Jump to content

Մարզպետ Մարկոսեան

Մարզպետ Մարկոսեան
Ծնած է 20 Յունիս 1940-ին
Ծննդավայր Պէյրութ
Մահացած է 12 Նոյեմբեր 2022-ին
Մահուան վայր Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն ԱՄՆ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական
Մասնագիտութիւն Կենսաքիմիաբանութիւն
Աշխատավայր Ֆերահեան Ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն, Գիտնական, փրոֆեսէօր, հրապարակագիր, գրող, թարգմանիչ
Ամուսին Սեդա Պապահէքեան-Մարկոսեան
Երեխաներ տոքթ. Խաչեր, Արենի եւ կրտսեր Մարզպետ

Գիտնական, փրոֆեսէօր, հրապարակագիր, գրող, թարգմանիչ, հասարակական գործիչ եւ մանկավարժ՝ Մարզպետ Մարկոսեան (Sarkis S. Marzbed Margossian) ծնած է 1940-ին, Պէյրութ, Լիբանան: Մահացած է 12 Նոյեմբեր 2022-ին, Լոս Անճելըս:[1]

Փրոֆ. Սարգիս (Մարզպետ) յաճախած է նախ Պէյրութի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը, ապա Բարեգործականի Յովակիմեան Մանուկեան երկրորդական: Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ կը ստանայ իր Պսակաւոր գիտութեանց եւ ապա Մագիստրոսի վկայականները: 1965-ին կը ժամանէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆիլատելֆիա ուսումը շարունակելու. 1969-ին յաջողութեամբ կը պաշտպանէ դոկտորական թէզը Կենսաքիմիաբանութեան մէջ (Biochemistry): Կը տեղափոխուի Պոսթըն եւ կ’աշխատի Հարվըրտ համալսարանի տարրալուծարանին մէջ: Հետագային կ’իրագործէ գիւտեր իր ճիւղին մէջ:

1997-ին Ֆերահեան ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելու համար ընտանիքով կը տեղափոխուի Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա: Տնօրէնութիւնը կը վարէ մինչեւ 2001: Ֆերահեանէն ետք, շուրջ 20 տարի, Լոս Անճելըսի Հանրային Մոնրօ երկրորդական վարժարանին մէջ կը սկսի դասաւանդել գիտական նիւթեր՝ քիմիագիտութիւն (chemistry), կենսաբանութիւն (biology) եւ բնագիտութիւն (physics) ու կը դառնայ գիտական բաժինի ղեկավար: Երբ կը ծրագրուի գիտական դասագիրքերու բարեփոխութիւն, ընկ. Մարզպետ դերակատար է նաեւ այդ յանձնաժողովին մէջ: 2020-ին Պսակաձեւ ժահրի (COVID-19) տարածումով, այլ վարժարաններու նման իրն ալ կ’անցնի հեռակայ դասաւանդումի:

2021-ին ան կ’որոշէ դադրեցնել իր ուսուցչական ասպարէզը, որովհետեւ կը զգար որ առողջութիւնը այլեւս տեղի կու տար:

Իր գիտական ուսումնասիրութիւնները լոյս տեսած են զանազան միջազգային հանդէսներու մէջ. իսկ հայերէն յօդուածները Պէյրութի «Նայիրի»-ին, «Ազդակ»-ին ու «Զարթօնք»-ին, Փարիզի «Յառաջ»-ին, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»-ին ու «Նոր կեանք»-ին, Պոսթընի «Հայրենիք»-ին ու «Պայքար»-ին, Մոնթրէալի «Հորիզոն»-ին, Երուսաղէմի «Սիոն»-ին եւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ին մէջ: Ասոնց կարեւոր մէկ մասը հաւաքուած է վերը յիշուած հատորներուն մէջ. մնացածը՝ տակաւին պիտի հրատարակուի երրորդին մէջ [2]:

Կանուխ տարիքէն աշխատակցած է Պէյրութի «Նայիրի» շաբաթաթերթին, խմբագրութեամբ Անդրանիկ Ծառուկեանին, որ նախ դաշնակցական էր, բայց հետագային հեռացած անկէ: 1959-ին Պէյրութի մէջ կ’անդամակցի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան, բայց միայն ամիսներ ետք կը հրաժարի, ազգային հասարակական գործունէութեան համար անհրաժեշտ չնկատելով կուսակցական պատկանելիութիւնը: Անդամակցած է ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան (ՀԵԸ), որուն կողմէ գործուղուած է Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակի Պէյրութի համալսարաններուն մէջ յուշատօներու կազմակերպութեան միացեալ մարմինին: Պոսթըն եւ Նիւ Եորք գտնուած ժամանակաշրջանին կը մնայ ՀԵԸ-ի անդամ մինչեւ Հայաստանի անկախութեան հռչակումը՝ 1991-ին, որմէ անմիջապէս ետք կը դիմէ եւ կ’անդամակցի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մահազդ – Տոքթ. Մարզպետ Մարկոսեանի
  2. Մարզպետ Մարկոսեան՝ Չմթնցող Արժէքը