Մշակոյթ (հանդէս, Դամասկոս)
Արտաքին տեսք
«Մշակոյթ», արուեստի եւ գրականութեան պարբերագիրք։ Լոյս տեսած է 1967, 1970 թուականին (ընդամէնը՝ 5 գիրք), Դամասկոսի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Ա․ Նաճարեան։ Սփիւռքահայութեան առաջնահերթ խնդիրը համարած է ազգապահպանումն ու կապերու ամրապնդումը Խորհրդային Հայաստանի հետ։ Ներկայացուցած է սփիւռքի ստեղծագործողներուն, հայ սովետական գրողներուն ու արուեստագէտներուն։ Տեղ յատկացուցած է արաբական գրականութեան։ «Մշակոյթ»-ը անդրադարձած է Սովետական Հայաստանի 50-ամեակի տօնակատարութիւններուն, անոր կէսդարեայ յաջողութիւններուն։