Jump to content

Միտք (թերթ)

«Միտք», ազգային, հասարակական, գրական եւ քաղաքական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 19121917 թուականներուն, Թաւրիզի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Ա․ Տէր-Վարդանեան։ Ներկայացուցած է իրանահայ գաղութի ներքին կեանքը։ Անդրադարձած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ճակատագրին, ծանօթացուցած պատմութեան։ Հասարակական-քաղաքական բնոյթի յօդուածներու մէկ մասը տպագրած է ռուսերէն։ Շաբաթաթերթի գրական բաժնին մէջ տեղ գտած են իրանահայ գրողներու ստեղծագործութիւնները, գրախօսականներ, լուրեր մշակութային կեանքէն։ Ունեցած է նաեւ յաւելուած։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։