական վարպետներու կողմէ։

Թանգարանի ցուցահանդէսը տեղակայուած էր Քրեստովսկիի աշտարակներէն մէկուն մէջ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Г. В. Андреевский Повседневная жизнь Москвы в сталинскую эпоху, 1930-1940-е годы - М. : Мол. гвардия, 2003. 5-235-02528-8 978-5-235-02528-8.

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]