Մեդրական Դրութիւն
Մեդրական Դրութիւն, Ֆրանսական Յեղափոխութենէն (1793) առաջ չկար միօրինակութիւնը չափերու եւ կշիռներու։ 8 Մայիս 1790-ին, Գիտութեանց Ակադեմիային պարտականութիւն տրուեցաւ կազմակերպել լաւագոյն դրութիւն մը։
Ակադեմիային այս նպատակին համար կազմած մարմնին անդամ ընտրուեցան Berthollet, Borda, Delambre, Lagrange, Laplace, Mechain եւ Prany։ Տըլամպրը եւ Մեշէն որոշուած էին չափել Տէօնքերքի եւ Պարսելոնայի միջեւ եղող Միջերկրականի մէկ աղեղը, ուրկէ առնուեցաւ մէթրը, որ հաւասար է բեւեռէն մինչեւ հասարակած եղած միջոցին 10 միլիոներորդին (3.2808 անգլիական ոտք), որ եղաւ միջոցին երկայնութեան միութիւնը եւ դրութիւնը 7 Ապրիլ 1795-ի օրէնքով։ Այս դրութիւնը կատարելագործուեցաւ 1799-ին եւ օրինականացաւ 2 Նոյեմբեր 1801-ին։ Փետրուար 2-ի հրամանագրով հին չափերը յարմարուեցան նոր դրութեան, բայց 1 Յունուար 1837-ին հրամանագրով յայտարարուեցաւ որ 1 Յունուար 1840-էն վերջ մեդրական եւ տասանորդական դրութիւնը իրենց նախկին պարզութեան մէջ պիտի գործածուին ամէն գործառնութեանց մէջ։ Ֆրանսական մեդրական դրութեան այս օրինակին հետեւեցաւ Եւրոպայի մեծ մասը, Անգլիայէն զատ։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պապէսեան Յովհաննէս (1961), «Հանրագիտակ», Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, էջ 344-345։