Jump to content

Մշոյ Առաքելոց Վանքի Կռիւը

Մշոյ Առաքելոց Վանք, Մշոյ Առաքելոց Վանքի կռիւը կը սկսի Նոյեմբեր, 1901 թուականին[1], որ 21 օրեայ հայդուկային ռազմագործողութիւն էր իբր բողոք թրքական կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ։ Խումբերուն գլխաւոր ղեկավարներն էին Զօրավար Անդրանիկ եւ Գէորգ Չաւուշ։

1901 թուականին, Հայ ժողովուրդի կացութիւնը ծանր էր։ Սովորական երեւոյթ դառձած էր գողնալը, մարդասպանութիւնը եւ ամէն տեսակի բռնութիւնը։ Թրքական զօրքերն ալ տեղաւորուած էին Մշոյ Դաշտի բազմաթիւ գիւղերուն մէջ։ Մշեցի Ֆետայի Կոտոյի Հաճի ծրագրած էր քանի մը ծրագիրներ ինքնապաշտպանութեան եւ անոր շարքին կ՚ըլլայ Առաքելոց Վանքի գրաւման ծրագիրը։

Ֆետայիները պիտի պաշարէին Առաքելոց Վանքը եւ բերդին պարիսպներուն ետեւէն կռիւ պիտի մղէին։ Վանքին մէջ պաշարուելով այդ յոյսով էին որ Հայ ժողովուրդը պիտի սթափի եւ դիմադրականութիւն ցոյց պիտի տան։ Կռիւները նոյն ժամանակ ուշադրութիւն պիտի գրաւէին Օսմանական եւ Եւրոպական պետութիւններէն Հայութեան պահանջներուն շուրջ։

25 Ֆետայիներ, Նոյեմբերի սկիզբը Անդրանիկ Փաշայի եւ Գէորգ Չաւուշի առաջնորդութեամբ կ՚իջնեն Սասունէն եւ Կոտոյ Հաճին ալ Մուշէն քանի մը ընկերներով եւ զինամթերքով կը հասնին վանք։ Մուրատի, Էլոյի եւ Խուշոյի ղեկավարութեամբ խումբ մըն ալ Ֆետայիներ կը հասնին Ցրօնքէն իրենց հետ բերելով վառօդ եւ ուտելիք։ Այսպէս, թիւը կը հասնի 60 մարտիկներուն եւ միաբաններ եւ 40-50-ի չափ որբ երեխաններ։ Ֆետայիները կը փակեն դրները եւ քարեր կը շարեն։ Դիրքերու բաժնուելէ ետք կը որոշուի որ կռիւին ղեկավարութիւնը պիտի ստանձնէ Անդրակին ու Գէորգը։

Թուռք Կառավարութիւնը կը գիտնայ որ Ֆետայիները պաշարուած էին վանքին մէջ, եւ կ՚որոշէ զօրք ղրկել։ Սակայն, դժուար կ՚ըլլայ Թրքական կառարութեամ համար վանքին գրաւումը եւ անոնք Առաջնորդարանին միջոցով Ֆետայիներուն կ՚առաջարկուի որ «խաղաղութեամբ դուրս ելլեն»։ Անոնք կը շարունակէն զգուշացնելով թէ եթէ պիտի չ՚ելլեն, գոնէ դուրս հանէին որբերը որովհետե անոնք անխնայ վճռած էին դուրս քշել «ըմբոստները»։ Ֆետայիները կը մերժէն բոլոր առաջարկները։

Ֆերիք Մոհամմէտ Ալի Փաշան կը ստանձնէ զօրքին հրամանատարութիւնը եւ պաշարման կ՚ենթարկէ վանքը։ Իսկ գիւղերուն մէջ եւ վանքի մօտակայ բլուրները կը սկսին լեցուելու թուրք զինուորներով որոնք կը շինէն յատուկ տնակներ ձմրան ցուրտէն պաշտպանուելու համար։ 200-1000 քայլ հեռաւորութեան վրայ թուրք զինուորները կը կազմէն շղթայ մը եւ գիշեր ցերեկ վանքին վրայ կը յարձակին։ Երկու անգամ ալ թուրք հրամանատարը կ՚առաջարկէ ֆետայիներուն որպէսզի անձնատուր ըլլան։

11-րդ օրը, թուրք ոստիկանապետերը, հայ եկեղեցւոյ Առաջնորդներուն հետ միասին կը փորձեն բանակցութիւններ վարել Ֆետայիներուն հետ։ Կառավարութիւնը կ՚ուզէ վերջ տալ կռիւին եւ կը պատրաստուէր որոշ զիջումներ կատարել։ Սակայն, Ֆետայիները կը ներկայացնեն հետեւեալ պահանջները․

  • Ազատ արձակել հայ քաղաքական բանտարկեալները։
  • Պատժել Սպաղանքը, Հեթինքը, Շուշնամերիկը եւ միւս գիւղերը աւերողներն ու կոտորողները, ինչպէս նաեւ հատուցում տալ վնասուած գիւղերուն։
  • Բարելաւել տուրքերու դրութիւնը։
  • Հատուցում վճարել Մշոյ դաշտի անմեղ զոհերու ընտանիքներուն եւ պատժել ոճրագործները։

Ֆետայիները կը պահանջեն որ բոլորը կատարուին եւ թուղթը ստորագրուի որպէսզի վանքէն դուրս գան։ Ութ օր ետք Ֆետայիները կը ստանան հեռագիրներ որուն մէջ նորէն կ՚առաջարկուի որ իրենք անձնատուր ըլլան։ Անոնք կը խոստանան ներում եւ պահանջներու գոհացում։ Սակայն, Ֆետայիները կ՚ուզեն դարձեալ բանակցիլ որովհետեւ անոնք կը հասկնային կառավարութեան խաղը (որ կը միտէր զիրենք խաբելու եւ ձերբակալելու)։ Միաժամանակ, Ֆետայիները կը սկսին ծածուկ ձեւով կը փնտռեն վանքէն դուրս գալու միջոցներ։

Հին Ֆետայի, Ուրաղայ Արթին երբ կը լսէ թէ Վանքը պաշարուած է, կը որոշէ հին ընկերներով երթալ վանք։ Թշնամիի զօրքին օղակը կը յաջողի կտրել եւ հասնիլ մինջեւ վանքին առջեւները։ Սակայն կը նկատուի զօրքին կողմէ եւ զինուորները կը սկսին կրակել իրենց վրայ։ Արթին ը վիրաւորուած կը հասնի վանքին դրան մօտ եւ կը հասկցնելով իրենց ինքնութիւնը կը մտնեն ներս։ Նոր տղաքէն, Ղազար իսկոյն կը մահանայ եւ վիրաւոր Արթին քանի մը շաբաթ ապրելէ ետք կը մահանայ։

Ֆետայիները պաշարման 21-րդ օրը, այդ սաստիկ ձմրան կ՚որոշէն դուրս ելլել։ Անոնք կը խնդրեն միաբաններէն եւ որբերէն որ չհետեւին իրենց։

Ֆետայիները հագուելով ճերմակ շապիկներ Գէորգ Չաւուշին հետեւելով դուրս կ՚ելլէն։ Առաջին պահակը վախէն լուռ կը մնայ իսկ յաջորդ զինուորներուն կ՚ըսուի թէ կ՚առաջնորդուին դէպի դիրքերը։ Սակայն, երբ կը հասնին այլ պահակներու իրենց խաղը կը բացայայտուի եւ Թուրքերը «Ֆետայիներն» են ըսելով կը սկսին կրակելու իրենց վրայ։ Բայց արդէն ֆետայիները վտանգաւոր դիրքերը անցած էին։ Քամին եւ բուքը կը խանգարէ զօրքին հետապնդումը, ֆետայիները անպատասխան կը ձգեն զօրքի համազարկերը, եւ կ՚ընթանան առաջ դէպի Կուրդիքի գլուխը։ Այն նահանջի գործողութեան ընթացքին ֆետայիները կ՚ունենան միայն մէկ զոհ։

Յաջորդ առտուն Թուրք զօրքը կը նկատէ թէ վանքի դուռերը բաց են եւ ներսը ֆետայի չկայ։ Ֆերիք Մոհամմէտ Ալի Փաշան հոն միայն կը գտնէ երեխաններն ու վարդապետները եւ ամօթահար կ՚ըլլայ։

20-օրեայ այս կռիւներուն կը նահատակուին 3 ֆետայիներ, իսկ թուրքեր կու տան 6-7 զոհեր եւ անոնցմէ շատել հետագային ցուրտէն հիւանդանալով կը մեռնին։

Այդ երեք շաբթուան դիմադրութիւնը քարոզչական աղմուկ կը բարձրացնէ եւ երկրի հայութեան ուշադրութիւնը կը գրաւէ ու սիրտ կը ներշնչէ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]