Մանկական հիւանդութիւններ
Մանկական հիւանդութիւններ, հիւանդութիւններ, որոնք կը յատկանշուին որոշ մորթային ախտանշաններով.
ա. Ձեռքի, ոտքի, եւ բերանի հիւանդութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]. այս հիւանդութիւնը ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է եւ անոր թխսաւորման ժամանակամիջոցը 3-4 օր է: Անոր ախտանշաններն են` մեծ թիւով շատ պզտիկ բշտիկներ` մասնաւորապէս բերնին, ոտքին եւ ձեռքերուն վրայ եւ մեղմ ջերմ, որ կը տեւէ քանի մը օր միայն: Անիկա փոխանցիկ է, մինչեւ այն ատեն որ բշտիկները գոյութիւն ունին: Ձեռքի, ոտքի եւ բերանի հիւանդութիւնը կը դարմանուի հակաջերմ դեղերով եւ առատ հեղուկ խմելով:
բ. Շառագոյն վարակ-կարմրախտ (scarlet fever).
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շառագոյն վարակը կոկորդի ցպկային զօրաւոր բորբոքում մըն է: Անոր ախտանշաններն են` բարձր ջերմ, կոկորդի զօրաւոր ցաւ, կլլելու դժուարութիւն, նշիկներու (tonsls) բորբոքում, վիզի աւշագեղձերու ծաւալում, գլխացաւ, մարմնական ընդհանուր ցաւ եւ կոտրտուք, փորի ցաւ, նողկանք (nausea), փսխունք, մարմնի եւ մասնաւորապէս կուրծքի ցան (rash), որ կը տեւէ 7-10 օր: Ախտաճանաչումը կը կարօտի կոկորդաջնջանի քննութեան (throat swab-culture). Դարմանումը կը կատարուի յատուկ հակացպկային դեղերով, առատ հեղուկ խմելով եւ հակաջերմ դեղերով:
գ. Հինգերորդ հիւանդութիւն (fifth disease).
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հինգերորդ հիւանդութիւնը ժահրային մանկական շատ յաճախակի եւ փոխանցիկ վարակ մըն է. կը փոխանցուի օդի միջոցով` հազալով եւ կամ փռնգտալով: Անոր թխսաւորումի ժամանակամիջոցը 10-15 օր է. իսկ ախտանշաններն են` քիթի հոսք, կոկորդի ցաւ, գլխացաւ եւ եռք, մորթի կարմիր եւ մանր բշտիկներու ցան, որ կը մնայ 15 օր: Ցանը նախ կը յայտնուի երեսին վրայ եւ ապա` ամբողջ մարմինին վրայ, մասնաւորապէս` քիթին, բազուկներուն, սրունքներուն եւ յետոյքին վրայ: Այս վարակը կը հարուածէ 4-12 տարեկան երեխաները: Շատ քիչ պարագաներու, անիկա կրնայ վարակել նաեւ երիտասարդները, որոնք կ՛ունենան նաեւ յօդացաւ: Հինգերորդ հիւանդութիւնը կը տեւէ 2-3 շաբաթ: Ապաքինումէն ետք մորթային ցանը կրնայ վերադառնալ, երբ անհատը երկար ժամեր արեւու ճառագայթներուն ենթակայ ըլլայ եւ կամ շատ տաք միջավայրի մէջ գտնուի: Հինգերորդ հիւանդութիւնը յատուկ դարմանումի չի կարօտիր: Յղի կիներ վարակուելով այս հիւանդութեամբ` կրնան վիժում ունենալ:
դ. Վարդացան (roseola).
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարդացանը ժահրային փոխանցիկ մեղմ վարակ մըն է, որ կը հարուածէ ընդհանրապէս 6-24 ամսու մանուկները. հազուադէպօրէն կը տեսնուի 4 տարեկանէն ետք: Անոր թխսաւորման ժամանակամիջոցը 10-15 օր է. իսկ փոխանցումը կը պատահի ուղղակի դպչելով եւ լորձունքի միջոցով: Վարդացանի ախտանշաններն են` անակնկալ բարձր ջերմ, կարմիր-վարդագոյն ցան վիզի եւ թեւերու վրայ եւ ապա` ամբողջ մարմնին վրայ: Ցանը կը մնայ 3-5 օր, եւ այս պատճառով անիկա կը կոչուի նաեւ երեք օրուան վարակ: Վարդացանը կը դարմանուի հակաջերմ դեղերով եւ առատ հեղուկ խմելով:
ե. Ջրծաղիկ.
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջրծաղիկը ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է: Անոր թխսաւորման ժամանակամիջոցը 10-20 օր է. անիկա կը փոխանցուի օդի միջոցով եւ ուղղակի դպչելով: Ջրծաղիկի ախտանշաններն են` ջերմութիւն, գլխացաւ, կոկորդի ցաւ, քերուըտուք, հիւանդագին վիճակ, յոգնածութիւն, ցան, որ կը տեսնուի կարմիր կէտերով եւ բշտիկներով` ամբողջ մարմնին վրայ: Առաջին բշտիկներու յայտնաբերումէն 2-3 օր ետք բշտիկները կը բացուին, կը չորնան, կը սպիանան եւ կը կեղեւաւորուին. յաջորդ 5-7 օրերու ընթացքին նոր բշտիկներ կը յայտնուին, բայց կամաց-կամաց անոնք ալ կը չորնան ու կը սպիանան: Ջրծաղիկը փոխանցիկ է բշտիկներու յայտնուելէն 2-3 օր առաջ եւ մինչեւ անոնց անյայտանալէն 6 օր ետք: Ամէն մարդ կը վարակուի այս հիւանդութեամբ, եթէ չէ պատուաստուած: Ջրծաղիկի առաջին վարակումէն ետք հազուադէպ է, որ անհատը երկրորդ անգամ ունենայ այս վարակը. այսինքն առաջին վարակէն ետք ան կ՛ունենայ ամբողջական դիմադրողականութիւն-ախտամերժողականութիւն ջրծաղիկի դէմ: Ապաքինումէ ետք, ջրծաղիկի ժահրը կ՛ապրի մարմինին մէջ երկար տարիներ` առանց վնաս հասցնելու անհատին, սակայն յաճախ ան կը վերստանայ իր աշխուժութիւնը, կը դառնայ գործօն եւ կը յառաջացնէ սողնախտագօտի (herpes zoster): Ջրծաղիկը կանխարգելի է յատուկ պատուաստով մը: Անիկա կը դարմանուի ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով, հակաջերմ եւ քերուըտուքի դեղեր գործածելով: Այն անհատը, որ պատուաստուած չէ եւ անցեալին չէ ունեցած այս վարակը, կրնայ զերծ մնալ այս վարակէն վարակուած անձի մը հանդիպելէ ետք պարզապէս գործածելով յատուկ ջրծաղիկի հակամարմիններ (antibodies):
զ. Հարսանիթ (measles).
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հարսանիթը ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է: Անոր ախտանշաններն են` փռնգտուք, հազ, բարձր ջերմ, վիզի աւշագեղձերու ծաւալում, փորհարութիւն, աչքերու կարմրութիւն, կարմիր բշտիկներ` բերանին մէջ եւ ապա` ընդհանուր մարմնական ցան, որոնք կը մնան մօտաւորապէս 7-10 օր: Հարսանիթը կը դարմանուի ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով, հակաջերմ դեղեր առնելով եւ առատ հեղուկ խմելով: Անիկա կանխարգելի է յատուկ պատուաստով մը: Շատ քիչ պարագաներուն հարսանիթը կ՛ունենայ նաեւ ուղեկցող բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնն է թոքատապը:
է. Գերմանական հարսանիթ (german measles, rubella).
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գերմանական հարսանիթը ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է: Անոր թխսաւորման ժամանակամիջոցը 14-21 օր է: Գերմանական հարսանիթի ախտանշաններն են` վարդագոյն-կարմիր ցան, քերուըտուք, ջերմ եւ գլխացաւ: Անիկա կը փոխանցուի դպնալով եւ քիթի, կոկորդի եւ բերանի հեղուկներով: Մէկ վարակումով անհատը կ՛ունենայ ամբողջական ախտամերժողականութիւն: Յղի կիներ մեծ ուշադրութիւն պէտք է ընեն եւ հեռու մնան այս վարակը ունեցողներէն, որովհետեւ իրենց վարակումով կը վարակուի նաեւ աճող սաղմը, որ կ՛ունենայ զանազան տեսակի ընդոծին մարմնական եւ մտային թերութիւններ, իսկ իրենք կրնան ունենալ անակնկալ վիժում: Գերմանական հարսանիթը կը դարմանուի առատ հեղուկ խմելով, ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով եւ հակաջերմ դեղ գործածելով:
ը. Ծաղկախտ (small pox, varicella).
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծաղկախտը ժահրային շատ փոխանցիկ վարակ մըն է: Անոր փոխանցումը կ՛ըլլայ դպչելով եւ օդի միջոցով, իսկ թխսաւորման ժամանակամիջոցը 10-12 օր է: Ծաղկախտի ախտանշաններն են` ջերմ, գլխացաւ, յոգնածութիւն, մարմնական եւ կռնակի ցաւ, փորի ցաւ, կարմիր բշտիկներ նախ` բերնին մէջ, երեսին եւ բազուկներուն վրայ եւ ապա` երանին եւ սրունքներուն վրայ: Բշտիկները կը թարախոտին, կը չորնան, կեղեւ կը կապեն ու կը սպիանան: Անիկա փոխանցիկ է բշտիկներու գոյութեան ամբողջ ընթացքին: Ծաղկախտը կը դարմանուի կատարեալ ֆիզիքական հանգիստով, առատ հեղուկ խմելով եւ հակաջերմ դեղերով: Ան կանխարգելի է յատուկ պատուաստով մը:
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Տօքթ. Կարպիս Հարպոյեան, Ասպարէզ, Մոնրէալ, Ապրիլ 5, 2013։