Մանիական Տառեր
Մանիական Այբուբէնը ԱԲԳաԴ-ական դասաւորութեամբ այբուբէն մըն է, եւ 3-րդ դարէն սկսած Մանիքէութեան կեդրոնական Ասիայէն դէպի յարաւ-արեւմտուտք ու այդկէ անդին տարածումին հետ առընչուող տառատեսակ մըն է։ Ան կը պատկանի Փահլաւի այբուբէնի վաղեմի տարբերակներուն, երկուքն ալ Արքայական Արամերէնի այբուբէնէն զարգացաած են, վերջինիս բարբառներէն սեպհական մէկը Ախեմենիներու (Աքեմենի) պալատը որդեգրած էր իբր պաշտոնական լեզու։ Ի-տարբերութիւն Փահլաւական այբուբէնի Մանիական տառերը կրած են Սողտական այբուբէնի ազդեցութիւնը, զորս իր հերթին կը սերի Արամերէնի Սրիանական (նաեւ թիւրօորէն կը կոչուի Ասորերէն): Մանիական այբուբէնը այսպէս կը կոչուի քանի որ անոնք գծած ու ստեղծած է Մանին։ Միջին Պարսկերէնը գրուած է նաեւ այս տառերով։
Իրանագէտ Տեսմոնտ Տրուքին-Մայսթըրէրնսթը կը նշէ որ Մանիական Այբուբէնը հիմնականօրէն գործածուած է Միջին-Իրանական լեզուներ գրելու համար՝ Մանիական միջին-Պարսկերէն, Պարթեւերէն, Սողտերէն, վաղ Նոր-Պարսկերէն, Պաքթրիերէն․․ Ինչպէս նաեւ Ույկուրերէն (վերջինս Թիւրքական լեզու է, եւ ոչ Իրանական)[1]։ Մանիական այբուբէնը մօտիկ կապ ունի Արամերէնի Փալմիրական այբուբէնին, եւ Սերաներէնի (Քրիստոնէական Արամերէնի) հետ։[1]
Անուանակոչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Մանիական» եզրոյթը այս աբուբէնին համար իբր անուանում առաջին անգամ ի հանդէս եկած է Գէրմանացի գիտնական Ֆետերիշ ՈՒ․ Ք,ժ․ Մուլար-ի կողմէն (Friedrich W. K. Müller), Մանիի ձեռագրերը գրելոտւ այս տառերը գործածելու համար։ Մուլար-ը արդի օրերուս (1903/4) առաջին գիտնականն էր որ այս տառերը կարդաց։
Ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այն լեզուն ու տառերը որոնցմով գրուած են Վաղ-Մանիական բնագրերը կը դասուին Սրեաներէն-Արամերէն, ուստի անոնք կը սեպուին Սրեաներէն/Արամերէն գրութիւններ։ Աւելի ուշ բնագրեր որոնք գրուած են Մանիական գիրերով վկայուած են միջին Իրանական լեզուներու երէք Ցեղաբառերու (Ցեղային Բարբառ, Ethnolect՝ այն լեզուները որոնց գործածողները ցեղային խումբերու անդամներ են ովքեր ի սկզբանէ գործածած են այլ լեզու) գրականութեանց մէջ։
- Սողտերէն — Սողտիայի արեւելքի բարբառը, որտեղ Մանիականութիւնը դաւանող մեծ բնակչութիւն ունեցած էր։
- Պարթեւերէն — Պարթևստանի բարբառը, Իրանի Հիւսիս արեւելքին մէջ գտնուող որն անզանազանելի է Իրանի հիւսիս արեւմուտքին մէջ տարածուած Մարերէնէն։
- Միջին Պարսկերէն — Պարս, Փերսիս (Իրանի յարաւ արեւմտեան այն շրջանը ուրկէ ստացած է Պարսկաստան անունը, Պարսիկները եղած Իրանի գերիշխող ցեղը, ինչպէս իրենց լեզուն՝ Պարսկերէնը)։
Մանիական համակարգը չունի այսպէս կոչուած «Սեմական» լեզուներու բանատառերու (կամ բառանշան՝ այնպիսի տառեր որոնք կը ներկայացնեն բառեր կամ ձեւոյթներ) ու գաղափարանշաններու (նշանագրեր) հաճախականութիւնը որոնք ժառանգուած են դիւանական Արքայական Արամերէնէն, ինչը Փահլաւի համակարգին իւրայատկութունն է։ Բացի ասկէ, Մանիական ուղագրութիւնը այդքան ալ պահպանողական չէր, ոչ ալ պատմական եւ աւելի մօտ է արդի արտասանութեան քանզ թէ Փահլաւերէն արտասանութիւնը այն ժամանակուայ։
Մանիական տ տառերը միակ այբուբէնը չէին որոնք գործածուեցան Մանիի ձեռագրերը մատուցելու։ Երբ գրութիւնը Սողտերէնով կ՛ըլլար, ինչը շատ յաճախ տեղի կ՛ունենար, Մանիական Մագաղաթները ստէպօրէն կը գործածէին Սողտական այբուբէնը (Ույկուրական տառերը)։ Նոյն ձեւով, Մանիականութենէն դուրս, Պարսա (Փարսա,Պարսկերէնի բարբառներէն) արձանագրուած է նաեւ այլ այբուբէններով, ինչպէս օրինակի համար Փահլաւունի տառերը (զորը կը կոչուի Փահլեւի, կամ Զրադաշտական Միջին Պարսկերէն), եւ Աւեստական այբուբէնը (որ կը կոչուի Պարենտ/Փազենտ)։
Երբ Մանիականութիւնը կը հալածուէր Միջագետքի մէջ (այժմու Իրաքը) եւ իր ակունքին՝ Սասանեան կայսրութեան տարածքէն ներս, Միջին Ասիոյ եւ Մետաքսի Ճանապարհին երկայնով շարունակեց ամուր հիմ տալ։ Անիկա դարձաւ պետական կրօն Ույկուրներուն մէջ հինգ դար շարունակ (8-րդէն մինչեւ 12-րդի ընթանցքին), եւ այսպիսով բազում փրկուած մագաղաթներ նախայիշեալ Իրանական լեզուներով, Վաղ-Ույկուրերէնով ու Թոխարական լեզուներով, գտնուեցան այսօրուայ Չինաստանի «ՇինՃեանկ» շրջանի «Թուրփան /Թուրֆան» գաւառին մէջ։
19-րդ դարին, Գերմանական արշավախումբերը յայտնեցին շարք մը Մանիական ձեռագիրներ մետաքսի ճանապարհին վրայ, Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութան Չինարէն՝ «ՀանՓութաուԿօու» կամ ՝ «Պուլայըք» շրջանին մէջ։ Այս մագաղաթներէն շատերը այսօր կը պահուին Պերլինի մէջ։
Տառերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինչպէս «ԱՊՃաՏ»-ներու մեծ մասը, Մանիերէնը կը գրուի Աջէն ձախ, եւ կը կարօտի ձայնաւորներու։ Ունի որոշ բաղաձայներ որոնք կարող են միացուիլ երկու կողմէն, իսկ ուրիշ բաղաձայներ որոնք միայն ձախ կողմէն կը միանան, եւ որոշ բաղաձայներ որոնք բնաւ չեն միանար, ի-տարբերութիւն ամէնահռչակաւոր «ԱՊՃաՏ»-ներէն մէկուն՝ Արաբերէնին ուր բաղաձայները կամ երկու կողմէն եւ կամ միայն աջ կողմէն կը միանան։ Մանիերէնը զատ նշան մը ունի շաղկապելու համար՝ «Ուտ» (Եւ/ՈՒ)։ Երկու կէտեր կը զետեղուին գիրերուն վրայ յապաւումները նշելու համար, եւ վերնատողերը, էջերու կիսումները, նախադասութիւններու բաժանումները, եւն․․ մատնանշելու համրար տարբեր կետադրական նշաններ գոյութիւն ունին։
Թիւերը շինուած են 1, 5, 10, 20 և 100 միաւորներէ, ու տեսողութեամբ ճանաչելի են։ Նաեւ կարգ մը տառեր ունին այլընտրանքային ձեւեր։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Տուրքին-Մայսթըրէրնսթ, Տէսմօնտ (Հոկտեմբեր, 14 2005)։ Մանիական Տառեր «Իրանական Հանրագիտարան » (Ինսայքլոփիտիա Իրանիքա)։