Մկրտիչ Ա. Քհնյ. Մուրատեան

Մկրտիչ Ա. Քհնյ. Մուրատեան
Ծնած է 1881
Ծննդավայր Սասունի Գոմք գիւղին մէջ
Մահացած է 1970
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Աշխատավայր Քահանայ
Ամուսին Վարդուհի Աճեմեան
Ծնողներ Մուրատ եւ Մարի
Երեխաներ

Զապէլ, Վազգէն, Վազգէն բ.,

Մատլէն, Գեղամ, Եդուարդ

Տ. Մկրտիչ Ա. Քհնյ. Մուրատեան (ծնած է 1881 Սասունի Գոմք Գիւղի մէջ- մեռած է 1970)

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մուրատի եւ Մարիի որդին՝ ՄԻքայէլ, լոյս աշխարհ եկած է սասոնցի ծնողքէն, Սասունի Գոմք գիւղին մէջ, 1881-ին։

1893-ին Համիտեան ջարդերուն պատճառով, ուսումը կ'ընդատուի։

Այս դժուար պայմաններու մէջ, Միքայէլ վերադարձած է իր ծննրավայրը, ուր քանի մը ամիսներ մնալէ ետք, վերջնականապէս որոշած է Հալէպ գաղթել։

Իբրեւ աշակերտ ընդունուած Հալէպի Ներսէսեան Վարժարանը (այժմ Հայկազեան), որուն ուսման Հնգամեայ շրջանը օրինաւորապէս աւարտելէ ետք, ստացած է Համապատասխան վկայական 1901-ին։

Յաջորդ տարին, ան ուսուցչական պաշտօնի կոչուած է նոյն վարժարանին մէջ։ Եւ իբրեւ սիրուած կրթական մշակ, ան իննը տարիներ անընդհատ պաշտօնավարած է այդ դպրոցին մէջ, դասաւանդելով կրոն, Հայերէն լեզու եւ այլ նիւթեր։

Ան իր կեանքին ընկերը ընտրած է իր պաշտօնից ուսուցչուհին՝ Աճէմեան Մովսէսի եւ Աննայի դուստր Վարդուհին, որուն հետ պսակուած է Հալէպի մէջ, 1908-ին։ Ունեցած է վեց զաւակներ՝ Զապէլ, Վազգէն, Վազգէն բ., Մատլէն, Գեղամ եւ Եդուարդ։

Մեծ Հօրմէն ստացած քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եւ ուսանած վանքերուն կրօնաբոյր մթնոլորտը կազմաւորած ու ձեւաւորուած էին իր նկարագիրը եւ ներաաշխարհը լեցուած՝ խունկով, շարանակով, աղօթքով, աւետարանով ու եկեղեցական արժէքներով։

Տէր Մկրտիչ Հոգեւոր Հովիւ նշանակուած է Ս. Քառասնից Մանկաց Եկեղեցւոյ սասունցի ընտանիքներուն։

Տարիներ ետք, իբրեւ փարձառու քահանայ, ան կոչուած է ազգային-ժողովական կեանքի։

Երկա՜ր տարիներ անդամ եղած է Գաւառական եւ Կրօնական Ժողովներուն։ Իսկ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ՝ լուսահոգի Տ. Յարութիւն քհնյ. Եսայեանի վախճանումէն ետք, Տէր Մկրտիչ կոչուած է թոխանորդութեան պաշտօնին, զոր երկա՜ր տարիներ ձեռնհասօրէն վարած է եւ իր վարչական հարուստ փորձառութեամբ օգտակար դարձած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդներուն։

Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր յօդուածները լոյս տեսած են «Արեւելք» օրաթերթին, «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի» գիրքին, «Տարօն Տարեգիրք»ի, «Սուրիահայ Տարեգիրք»ի եւ այլ Հայկական պարբերականներու մէջ։ Ունի շատ փոքրածաւալ աշխատութիւն մը «Հայոց դարձն Ի Քրիստոնէութիւն» խորագրով։

Տարիներու իր բարւոք ծառայութեան եւ անխոնջ աշխատանքին համար, ան պարգեւատրուած է Լանջախաչով, Ծաղկեայ փիլոնով եւ Աւագութեան տիտղոսով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսէն։

Մահացած[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դժբախտաբար, այս բազմավաստակ քահանան իր կեանքի վերջալոյսին կորսնցուց յիշողութիւնը եւ յետ կարճատեւ հիւանդութեան վախճանեցաւ Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 1970-ին։

Վերջին օծումն ու թաղման կարգը տեցի ունեցաւ Բերիոյ Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Տ. Տաթեւ Վրդ. Սարգիսեանի ձեռամբ, Հինգշաբթի 13 Օգոստոսի, Ս. Քառասնից Մանկաց Եկեղեցւոյ մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ էջ 114-115-116-117-118-119-120-121։