Մարտիրոս Սարեանի Պուրակը
Մարտիրոս Սարեանի անուան պուրակը կը գտնուի Ֆրանսայի հրապարակին կից:
Պուրակին կեդրոնը կանգնած է Մարտիրոս Սարեանի մարմարեայ արձանը, որուն հեղինակներն են քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեանը եւ ճարտարապետ Արթուր Թարխանեանը:
«Գոյներու մեծ վարպետ» Սարեանի պուրակը կը տարբերի Երեւանի բոլոր այգիներէն. անիկա բացօթեայ պատկերասրահ մըն է, զոր հնարաւոր չէ կտրել-անցնիլ քանի մը վայրկեանէն, քանի որ ամէնուրեք ցուցադրուած են ժամանակակից հայ նկարիչներու աշխատանքները: Ամէն օր քաղաքի նկարիչները կը հաւաքուին այս գողտրիկ պուրակին մէջ:
Պուրակին մէջ տեղադրուած են բազմաթիւ յարմարաւէտ նստարաններ` այցելուներուն, որպէսզի դիտեն նկարները եւ վայելեն մթնոլորտը: Այգիին մէջ տեղադրուած է նաեւ «Տղամարդիկ»արձանախումբը, որ նուիրուած է «ռեժիսէօր» Էդմոնտ Քէօսայեանի 75-ամեակին: Արձանախումբի տեղադրման վայրը պատահական չէ. հոն է, ուր նկարահանուած է «Տղամարդիկ» ժապաւէնը:
պուրակին մէջ հանգստեան օրերուն, ժամանակակից նկարիչնեերու աշխատանքներու բացօթեայ ցուցահանդէս վաճառքը կը կազմակերպուի, որուն պատճառով ալ ժողովուրդը պուրակը կոչած է նաեւ «Սարեանի վերնիսաժ»[1][2]:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Տղամարդիկ (արձանախումբ, Երեւան)
-
«Էրեբունի-Երեւան»
-
«Հռիփսիմէ» սրճարան