Մասնակից:Marale Jo-L/Սեւագրութիւն-Մեթր

Չափերուն եւ Կշիռներու Միջազգային Կոմիտէ - BIPM

Մեթր, երկարութիւն չափելու միաւոր, Միջազգային Համակարգի հիմնական միաւորներուն մաս կը կազմէ, m նշանով (Ֆրանսերէն mètre):

Մեթրը սահմանուած[1] է պարապութեան մէջ լոյսի արագութեան թուային արժէքին վրայ, c նշուած (լատիներէն celeritas), երբ արտայայտուած է m s-1 ով: Այսպիսով, լոյսի արագութիւնը հաւասար է c = 299 792 458 m s–1: Հետեւաբար, մեթրը երկարութեան չափաւոր է, որ կը համապատասխանէ պարապութեան մէջ լոյսի կատարած տարածքին 1/299 792 458-րդ երկվայրկեանուան տեւողութեան ընթացքին:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկարութեան չափի բնօրինակ, ըստ Միջազգային Համակարգին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • 1889. Մեթր եւ քիլոկրամ միջազգային նախատիպերը պատրաստուած են Լսնոսկիէ (բլաթին, Pt նշանով քիմիական տարր, լատ. Platinum), համաձուլուած 10% (մօտ. 0,0001) Իրիդիում-ով (Ir նշանով քիմիական տարր, լատ.՝ Iridium)
  • 1954. Մեթրը ընդունուած է որպէս հիմնական միաւոր
  • 1960. Մեթրը սահմանուած է Կրիպտոն 86-ի ճառագայթման հիման վրայ (Kr նշանով քիմիական տարր, լատ.՝ Kryptonum, յուն․՝ κρυπτός)
  • 1983. Մեթրը սահմանուած է ըստ լոյսի արագութեան, նկատի ունենալով գիտութեան  եւ չափման միջոցներու առաջընթացը, եւ լոյսի արագութեան արժէքը c = 299,792,458 m s-1 իբրեւ անփոփոխ հաստատուն (մասնաւորապէս աստղագիտութեան եւ երկրաբաշխութեան պէտքերուն համար): Մեթրը իբրեւ երկարութեան չափաւոր, կը համապատասխանէ պարապութեան մէջ լոյսի կատարած տարածքին 1/299 792 458-րդ երկվայրկեանուան տեւողութեան ընթացքին: Իսկ s (երկվայրկեանի միաւորը) ΔνCs վրայ սահմանուած ըլլալով, Մեթրը կախում կ՛ունենայ c եւ ΔνCs հիմնական հաստատուններէն:

  • 2018. Միաւորներու Միջազգային Համակարգի (ՄՀ) վերանայում՝ իրականացուած 2019 թուականի մայիսի 20-ին:

Այժմ, մեթրի սահմանումը կապուած է լոյսի արագութեան ճշգրիտ արժէքին հետ, որ հիմնարար հաստատուն է:

Ֆրանսայի մէջ, Միջազգային Համակարգէն առաջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆրանսայի մէջ, 1791 մարտ 26-ին, փիլիսոփայ, լուսաւորիչ եւ թուաբանագէտ Nicolas de Condorcet-ն եւ Գիտութիւններու Կաճառի (Académie des Sciences, Ֆր.) առաջարկութեամբ՝ երկրի միջօրէականի քառորդ մասը կ՛ընտրուի որպէս համընդհանուր եւ բնական երեւոյթ, քանի որ այս չափը «որեւէ կամայական կամ որեւէ ժողովրդի իրավիճակի առանձնայատուկ բան չի պարունակեր»: Մեթրի ծնունդը, որուն երկարութիւնը կը սահմանուէր իբրեւ «հաւասար երկրին միջօրէականի քառորդ մասի տասը միլիոներորդական մասով», պաշտօնական դարձաւ 1793 օգոստոս 1-ի հրամանագրով, որ կը «սահմանէ Հանրապետութեան համար միատեսակութիւնը կշիռներու եւ չափերու վերաբերեալ:[2]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «SI base unit: metre (m) - BIPM»։ www.bipm.org (English)։ արտագրուած է՝ 2023-02-18 
  2. «Histoire du mètre | Métrologie»։ metrologie.entreprises.gouv.fr (Ֆրանսերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-05