Jump to content

Միջինք

Միջինքը Մեծ Պահքի 24-րդ օրն է, որ չորրորդ շաբթուան Չորեքշաբթի օրուան կը զուգադիպի[1]: Այս օրը երկարատեւ պահքի շրջանին կէսը նուաճած ըլլալու աւետումն է, որ աւանդականօրէն նշուած է իբրեւ Պահքի ճաշով ընկերային պահ մը վայելելու յատուկ առիթ մը։

Պահքը ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչումի հրաւիրող առիթ է:

Անիկա եկեղեցական տօնացոյցին մէջ իբրեւ տօն չէ նշուած, սակայն հայկական աւանդական կենցաղին մէջ շատ տարածուած է: Հաւատացեալներ միջինքին փառք կու տան Աստուծոյ, որ արժանացած են հասնելու Մեծ պահոց ապաշխարութեան շրջանի կէսին եւ իրենց աղօթքներով կարողութիւն կը հայցեն Աստուծմէ` ապաշխարութեան մնացեալ օրերը լաւագոյնս արժեւորելու համար: Իսկ անոնք, որոնք տակաւին նկատի չեն ունեցած ապաշխարութեան շրջանը, անոնց համար եւս միջինքը ունի իր բարերար թելադրութիւնը, որովհետեւ կրկին կը յիշեցնէ, թէ Մեծ պահոց մնացեալ կէսը դարձեալ առիթ է հոգեւոր վարժութիւններու` ծոմապահութեան, պահեցողութեան եւ աղօթքի, որոնց միջոցով կարելի է վերանորոգուիլ մկրտութեան ուխտին մէջ, զօրանալ հաւատքով եւ մխիթարուիլ փրկութեան յոյսով:

Աւանդութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ պահքի ընթացքը քիչ մը մեղմելու համար հայոց կենցաղին մէջ ընդունուած էր Միջինքի ծէսը։ Այդ օրը տանտիրուհիները կը պատրաստէին միջինքի բաղարջ հացը, որ ծանօթ էր նաեւ «Միջունք», «միջնաբաղջ», «կլոճ», «միջնակ լոճ» եւ այլ անուանումներով։ Բաղարջին մէջ կը պահուէր մանր երկաթեայ դրամ մը: Անիկա կ'ունենար կլոր կամ ուռուցիկ ձեւ եւ կը պատրաստուէր ձէթով, մեղրով, ընկոյզով եւ քիշմիշով: Անցեալին, Միջինքի բաղարջը կը թխէին հաւաքաբար: Ամէն մարդ կը բերէր իրեն բաժին ինկած բաղադրութիւնները, միասին կը շաղէին խմորը, միասին կը թխէին եւ միասին ալ կ’ուտէին:

Հետաքրքրական է Միջինքը կտրելու ծէսը․ երեկոյեան տան աւագը բաղարջ հացը կը դնէր տան ամէնէն փոքր անդամին մէջքին եւ կը կտրէր։ Ապա հաւասար բաժին կը հանուէր ինչպէս տան բոլոր անդամներուն, այնպէս ալ ընտանի անասուններուն եւ հողին։ Որուն որ բաժինէն երկաթեայ դրամը դուրս գար, այդ տարուան ընթացքին անոր յաջողութիւնը ապահով կը համարուէր։

Հին Ջուղայի մէջ կը հաւատային, որ եթէ բաղարջը կտրելու ատեն, նշանը դպչէր դանակին, ընտանիքին ապրուստի աղբիւրը հողը պիտի ըլլար. դանակը կը նոյնանար գութանի խոփին հետ։ Այժմ տարածուած պատկերացման համաձայն` նմանատիպ պարագային յաջողութիւնը կը վերագրուի  ընտանիքի բոլոր անդամներուն[2]։

Այդ օր ամէն տան մէջ կը պատրաստուի Միջինքի միջով գնդիկ (քէօֆթէ), որ կ'ըլլայ նաեւ կէսօրուան ճաշը[3]։ Սովորութիւն էր նաեւ պահքի կարկանդակ թխելը, որուն մէջ կը դնէին նաեւ փոքրիկ թղթիկներու վրայ գրուած սաղմոսներ: Միջինքին սովորութիւն է նաեւ թխել «Թահինով Հաց», որ պատրաստուած կ’ըլլայ շիրիկէ (թահին), շաքարէ եւ փոշի կասիայէ: Միջինքի Չորեքշաբթի երեկոյեան, եկեղեցւոյ ջուրով եւ ձէթով լի մեծ կանթեղ մը կը դրուէր եւ կը կոչուէր «լիճք», որու մէջ եղէգնեայ խաչ մը կը դրուէր, մէջտեղը՝ պատրոյգ մը կը վառէր մինչեւ լոյս: Առաւօտուն այդ ջուրը կը բաժնուէր գիւղի տուներուն, որ խառնելով խմորին մէջ շինէին նոյն օրուան բաղարջը:

Միջինքի սովորութիւններէն էր նաեւ հարսնցուին նուէրներ ստանալը փեսացուին ընտանիքէն: Հարսնցուին ընտանիքը Մեծ Պահքի ուտելիքներով յատուկ ճաշասեղան մը կը պատրաստէր փեսացուին հարազատներուն համար: Այս հաւաքոյթը յատուկ էր կիներու: Տեղի կ’ունենային խաղեր, պարեր եւ զուարճախօսութիւններ: Նշեալ աւանդութիւնը տակաւին կը պահպանուի մեծ թիւով հայ ընտանիքներու մօտ:

Միջինքին պահքը չեն լուծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջինքի օրը պահքը չի լուծուիր, այլ կը պահուի նոյն խստութեամբ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]