Հայ Մշակութային առաջընթացը 1875-էն ետք

Մշակութային Առաջնթացը, ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, մշակութային առաջընթացը կը շարունակուի սակայն – կարծես իբր ինքնահաստատումի եւ փրկութեան երկրորդ ճամբայ․․․,

Մամուլի դերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մամուլը կ'ունենայ քանակական եւ որակական զգալի աճ։ Թիֆլիս, 1872-ին, Գր․ Արծրունիի «Մշակ»ի հրատարակումը իւրայատուկ թուական մըն է, մանաւանդ Րաֆֆիի յայտնաբերումով։ երկրորդ գիծի թերթերն են՝ «Արձագանգ»ն ու «Նոր դար»ը, եւ իբր պարբերաթերթ՝ «Փորձ»ը։

Պոլսոյ ճակատին վրայ, մտայնութիւնները յեղափոխող թերթեր են Յ․ Սվաճեանի «Մեղու»ն, որ յետոյ պիտի անցնի Յ․Պարոնեանին, այս վերջինին «Թատրոն»ն ու «խիկար»ը․ Իզմիրի մէջ երկարատեւ գոյութիւն մը կը վարէ «Արեւելեան Մամուլ»ը։

1880-ական տարիներուն, ճամբայ պիտի ելլեն «Արեւելք»ի պէս թերթեր․ բայց անոնք նոր շարժումի մը մեկնակէտը պիտի նշեն ուղղակի։

Հրապարակագրութիւն

Հրատարակութիւններու քանակէն աւելի եւս՝ յեղափոխական է հրապարակագրութեան որակը, իբր բովանդակութիւն եւ իբր ոճ։ Գրական գործերու կողքին՝ մամուլի մէջ լոյս կը տեսնեն գրական տեսական եւ ընկերա-փիլիսոփայական լուրջ յօդուածներ կը յայտնաբերուին կամ կը շարունակեն գրել բազմաթիւ հրապարակագիրներ՝ լուրջ կազմաւորման եւ աշխարհահայեացքի տէր։ Բանասիրութիւնն ու հայագիտութիւնը նոյնպէս կը յառաջդիմեն․

Մշակութային մարզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի հայրենագիտական հսկայ գործը առաւելաբար ալս տարիներու պտուղ է։ Թափ կ'առնէ նաեւ մխիթարեաններու վիեննական ճիւղին գործունէութիւնը։

Նորութիւն է միւս արուեստնէրէն երաժշտութեան ու նկարչութեան յարաճուն ծաղկումը։ Թատրոնի զարգացումը անհաւասար է։70ական տարիներուն Պոլսոյ սիրողական խումբերը մեծ կենսունակութիւն կը ցուցաբերեն, մինչ թիֆլիս՝ կարեւոր է Գ. Սունդուկեանի գործերու բեմադրումը, մանաւանդ «Պեպոյ»ի։ 1880-ի շուրջ, քաղաքական ճնշումները արագօրէն պիտի քայքայեն Պոլսոյ թատրոնը։ Ամբողջ խումբ մը օժտուած դերասաններ (Ադամեան, Սիրանուշ, Աստղիկ) պիտի ստիպուին անցնիլ Կովկաս, ուր հայկականին հետ՝ անոնցմէ ոմանք պիտի գրաւեն ռուսական ու եւրոպական բեմեր։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Կեանք Եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 48: