Jump to content

Մանուկ Դուինեան (Նիկողոս Սարաֆեան)

Մանուկ Դուինեան վէպ, ֆրանսահայ գրող, սփիւռքի արձակագիր ու բանաստեղծ Նիկողոս Սարաֆեանի գրիչով։

Վէպին ուրուագիծը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանուկ Դուինեանը՝ պոլսեցի վաճառականի զաւակը, զոհն էր Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան։ «Արմատախիլ հայ մը, դարուն մարդը նոյն ատեն, թափառական աշխարհի բոլոր ճամբաներուն վրայ, իր կապերը կտրած հայրէինքէն ու ժողովուրդէն...»:[1]

Մէջբերումներ Վէպէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

...Ահա թէ ինչու՞ կը մնամ միշտ թաղուած կը մնամ ես իմ մէջ... եւ որքան քաղցր է մեռնիլը յաճախ, որքան անգամներ զգացեր եմ թէ խաղաղութեամբ պիտի ընդունէի մահը, նոյնիսկ ժպտելով պիտի գրկէի զայն, խորհելով թէ պիտի գտնեմ վերջապէս անձկալի ճշմարտութիւնը... Մանուկ Դուինեան (վէպի գլխաւոր կերպարը)

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. էջ՝ 3։ Մանուկ Դուինեան/ Նիկողոս Սարաֆեան․-Եր․։ Էտիթ Փրինթ, 2020․- 136 էջ։

Մանուկ Դուինեան/ Նիկողոս Սարաֆեան․-Եր․։ Էտիթ Փրինթ, 2020․- 136 էջ։