Միհրան Թապագեան

Միհրան Թապագեան
Ծնած է 1878
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Ատապազար, Թուրքիա
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ, գրագէտ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Միհրան Թապագեան (1878 - 1915, Ատապազար, Թուրքիա, Մեծ Եղեռնի զոհ), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին մէջ, ապա կը փոխադրուի Արմաշ, ուր մուտք կը գործէ ուսուցչական ասպարէզ։ Պաշտօնավարած է Դպրեվանքի, Օրթաքէօյի, Պալաթի եւ այլ վարժարաններու մէջ։ Աշխատակցած է պոլսահայ բազմաթիւ թերթերու։

Երկերն են՝ «Հանդէս հայ եւ ընդհանուր գրականութեան», «Գանձ ոսկեղէն դպրութեան», «Ատանայի ծննդեան ծառը», «Հայոց գիրերու գիւտը»։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]