Jump to content

Մահուան Արգելք

Վայրեր, ուր կ՚արգելուի մահանալ

Մահուան արգելք, որոշակի տեղեր մահանալու իրաւաբանական արգելք (ընդհուպ մինչեւ տուգանք հանգուցեալի ընտանիքին եւ այլն)։

Անցեալին կ՛ըլլար միայն քաղաքական կամ կրօնական նկատառումներով, որպէսզի չապականուի սրբազան վայրը։ Յոյներու մօտ Ն.Ք. 5-րդ դարուն մահուան համար արգնլուած վայր էր Տելոս սուրբ կղզին։ Յաճախ կը նշուի, որ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ կարելի չէ մահուամբ պղծել խորհրդարանական Վեստմինստէրեան պալատը[1][2][3][4], իսկ ան, որ պատահաբար այդտեղ կը մահանայ, կրնայ ի նշան մաքրման թաղուիլ թագաւորի հաշուին։

Մեր ժամանակներուն շարք մը բնակավայրեր ընդունած են մահուան արգելքի օրէնքներ իբրեւ «յուսահատութեան ժեստ» քաղաքի գերեզմանների առատութեան պատճառով։ Այդ օրէնքները կ՚ընդունուին այն յոյսով, որ վերադաս մարմինները յուղարկաւորութիւններու համար նոր տեղամասեր տրամադրելու որոշում կը կայացնեն։

Այսպիսի օրէնքներ կը գործեն Լանխարոնի մէջ[5] (Անտալուսիա, Սպանիա[6]), ֆրանսական երեք բնակավայրերու մէջ (բոլորը Ֆրանսայի հարաւը)՝ Քիւնէօ[7], Լը Լաւանտու, Սարպուրոն, Շպիցպերկէնի Լոնգյիր քաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ նմանատիպ օրինագիծ կը նախապատրաստի պրազիլական Պիրիտապա-Միրիմ[8][9]։ Վերջին դէպքին քաղաքապետը իր առաջարկը հիմնաւորած է անով, որ քաղաքը կը գտնուի քանի մը գետերու միաձուլման վայրին մէջ, ուրկէ ալ ձեռք կը բերուի խմելու ջուրը․ իսկ այդ կը նշանակէ, որ նոր թաղումներն ու գերեզմանատուներու աճը վտանգաւոր են շրջակայ միջավայրի վարակման տեսանկիւնէն։

Լոնգյիր քաղաքին մէջ (Շպիցպերկէնի արշիպելագ, Նորվեկիա) կը գործէ օրէնք, որ կ՚արգիլէ մահանալ իր տարածքին մէջ։ Եթէ ինչ-որ մէկուն ցնցած է ծանր հիւանդութիւն կամ տեղի ունեցած է մահացու դժբախտ պատահար, հիւանդին պէտք է անմիջապէս օդով կամ ծովով ուղարկել Նորվեկիոյ այլ հատուած, ուր ան կը մահանայ։ Նոյնիսկ եթէ մահը տեղի կ՚ունենայ քաղաքին մէջ, հանգուցեալին միեւնոյն է կը թաղեն «Մեծ երկրի» վրայ։ Այս հարկադրական միջոցները պայմանաւորուած են անով, որ յաւերժական ցուրտի պայմաններուն թաղումէն ետք մարմինը չի քայքայուիր եւ կը գրաւէ այնպիսի գիշատիչներու ուշադրութիւնը, ինչպիսին են սպիտակ արջերը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Cleland Gary (2012-04-06)։ «Illegal mince pies and other UK legal legends»։
  2. «Illegal mince pies and other UK legal legends»։ BBC News Magazine A
  3. Cleland Gary (2007-11-06)։ «Don't die in parliament, it's the law»։ The Daily Telegraph (London)
  4. «"Spanish Mayor Outlaws Death". Stiffs. 2 October 1999.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 9 July 2008-ին։ արտագրուած է՝ 9 July 2008 
  5. «Forbidden to die because of lack of room - WeirdGlobeNews.com»։ web.archive.org։ 2008-05-28։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-05-28-ին։ արտագրուած է՝ 2019-10-01 
  6. Henley Jon (2000-09-23)։ «Citizens live under law's dead hand»։ The Guardian (London)։
  7. «"Cemetery full, mayor tells locals not to die"»։ արխիւացուած բնօրինակէն 2011-06-04-ին։ արտագրուած է՝ 2011-06-04 
  8. «MSN | Outlook, Office, Skype, Bing, Breaking News, and Latest Videos»։ www.msn.com։ արտագրուած է՝ 2019-10-01 
  9. «"Brazil city proposes ban on death"»։ արխիւացուած բնօրինակէն 2011-06-04-ին։ արտագրուած է՝ 2011-06-04