Մեծ Պահքի Կիրակիներ
Մեծ Պահքի Կիրակիներ, Մեծ պահքի շրջան, ուր իւրաքանչիւր Կիրակի ունի իր խորհուրդը եւ բոլորը միասին կը ներկայացնեն Եդեմական պարտէզէն մինչեւ Գողգոթա տանող ճանապարհը: Մեծ Պահքը ունի եօթ Կիրակի՝ Բուն Բարեկենդան, Արտաքսման, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ[1]:
Մեծ Պահքի Կիրակիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բուն Բարեկենդան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ պահքի առաջին կիրակին կը կոչուի Բուն Բարեկենդան: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ համաձայն, բոլոր պահքերու նախընթաց օրը, բացի Ծննդեան պահքէն, Կիրակի կ'ըլլայ եւ կը կոչուի Բարեկենդան: Մեծ Պահքի նախընթաց օրը կը կոչուի Մեծ կամ Բուն Բարեկենդան[2]: Բուն Բարեկենդանը յիշատակն է մարդու երջանկութեան, որ դրախտին մէջ կը վայելէին Ադամն ու Եւան: Այն նաեւ օրինակն է դրախտային կեանքին, ուր մարդուն արտօնուած էր ճաշակել բոլոր պտուղներէն, բացի բարիի եւ չարի գիտութեան ծառի պտուղէն եւ այս մէկը պահքի խորհրդանիշն է: Բարեկենդանը նաեւ առաքինութիւններու արտայայտութիւն է: Այդ օրը մարդիկ կը փոխակերպուին սուգէն՝ ուրախութեան, չարչարանքէն՝ խաղաղութեան: Մեծ Պահքի քառասնօրեայ պահեցողութեամբ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հոգիի խոնարհութեամբ, զղջումով եւ ապաշխարութեամբ կը պատրաստուի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին [3]:
Արտաքսման Կիրակի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ Պահքի երկրորդ Կիրակին կը կոչուի Արտաքսման Կիրակի: Օրուան Խորհրդին եւ անուան մասին Աստվածաշունչ մատեանի Ծննդոց Գիրքին մէջ գրուած է. «Ուստի Տէր Աստուած Եդեմի պարտէզէն դուրս ըրաւ զանիկա, որպէսզի երկիրը մշակէ, ուրկէ առնուեցաւ» (Ծն 3.23)[4]: Արտաքսման Կիրակին կը յիշեցնէ անհնազանդութեան պատճառով Ադամի Դրախտէն արտաքսումը, ինչպէս նաեւ մեղքի ու մահուան դառնութեան ճաշակման մասին: Օրուան շարականը այդ դրուագի եղերերգութիւնն է:
Որ զօրէնս սրբութեան պահոց
Նախ ի դրախտին աւանդեցեր, Զոր ոչ պահելով նախաստեղծիցն` Ճաշակմամբ պտղոյն ճաշակեցին Զդառնութիւն մեղաց եւ մահու: Վասն որոյ շնորհեա մեզ, Տէր, ճաշակել Զքաղցրութիւն Քոց պատուիրանաց: Որ զանազան վիրօք մեղաց Հարաք յոգիս ի թշնամւոյն Եւ ի բազմապատիկ հիւանդութեանս Կարօտացաք Մարդասիրիդ Բառնալոյ զցաւս մեր: Վասն որոյ բժշկեա զմեզ, Քրիստոս, Որպէս մարդասէր[2]: |
Նախապատմութիւնը հետեւեալն է. մարդը (Ադամ) ունկնդիր ըլլալով Սատանայի խաբեբայական խօսքերուն, պատուիրանազանց գտնուելով` համտեսեց արգիլուած պտուղէն: Որպէս պատիժ, մարդը անշուշտ, անմիջապէս չմահացաւ, սակայն զրկուեցաւ Աստուծոյ կողմէ շնորհուած անմահութենէն եւ անիծուեցաւ: Այսուհետեւ, մարդը իր քրտինքով պէտք է վաստակէ օրուան հացը եւ կինը պէտք է ցաւով ու տառապանքով զաւակ ունենայ եւ անոր ըսուեցաւ. «...հող էիր դուն ու հող պիտի դառնաս» (Ծն 3.19)
Անառակի Կիրակի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ Պահոց երրորդ Կիրակին կը կոչուի Անառակի Կիրակի: Այս կոչումը քաղուած է նոյն օրուան Ճաշու Աւետարանէն, ուր կը պատմուի անառակ որդիին առակը, որուն մէջ խրատական դասեր գոյութիւն ունին: (Ղկ 15.11-32)
Հարուստ մարդ մը ունէր երկու որդի. օր մը կրտսերը իր հօրմէն կը խնդրէ, որ իր բաժինը տայ: Ստանալով կ՛երթայ հեռու երկիր մը եւ անառակութեամբ կը սպառէ ամբողջ ունեցածը: Շուտով սով կը տիրէ այն կողմը եւ ան մեծ նեղութիւններու կը մատնուի: Դժուարութեան մէջ կը յիշէ իր հօր հարստութիւնը, կ՛որոշէ վերադառնալ պապենական տունը եւ ներողութիւն խնդրել իր ըրածին համար: Երբ տուն կը վերադառնայ, ներողամիտ հայրը կը գրկէ զինք, կը համբուրէ, նոր հագուստ կը հագցնէ եւ ուրախութեան սեղան կը պատրաստէ ըսելով. «Իմ այս զաւակս մեռած էր` ողջնցաւ, կորսուած էր` գտնուեցաւ»:
Այսպէս կ'ըլլան բոլոր այն մեղաւորները, որոնք եթէ քաջութիւն ունենան, անդրադառնան իրենց գործած մեղքին, ապա զղջան եւ ապաշխարեն, այն ժամանակ արժանի կը դառնան երկնաւոր Հօր գթառատ ողորմութեան:
Անառակի Կիրակի օրուան շարականը մեղաւոր հոգիի աղաչանքը կ'արտայայտէ մեղքերէն ձերբազատուելու համար: Կը յիշատակուի նաեւ լոյսի ծնունդ եւ ծագում` Քրիստոսը, որ եկաւ մոլորեալ ոչխարը փնտռելու[5]:
ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ Պահոց չորրորդ Կիրակին կը կոչուի Տնտեսի Կիրակի, համաձայն նոյն օրուան Ճաշու Աւետարանի տնտեսի եւ մեծատան ու աղքատ Ղազարոսի առակին:(Ղկ 16.1-31) Յիսուս իր աշակերտներուն հետեւեալ առակը կը պատմէ.- Մեծահարուստ մարդ մը ունէր բազմաթիւ հողեր ու կալուածներ, որոնց տնտեսութիւնը կը յանձնէ գործակալի մը, որ իր պաշտօնին անունով կը կոչուի տնտես: Տարիներ ետք, գործատէր մեծահարուստը բամբասանքներ եւ շշուկներ կը լսէ տնտեսի անհաւատարմութեան մասին: Մեծահարուստը զինք իր մօտ կը կանչէ եւ կ'ըսէ. «Տուր զհամար տնտեսութեան քո»: «Ի՞նչ են քու մասիդ այս ըսուածները: Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուս հաշիւը տուր: Այլեւս իմ տնտեսս չես կրնար ըլլալ» (Ղկ 16.2): Մարդը ճարահատ կ'երթայ իր հաշիւները փակելու: Բայց առեւտրական ճարպիկութեամբ յաճախորդներու պարտքերուն դիմաց զիջումներ կը կատարէ, նոր կարգադրութիւններով նորոգուած մուրհակներու գումարները պակաս գրել կու տայ եւ այսպիսով դրամի փոխարէն կը շահի շատերու բարեկամութիւնն ու վստահութիւնը: Երբ մեծահարուստը կը լսէ այդ մասին, զայրանալու փոխարէն կը ներէ անիրաւ տնտեսը եւ այլեւս չի լսեր բամբասողներուն խօսքերը:
Առակին իմաստն ու նշանակութիւնը այն է, որ բարեկամներ շահիլը աւելի մեծ արժէք ունի, քան անիրաւ մամոնան` դրամը: Հետեւաբար միշտ պատրաստ վիճակի մէջ պէտք է ըլլանք հաշիւ տալու համար: Իւրաքանչիւր անհատ իր կատարած գործերուն համար օր մը հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ, իր գիտակցութեան եւ խիղճին: Մարդը, այս աշխարհի մէջ, Աստուծոյ կողմէ տնտես նշանակուած է: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ լաւագոյնս տնօրինէ իր գործերը:
Տնտեսի Կիրակի օրուան շարականը կը նկարագրէ, թէ ինչպէս իմանալի վերին աշխարհը ստեղծուեցաւ եւ այնտեղ հրեղէններու պետը տնտես նշանակուեցաւ, ապա տիրապէս ստեղծուեցաւ զգալի երկրորդ աշխարհը եւ դրախտը, ուր տնտես նշանակուեցաւ առաջին մարդը: Շինուեցաւ նաեւ բարձրագոյն եկեղեցին եւ այնտեղ տնտես կարգուեցաւ ճշմարիտ խօսքի քարոզը[6]:
Դատաւորի Կիրակի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ Պահոց հինգերորդ Կիրակին կը կոչուի Դատաւորի Կիրակի: Ճաշու Աւետարանը կը պատմէ դատաւորին առակը, որուն համաձայն անիրաւ դատաւոր մը, որ Աստուծմէ չէր վախնար, անխիղճ վերաբերմունքով ոտնակոխ կ'ընէր օրէնքը եւ կը խլէր ուրիշներուն իրաւունքը: Նկատի ունենալով, որ ինք դատաւոր էր, վերջին խօսքը իրեն կը պատկանէր եւ իրմէ վեր իշխանութիւն չկար, հետեւաբար սանձարձակ կերպով կը տնօրինէր ամէն ինչ: Ան Աստուծոյ չէր հաւատար, խիղճ բնաւ չունէր, հետեւաբար ազատ համարձակ կը տնօրինէր ամէն գործ` ի շահ իրեն:
Օր մը, այրի կին մը դատական գործի մը համար, առանց պաշտպանի կը դիմէ դատաւորին, բայց դատաւորը կ'անտեսէ անոր դատը: Խեղճ այրին ամէն օր կ'երթայ դատաւորին մօտ, սակայն իր խնդրանքը ամէն անգամ կ'անտեսուի: Օր մըն ալ դատաւորը ձանձրացած այրի կնոջ ամէնօրեայ այցելութիւններէն եւ հետապնդումներէն` կ'որոշէ տեսնել այրի կնոջ դատը:
Առակին իմաստն ու նշանակութիւնը այն է, որ կեանքի մէջ պէտք է յարատեւութեամբ հետապնդել արդար իրաւունքը, այն ակնկալութեամբ ու վստահութեամբ, որ օր մը պիտի վերագտնենք կորսուած եւ անտեսուած իրաւունքը:
Դատաւորի Կիրակի օրուան շարականը աղօթքի մասին է: Կը յիշէ, որ Քրիստոսը ճշմարիտ պատուիրան աւանդեց եկեղեցիին, անսահման ժամանակով աղօթելու Աստուծոյ` հոգիով եւ մտքով: Կը յիշէ նաեւ, որ օրէնքի խօսքը գործնականապէս ցոյց տուաւ Քրիստոս, ամբողջ գիշերը աղօթելով Աստուծոյ[7]:
Գալստեան Կիրակի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ Պահոց վեցերորդ Կիրակին կը կոչուի Գալստեան Կիրակի: Այս օրը կը յիշատակուի Քրիստոսի յայտնութեան եւ որպէս Փրկիչ աշխարհ գալու խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը:
Քրիստոս աշխարհ եկաւ փրկելու համար մարդկութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ մարդիկ գիտակցին իրենց ընծայուած այս պարգեւին եւ յատկապէս Գալստեան Կիրակի օրը խորհրդածեն Քրիստոսի գալստեան մասին: Քրիստոս դարձեալ պիտի գայ մեղաւորները դատելու եւ արդարները երկնքի արքայութեան արժանի դարձնելու համար:
Գալստեան Կիրակի օրուան շարականին մէջ կը յիշուի, թէ ինչպէս Փրկիչը Իր գալստեան խորհուրդը նախապէս յայտնեց մարգարէներուն, որոնք ահով լեցուած, օրինակներով խօսեցան, իսկ երբ վերջին տարիները մօտեցան եւ մարգարէները ըսին, թէ ժամանակի լրումին պիտի գաս մեզ փրկելու, Դուն երեւցար մարդկանց մէջ ծառայի կերպարանքով: Վեցերորդ օրը աստուածային կերպարանքիդ նման ստեղծեցիր Ադամը, որ պատուիրանը չպահելու պատճառով մերկացաւ պատմուճանէն, իսկ Դուն, նոր Ադամ, վեցերորդ դարուն այցի եկար կորուսեալին: Դուն անստուեր լոյսի տաճար եւ անմահ բանի առագաստ, որ նախամայր Եւայի տրտմալի անէծքը վերցուցիր, խնդրէ Հօրմէն, որպէս հաշտութեան միջնորդ Միածին որդի, որ խռովութիւնը հեռացնէ եւ խաղաղութիւն հաստատէ[8]:
Ծաղկազարդ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ Պահոց վերջին Կիրակին կը կոչուի Ծաղկազարդ: Ծաղկազարդի Կիրակի օրուան Աւետարանը կը բովանդակէ Քրիստոսի կեանքին առնչուած շարք մը դէպքեր` Ղազարոսի յարութիւնը, Իր հանդիսաւոր մուտքը Երուսաղէմ, ժողովրդական խանդավառ ընդունելութիւնը` «Ովսաննա՜, օրհնութիւն ի բարձունս, օրհնեալ որ գաս յանուն Տեառն» եւ Տաճարի մաքրութիւնը: Յիսուս հանդիսաւոր կերպով, աւանակի վրայ նստած մուտք կը գործէ Երուսաղէմ: Ժողովուրդը խանդավառօրէն կը դիմաւորէ զԻնք` ձիթենիի եւ արմաւենիի ոստերով, զգեստները ճանապարհին վրայ կը փռէ, որպէսզի Յիսուս անոնց վրայէն անցնի, եւ կ'աղաղակէ. «Ովսաննա՜, օրհնութիւն անոր, որ կու գայ Տիրոջ անունով»: Յիսուս կը մտնէ տաճար եւ խարազանով տաճարը կը մաքրէ լումայափոխ եւ աղաւնավաճառ մարդոցմէ, ժողովուրդին հասկցնելու համար, որ տաճարը Աստուծոյ տունն է եւ միայն աղօթքի տուն պիտի ըլլայ: Այս է Ծաղկազարդի Կիրակիին աւետարանական իմաստը: Ծաղկազարդի Կիրակին եկեղեցիները կը զարդարուին արմաւենիի ճիւղերով եւ ձիթենիի ոստերով, աւելի իմաստալից եւ պատկերալից դարձնելու համար Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը: Ծաղկազարդի նախօրեակին` Շաբաթ օրը կը կատարուի նախատօնակ, կը բացուի խորանին վարագոյրը եւ յաջորդ օրը ժամերգութենէն ետք բաց վարագոյրով կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ: Ծաղկազարդի առաւօտուն ձիթենիի ճիւղերը կ'օրհնուին եւ ժողովուրդին կը բաժնուին: Ծաղկազարդի Կիրակի օրուան շարականը կը գովերգէ Յիսուսի հանդիսաւոր մուտքը Երուսաղէմ: Կը յիշատակուի նաեւ Ղազարոսի յարութիւնը: Ծաղկազարդի օրը եկեղեցւոյ մէջ նաեւ մանուկներու օրհնութեան կարգ կը կատարուի[9]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Տօներ, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-01-12-ին։ արտագրուած է՝ 2021-02-28
- ↑ 2,0 2,1 Շնորհք արքեպիսկոպոս Գալուստեան, «Մեծ Պահքի Կիրակիների Ոսկէ Շղթան»
- ↑ «Տօներ, Բուն Բարեկենդան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-01-12-ին։ արտագրուած է՝ 2021-02-28
- ↑ «Տոներ, Արտաքսման Կիրակի»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-01-12-ին։ արտագրուած է՝ 2021-02-28
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-26-ին։ արտագրուած է՝ 2021-09-26
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-26-ին։ արտագրուած է՝ 2021-09-26
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-26-ին։ արտագրուած է՝ 2021-09-26
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-26-ին։ արտագրուած է՝ 2021-09-26
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-26-ին։ արտագրուած է՝ 2021-09-26
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Եկեղեցու Տօները, Տպարան «Նայիրի», Թեհրան, 1991