Jump to content

Մարիա Գաբրիէլեան

Մարիա Գաբրիէլեան
Ծննդավայր Հալէպ

Մարիա Գաբրիէլեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Աւարտած է Հալէպի Պետական Համալսարանի Իրաւաբանական ճիւղը, Դամասկոսի Պետական Համալսարանի Լրագրական ճիւղը, Հալէպի Պետական Համալսարանի Բժշկական Ուսումնարանը եւ՝ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը:

Կը պաշտօնավարէ Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին (ԱՔԵՃ) եւ ՀԲԸՄ Գ. Կիւլպէնկեան-Լ. Նաճարեան Կեդրոնական Վարժարանը իբրեւ հայերէնաւանդ ուսուցիչ, միաժամանակ լրագրութիւն կը դասաւանդէ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին մէջ:

Ներկայացուցիչն է Հայրենի Երկիր Մետիա հեռուստակայանի Սուրիոյ գրասենեակին:

Մամուլի աշխատակցութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կ՚աշխատակցի Գանձասարին, խմբագրած է ԱՔԵՃի Ծիլեր աշակերտական պարբերաթերթը, մաս կը կազմէ Շաւիղ պարբերաթերթի խմբագրակազմին:

Հրատարակչութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնադիրն է «Լուսնակ» մանկապատանեկան դաստիարակչական խաղերու հրատարակչութեան:

2015-ին պարգեւատրուած է Հալէպի Փաստաբաններու Արհեստակցական Միութեան կողմէ «յատկանշեալ լաւագոյն փաստաբան»ի վկայագրով: