Jump to content

Միհրան Այվազեան

Միհրան Այվազեան, այնթապցի ելեկտրական ճարտարագետ։

Ծնած է Այնթապ։ Ուսումը ստացած է Ադենական Վարժարանի մէջ։ 1910-ին, Ամերիկա գաղթած է։ Սփրինկֆիլտ Մէս-ի մէջ հետեւած է Ամերիկեան «Հայ Սքուլ»ի դասընթացքին։

Աւարտած է ելեկտրական մեքենագիտական ու շինարարական ճարտարապետութեան ճիւղը։

Մասնագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ աւարտած է ելեկտրական մեքենագիտական ու

շինարարական ճարտարապետութեան ճիւղը։

Պոսթոնի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ աշխատած է բազմաթիւ ճարտարապետական ընկերութիւններու մօտ։

Պաշտօնավարած է «Մօրլէնտ Էնճինիրինկ Ֆըրմ»-ի մէջ, որպէս ելեկտրականութեան ճարտարագէտ։

Անդամ եղած է «Ամերիքըն ինսթիթիւր աֆ էլէքթրիքըլ էնճինիրինկ»-ի։

Այնթապէն ծնունդ առած Միհրան Այվազեանը Մէսէչուսէցի մէջ արձանագրուած է իբրեւ ճարտարագիտութեան մասնագէտ։