Մարգարէն

«Մարգարէն» (անգլերէն՝ The Prophet) գիրքը՝ Ժպրան Խալիլ Ժպրանի (անգլերէն՝ Khalil Gibran) հեղինակութեամբ՝ կը համարուի համաշխարհային գրականութեան գլուխ-գործոցներէն մէկը, ուր հեղինակը հանճարեղ եւ ինքնատիպ մօտեցումով, բանաստեղծական դարձուածքներով եւ գեղեցիկ մեկնաբանութիւններով կը քննարկէ ընկերային եւ բարոյական կեանքի, ինչպէս նաեւ հաւատքի ու հոգեւոր արժէքներու բազմազան ու բազմաբնոյթ երեսակները:
Գիրքը գրելու շարժառիթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Մարգարէն» առաջին անգամ կը գրուի արաբերէնով, երբ դեռ Ժպրան կը յաճախէր Լիբանանի Աշրաֆիէի Սաժես քօլէճը:
Նախնական տարբերակը բոլորովին տարբեր յղացումով մը գրուած էր եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունէր այսօրուան «Մարգարէն» գիրքին հետ: Բացի ատկէ, անիկա չէր մշակուած ու յաւելեալ ժամանակի կը կարօտէր բիւրեղանալու համար:
Երբ 1908-ին Փարիզ կ'երթայ ուսանելու, ան կը վերընթերցէ ձեռագիրը ու կ'որոշէ վերամշակել զայն: Սակայն, տակաւին «անոր ժամանակը չէր եկած»:
1912-1918 տարիներուն, այս գործը կը սկսի քիչ-քիչ ստանալ այսօրուան տեսքը ու արդէն անգլերէնով կը հրատարակուի քանի մը տարի ետք՝ 1923-ին:
Գիրքին Նիւթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքին հերոսը՝ Մարգարէն է, «ընտրեալ» Ալ Մուսթաֆան, որ պիտի լքէ Օրֆալիս քաղաքը եւ այս առիթով, զինք հրաժեշտ տալու եկած բազմութեան կը խօսի սիրոյ եւ ամուսնութեան, զաւակներու, աշխատանքի, ցաւի, ուրախութեան եւ տրտմութեան, առեւտուրի, օրէնքի եւ ազատութեան, բանականութեան եւ ցանկութեան, ինքնաճանաչման, բարիի եւ չարի, աղօթքի եւ հաճոյքի, գեղեցկութեան, կրօնի, մահուան եւ հրաժեշտի մասին եւ իւրաքանչիւրին պարագային՝ կը ներկայացնէ ընկերութեան մէջ տարածում գտած երեւոյթները, ապա պատկերաւոր լեզուով կը խօսի նոր մօտեցումներու եւ կաղապարուած մտածելակերպերէ դուրս դրոյթներու մասին:
Գիրքը յեղափոխական ու մարգարէական է. այս իմաստով է, որ կու գայ կարծրատիպերը կոտրելու եւ հոգեկան ու բարոյական նոր արժէքներով յատկանշուած ընկերութիւն մը ստեղծելու, հեռու ցուցադրական կամ անձնասիրական մօտեցումներէ, ուր մարդ իր ինքնուրոյն անհատականութիւնը պահելով հանդերձ՝ իր անձը, սէրն ու հաւատքը՝ իր ընտանիքին, զաւակներուն, աշակերտներուն եւ հանրութեան հետ կը կիսէ, առանց սակայն անոնց մէջ ամբողջովին ձուլուելու եւ անէանալու:

Այս իմաստով, Ժպրան Խալիլ Ժպրանի գիրքը իմաստութեան անհրաժեշտ ընթերցում է՝ յոյսի ու յուսալքութեան[1], իմաստի եւ ունայնութեան, սիրոյ եւ ատելութեան, եսասիրութեան եւ անձնազոհութեան, պատրանքի եւ իրականութեան միջեւ տուայտող, կեանքի ու ժամանակի իմաստը որոնող եւ մարդկային յարաբերութիւններու անձնապաշտ ու եսակեդրոն իրականութիւնը դիմակայող անհատին համար: Հետեւաբար, իր անմիջական ու բնազդային կարիքներէն անդին անցնելու գոյապաշտական եւ համամարդկային մղձաւանջը ապրող ընթերցողին համար՝ ոգեշնչող ու գօտեպնդիչ գիրք մըն է իրապէս, զգայնութիւններու, ոգեղինութեան եւ խորհրդաւոր շղարշի մը ընդմէջէն մարդու հոգիին, յոյզերուն եւ միտքին հետ հաղորդակցող ու հաղորդուող

Եւ միասնաբար կանգնեցէ՛ք, սակայն ո՛չ շատ մօտ իրարու,
Քանզի տաճարի սիւները՝ իրարմէ հեռու կը կանգնին,
Եւ կաղնիի ծառն ու նոճին՝ իրարու շուքին տակ չեն աճիր:
Ազդեցութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մարոնիական կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետեւորդներու ընտանիքին մէջ ծնած ըլլալով՝[2] Խալիլ Ժպրան կը գտնուէր ո՛չ միայն իր կրօնին, այլեւ՝ իսլամական կրօնին ազդեցութեան տակ։ Լիբանանեան արիւնալի պատմութեան մասին անոր ունեցած գիտելիքները ամրացուցած էին իր հաւատքը՝ կրօնի հիմնարար միասնականութեան վերաբերեալ։ Նպաստած են նաեւ իր ծնողները, որոնք իրենց տան մէջ կ'ընդունէին տարբեր կրօններու երկրպագող հիւրեր։
Ժպրանի համեմատութիւններն ու զուգահեռները հիմնուած են նաեւ Ուիլիըմ Պլեյքի աշխատութիւններուն, Ուոլթ Ուիթմընի եւ Ռալֆ Ուալտօ Էմըրսընի տեսական այնպիսի գաղափարներուն վրայ, ինչպիսիք են՝ վերամարմնաւորումն ու «Բարձրագոյն հոգին»։
Ժպրանի աշխատանքին վրայ ազդեցութիւն ունեցած են իսլամական եւ արաբական արուեստը, եւրոպական դասականութիւնը (յատկապէս, Լէոնարտօ տա Վինչին) եւ ռոմանթիզմը (Պլեյքը եւ Օկիւսթ Ռոտընը), նախառաֆայէլիթներու ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ իր ժամանակակից խորհրդապաշտութիւնն ու Գերիրապաշտութիւնը։
Ժպրան նաեւ սերտօրէն կապուած էր Պահայի Հաւատքին։ Ժըպրանի ծանօթներէն մէկը՝ Ժուլիէթ Թոփսըն կը յիշէր, որ Ժպրան ծանօթացած էր «Պահա» հաւատքի հիմնադիրներէն մէկուն՝ Ապտիւլ Պահայի հետ, վերջինիս՝ արեւմտեան երկիրներով ճամբորդելու ընթացքին։
Ապրիլ 1912-ին Ժպրան իրեն հետ անձամբ հանդիպումէն առաջ, գիշերը չէր կրցած քնանալ։ Ժպրան նաեւ աւելի ուշ պատմած է Թոմփսընին, որ Ապտիւլ Պահայի մէջ ինք «տեսած է անտեսանելին եւ լիացած է»։
«Մարգարէն» գիրքին վրայ հեղինակը սկսած է աշխատիլ 1912-ին, երբ «ստացած է իր կղզիի Աստուծոյ համար առաջին մոթիֆը»։
Ամին Ռիհանի մեծ ազդեցութիւն ունէր Ժպրան Խալիլ Ժպրանի եւ Միխայէլ Նայիմէի վրայ: Ժպրանի «Մարգարէն» գործը մեծապէս ազդուած էր նաեւ՝ Ամին Ռիհանիի «Անմահութեան գիրքը»էն:
Գիրքին Արժէքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անթիւ-անհամար յօդուածներ գրուած են ընդամէնը 107 էջնոց այս գիրքին մասին՝ վեր առնելով անոր տեղն ու արժէքը համաշխարհային գրականութեան մէջ (կարծիքները միշտ թեր եղած են, երբեք՝ դէմ):
Քնարերգական արուեստով՝ «Մարգարէն» կու տայ հիմնական գիծերը Ժպրանի փիլիսոփայութեան, որ իբրեւ խորք ունի մարդասիրութիւնը էապէս: Այս մատեանը աւետարանումն է մեծ մտածողին, թէ մարդ պիտի յանգի վախճանական ամենագիտութեան, ամենազօրութեան եւ տիեզերականութեան:
Սէրը, գեղեցիկին պաշտամունքը, կարեկցութիւնը, ներողամտութիւնը կը հանդիսանան բացարձակ պայմաններ՝ ուղիղ եւ արդար կենսավարութեան:
Հրատարակութիւններ եւ թարգմանութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1923-ին[3], Ալֆրետ Ա. Քնոփֆ տպագրած է «Մարգարէ»ի 2000 օրինակ, որմէ կրցած է վաճառել 1159-ը։
- Յաջորդ տարի, գիրքին պահանջը կրկնապատկուած է, իսկ մէկ տարի անց, աւելցած է երկու անգամ եւս։ Անկէ ետք, ամէն տարի գիրքին վաճառքին ծաւալը կայուն կերպով աճած է։
- 1935-ին, վաճառուած է 12,000 օրինակ:
- 1961-ին վաճառքին ծաւալը հասած է 111,0 00-ի:
- 1965-ին արդէն հասած է 240,000-ի։
- «Մարգարէն» թարգմանուած է աւելի քան 40 տարբեր լեզուներու եւ երբեք չէ դադրած վերահրատարկուելէ։
- 2021-ին վաճառուած էր «Մարգարէի» աւելի քան ինը միլիոն օրինակ։
- Անիկա արժանացած է բազմաթիւ վերահրատարակութեանց ու թարգմանուած՝ աւելի քան հարիւր լեզուներու (երրորդը՝ ամէնէն շատ թարգմանուած գիրքերու առաջին տասնեակին մէջ), որոնց կարգին՝ հայերէնի, եւ այն ալ՝ քանի մը անգամ:
- «Մարգարէն» առաջին անգամ հայերէնով կը հրատարակուի 1966-ին. թարգմանիչը՝ Սիսակ Յ. Վարժապետեանն է (1905-1982), որ եղած է լիբանանահայ մանկավարժ ու թարգմանիչ: Ժպրանի գրականութեան սիրահար ըլլալով՝ ան լոյս ընծայած է գիրք մը, ուր կը ներկայացուի ամբողջական Ժպրանը. անոր կենսագրութիւնն ու գրական գործունէութիւնը, «Մարգարէն», ինչպէս նաեւ զանազան թարգմանութիւններ անոր անգլերէն ու արաբերէն գործերէն: Գիրքը կը կոչուի «Ժպրան Խալիլ Ժպրան, կեանքն ու գործը»: Հոն տրուած է նա՛եւ «Մարգարէն»՝ տաղաչափեալ ու յանգաւոր: Թէ ինչո՞ւ ոչ արձակ բանաստեղծութեան ձեւով, ապա թարգմանիչը այսպէս կը բացատրէ այդ ընտրութիւնը.
Գնահատելով հանդերձ Ս. Վարժապետեանի «կատարելագոյն» գործ մը տալու նախանձախնդրութիւնը՝ թարգմանութիւնը բոլորովին զուրկ է բանաստեղծական աւիւնէ, եւ յանգաւորումը՝ «հարազատ» ու «ներկայանալի» գործ մը չէ. հոն կարելի չէ գտնել բանաստեղծ Ժպրանը:
- Երկրորդ թարգմանութիւնը կատարած է Եր. Տ. Գարաճեան: Տպուած է Պէյրութ լոյս տեսնող «Բագին» գրական հանդէսի Մարտ-Օգոստոս 1981-ի թիւերուն մէջ յաջորդաբար: Համեմատած Վարժապետեանի աշխատանքին՝ աւելի յաջող է: Այնուհանդերձ, հոս եւս կը պակսին անգլերէն բնագիրին բանաստեղծական հանդիսաւորութիւնն ու նուրբ երաժշտականութիւնը: Գարաճեանի թարգմանութիւնը կը կարօտի լուրջ մշակումի:
- Երկու տարի ետք՝ 1983-ին, Ժպրանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով ՀԵՀՈՄ-ը (Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւն), իր կարգին, լոյս կ'ընծայէ «Մարգարէն»ի հայերէն թարգմանութիւնը: Թարգմանիչներն էին՝ Խաչիկ Տէտէեան, Վազգէն Էթիեմեզեան, Հրաչ Սարգիսեան եւ Անուշաւան վրդ. Դանիէլեան: Վարչութեան «Երկու խօսք»ին մէջ կը կարդանք հետեւեալը.
Հոն յստակօրէն նշուած է, որ իրենց նպատակն է տալ «ոչ-բանաստեղծական», սակայն Ժպրանի բառ ու խօսքին «հաւատարիմ» թարգմանութիւն մը: Հակառակ իրենց մտադրութեան՝ թարգմանութիւնը աւելի «բանաստեղծական» հով մը ստացած է, քան նախորդ երկուքը[4]:
- Բանաստեղծ Վահէ Վահեան (1908-1998) մէկ տարի ետք՝ 1984-ին, կը հրատարակէ «Մարգարէն» գիրքին ի՛ր թարգմանութիւնը: Գիրքին կողքին վրայ վերարտադրուած է Փօլ Կիրակոսեանի գունանկարը՝ նաւավար մը կանգնած նաւուն արագաստներուն միջեւ: Գիրքը օժտուած է նաեւ Ժպրանի տասներկու լրիւ էջեր գրաւող գծանկարներով[5]:
- Կայ միմիայն մէկ արեւելահայերէն թարգմանութիւն, որ տպուած է 2016-ին, եւ թարգմանիչը Սոնա Քիւրքչեանն է:
- Կայ ուրիշ մըն ալ, որ, սակայն, թարգմանութիւն չէ, այլ ուղղակի փոխադրում արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէնի (հիմք ընդունուած է ՀԵՀՈՄ-ի տարբերակը): Թարգմանիչը յաջողած է հայացնել «Մարգարէն» գիրքը՝ պահելով Ժպրանի հոգեհուպ, առինքնող ու գերող բանաստեղծականութիւն-երաժշտականութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր տողերուն դիւր ու սահուն զարգացումը:
Հեղինակային իրաւունք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքը դարձած է ԱՄՆ հանրային սեփականութիւնը 1 Յունուար 2019-ին[6]: Անիկա նաեւ կը համարուի Եւրոպական միութեան, Քանատայի, Ռուսաստանի, Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան եւ Աւստրալիոյ հանրային սեփականութիւնը։
Ժպրան կտակած է, որ իր մահէն ետք իր գիրքին հեղինակային իրաւունքները պատկանելու են իր հայրենի Պըշարի քաղաքին, Լիբանանի մէջ։ 1935-ին Պըշարիի մէջ ստեղծուած է Ժպրանի ազգային կոմիտէն, որ կը տնօրինէ Ժպրանի թանգարանը։ Այս ոչ առեւտրային կազմակերպութեան կը պատկանին Ժպրանի գրականութեան ու ձեռագիրերու սեփականութեան բացառիկ իրաւունքները։
2009-ին կոմիտէն ըստ «Մարգարէն» գիրքին, շարժապատկեր ստեղծելու բացառիկ իրաւունքները փոխանցած է ԱՄՆ-ի մէջ գործող «The Prophet, LLC» ընկերութեան։
Շարունակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Մարգարէն» գիրքին շարունակութիւնը կը համարուի «Մարգարէի այգին»[7], որ հրատարակուած է հեղինակին մահէն ետք, 1933-ին։
«Մարգարէի այգին» կը պատմէ Ալմուսթաֆի զրոյցներուն մասին, զորս ունեցած է իր ինը հետեւորդներուն հետ, իր վերադարձէն ետք։
Մէջբերումներ՝ «Մարգարէն» գիրքէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընթերցում՝ լիբանանցի բանաստեղծ եւ իմաստասէր Ժպրան Խալիլ Ժպրանի «Մարգարէ»ն գիրքէն.
Մարգարէն գիրքին մասին վկայութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]| Երբ կարդացի «Մարգարէն» գիրքը, սկսայ տարբեր տեսանկիւնէն դիտել կեանքն ու աշխարհը: Այդ ըսել չէ, որ հեռացայ իմ հաւատքէս, այլ ընդհակառակը՝ աւելի խորացաւ իմ մէջս համոզումը կեանքի ու Աստուծոյ հանդէպ։ Այս գիրքին ամէն մէկ խօսքը մարգարիտ է, եւ արժէ ունենալ։ Անոր մէջ պարունակած ամէն մէկ բառը ինքզինք արտայայտող ճշմարտութիւն է։ Այս գիրքին մէջ մարմնացած ՄԱՐԳԱՐԷՆ, նոր խօսք ու նոր իմաստ կը ներշնչէ Աւետարանէն յետոյ, որովհետեւ անոր բերած ճշմարտութիւնը, թէեւ նոր չէ, սակայն սրտին խօսող եւ առինքնող է[8]։ - Բագրատ աբղ. Պուրճէքեան |
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Kahlil Gibran - The Prophet»։ Tom Butler-Bowdon (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-17
- ↑ (հայերեն) Մարգարեն, 2024-10-31, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%84%D5%A1%D6%80%D5%A3%D5%A1%D6%80%D5%A5%D5%B6, վերցված է 2025-03-12
- ↑ (հայերեն) Մարգարեն, 2024-10-31, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%84%D5%A1%D6%80%D5%A3%D5%A1%D6%80%D5%A5%D5%B6, վերցված է 2025-03-12
- ↑ Մարգարէն
- ↑ Վահէ-Վահեանի թարգմանութիւնը
- ↑ (հայերեն) Մարգարեն, 2024-10-31, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%84%D5%A1%D6%80%D5%A3%D5%A1%D6%80%D5%A5%D5%B6, վերցված է 2025-03-12
- ↑ (հայերեն) Մարգարեն, 2024-10-31, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%84%D5%A1%D6%80%D5%A3%D5%A1%D6%80%D5%A5%D5%B6, վերցված է 2025-03-12
- ↑ Մարգարէն գիրքին մասին վկայութիւններ
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1973. The Prophet by Kahlil Gibran; Published by Alfred A Knopf, Inc.; A Borzoi (hardcover) Book, ASIN: B004S0ZKJO
- Մարգարէն», Ժպրան Խալիլ Ժպրան, հրատարակութիւն ՀԵՀՈՄ-ի, Անթիլիաս, 1983, էջ 9:
- 2 Kalem, Glen. “The Prophet Translated”. The Kahlil Gibran Collective. www.kahlilgibran.com. 4-9-2018.
- Սիսակ Յ. Վարժապետեան, «Ժպրան Խալիլ Ժպրան. կեանքն ու գործը», Պէյրութ, 1966, էջ 47: