Մարդկային Համերաշխութեան Միջազգային Օր
Մարդկային համերաշխութեան միջազգային օր (անգլերէն՝ International Human Solidarity Day), Դեկտեմբեր 20-ը Հ«ամերաշխութեան միջազգային օր»ն է: Այն, 2005 թուականի Դեկտեմբեր 22-ին ընդունուած է, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի որոշմամբ[1]:
2005 թուականի, ՄԱԿ-ի այս հռչակագիրը հիմնուած է՝ 2000 թուականին վաւերացուած, «Հազարամեակ»ի յայտարարութեան հիման վրայ[2], որպէս աղքատութեան դէմ պայքարին ուղղուած նախաձեռնութիւն: Աղքատութեան վերացման ուղղուած ՄԱԿ-ի ջանքերուն առաջին տասնամեակի խորագիրին ներքոյ կազմակերպութեան գլխաւոր ժողովին թիւ 209/60 բանաձեւով համերաշխութիւնը կ՛ընդունի որպէս 21-րդ դարու մարդկութեան հիմնարար արժէք[3]:
Մարդկային համերաշխութեան միջազգային օրը՝
- բազմազանութեամբ հանդերձ միասնականութեան նշման օր է,
- միջազգային համաձայնագիրներու հանդէպ յարգանքի յիշատակման օր է,
- միասնականութեան նշանակութեան կապակցութեամբ հանրային իրազեկութեան մակարդակի բարձրացման օր է,
- Հազարամեակի զարգացման նպատակներու օր է,
- չքաւորութեան վերացման իրագործման համար միասնականութեան ընդլայնման ուղիներու եւ այդ ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններու խրախուսման օր է[4]:
Այս օրուան ընթացքին կ՛ընդգծուի համաշխարհային մարտահրաւէրներու եւ համաշխարհային զարգացման նպատակներու ուղղութեամբ հաւաքական քայլի նշանակութիւն:
Օրուան կ՛անդրադառնան զանգուածային լրատուական բոլոր միջոցները, պարբերականները, ինչպէս նաեւ պաշտօնական միջոցառումները[1]: