Մանկաներ

Մանկաները Ճափոնի յատուկ երիզագծագրութիւններն են:

Ճափոներէն մանկա բառը կը նշանակէ «զբաղեցնող գծագրութիւն»: Անոնք ամբողջովին մաս կը կազմեն ամէնօրեայ կեանքին: Փողոցներու վրայ գոյութիւն ունին մեքենաներ` մանկաներ գծելու համար եւ ծանուցումի պաստառներ: Մանկաներ կարելի է գտնել պատկերասփիւռին վրայ, եւ երբեմն նոյնիսկ` դպրոցին մէջ, ուր անոնք կը գործածուին կարգ մը նիւթեր դասաւանդելու համար: Թոքիոյի մէջ նոյնիսկ գոյութիւն ունի Աքիհապատա անունով թաղ մը, ուր մանկայի սիրահարները իրարու կը հանդիպին:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԺԱ. դարէն սկսեալ, մանկաներու «նախահայրերը» կը յայտնուին Ճափոնի մէջ. այդ ժամանակամիջոցին անոնք կը կոչուին էմաքիմոնօ: Անոնք նկարչութիւններ են, որոնց վրայ դրուած ձեռագիր գրութիւնները կը պատմէին պատմութիւն մը, որ կը յայտնուէր կամաց-կամաց, երբ ծալուած գծագրութիւնը կը բացուէր:

Իսկական ճափոնական մանկաները կը յայտնուին շատ աւելի ուշ` Ի. դարու սկիզբը, սակայն անոնք կը հասնին Արեւմուտք միայն 1980-ական թուականներուն, կրենտայզըրի նման հերոսներու միջոցով:

Մանկայի իւրայատկութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճափոնցիները մանկաները կը կարդան աջէն ձախ: Այսինքն անոնց մանկաները կը գործածուին արաբերէն գիրքերուն նման:

Անոնց իւրայատկութիւններէն են սեւ-ճերմակ գծագրութիւնները: Ճափոնցիները ունին նաեւ կերպարները գծելու իւրայատուկ ոճ մը, օրինակ` մեծ աչքեր, շեշտելու համար շատ մանրամասն գծուած դէմքերուն արտայայտութիւնները, մինչ տեսարանները կամ շրջակայքը շատ պարզ են, կամ գրեթէ գոյութիւն չունին: Ասիկա ուրիշ ձեւ մըն է ընթերցողին ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու կերպարներուն եւ անոնց զգացումներուն վրայ: Վերջապէս, գծագրութիւնները աւելի կենդանի դարձնելու համար գծողները շատ կը գործածեն ձայներ արտայայտելու յատուկ գրութիւններ:

Գիրք դառնալէ առաջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իբրեւ գիրք տպուելէ եւ ծախուելէ առաջ` մանկաները հատուածներով լոյս կը տեսնեն յատուկ մասնագիտական թերթերու մէջ, որոնք մեծ քանակներով կը տպուին: Եւ որպէսզի անոնք շատ սուղի չծախուին, մանկաներուն մեծ մասը սեւ-ճերմակ կը տպուի: Կարդացուելէ ետք այս թերթերը կը թափուին, կամ փողոցը` նստարանի մը վրայ կը լքուին, որպէսզի ուրիշ անձ մը կարենայ զանոնք կարդալ:

Այս թերթերը յաճախակիօրէն հարցախոյզներ կը կազմակերպեն, եւ ընթերցողները կրնան ընտրել իրենց նախասիրած պատմութիւնները: Եթէ անոնք յաջողութիւն գտնեն, կը տպուին գիրքի ձեւի տակ[1]:

Մանկաներու հեղինակները

Մանկաներու հեղինակները կը կոչուին մանկաքա: Անոնք կրնան կա՛մ պատմութիւնը հնարել, կա՛մ գծել, սակայն յաճախ անոնք երկուքն ալ կ'ընեն: Ընդհանրապէս անոնք իրենց պատմութիւններուն վրայ կ'աշխատին յատուկ աշխատանոցներու մէջ: Տպագրութեան ընթացքը երբեմն այնքան արագ է (երբեմն` ամէն շաբաթ), որ մանկաքաները երբեմն ստիպուած են օգնականներու դիմելու` իրենց գործերը վերջացնելու համար:

«Անիմէ» եւ «Քոսփլէյ»

Ճափոնի մէջ, երբ մանկա մը պատկերասփռուի կամ ժապաւէնի կը վերածուի, ան կը կոչուի «անիմէ»: Պատկերասփիւռի ժապաւէնի վերածուած բոլոր մանկաները «անիմէներ» են, բոլոր «անիմէները» անպայմանօրէն մանկայէ մը չեն ներշնչուած, երբեմն հակառակն ալ կը պատահի:

Օրինակի համար` Հայաօ Միազաքիի «Շիքիրոյի ճամբորդութիւնը», «Երկնքին մէջի դղեակը», «Մոնոնոքէյ իշխանուհին» սկիզբէն «անիմէներ» եղած են, մինչ Մամորու Հոսոտայի «Գայլ պզտիկները, Ամը եւ Եուքի» եղած է նախ «անիմիէ», ապա ունեցած է մանկա  տպագրութիւնը:

Նոյն ձեւով, «Փոքէմոն» սկիզբը եղած է վիտէօ- խաղ մը, ստեղծուած` 1996-ին, Սաթոշի Թաժիրիի կողմէ, ապա դարձած է «անիմէ» եւ վերջապէս տպուած է իբրեւ մանկա:

ճափոնցիները այնքան կը սիրեն մանկաները, որ կը սիրեն իրենց նախասիրած մանկայի («անիմէ»ի կամ վիտէօ-խաղի) կերպարին դերը խաղալ, անոր հագուստները հագուելով` ծպտուելով եւ դիմայարդարուելով: Այս երեւոյթը կը կոչուի «քոսփլէյ», որ եկած է անգլերէն «քոսթիւմ» (տարազ) եւ «փլէյ» (խաղալ) բառերէն: Սկզբունքով ամերիկացիները հնարած են այս սովորութիւնը, սակայն ճափոնցիները շատ շուտ զայն որդեգրած են, որովհետեւ այս ձեւով անոնք կրնան իրենց նախասիրած մանկայի հերոսին դերին մէջ մտնել: Ճափոնական մեծ քաղաքներուն մէջ յաճախ կարելի է «քոսփլէյներ» տեսնել փողոցը պտտելու ընթացքին[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]