Սպիտակ Արջ
Սպիտակ արջ (ծովային արջ) կամ Բեւեռային արջ, հիւսիսային բեւեռային շրջաններուն մէջ տարածուած արջի տեսակ է։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սպիտակ արջերը գազաններ են, որոնք ունին մեծ եւ ծանր մարմին, մեծ գլուխ, կարճ պոչ եւ փոքր ականջներ: Մարմինը ծածկուած է խիտ սպիտակ ստեւներով: Ծնօտները մեծ են՝ խոշոր ժանիքներով, թաթերը ուժեղ են՝ կեռ մագիլներով: Հոտառութիւնն ու լսողութիւնը լաւ զարգացած են:Էգերը կը կշռեն 350-700 ք.կ., իսկ արուները՝ 1000 ք.կ.:
Սպիտակ արջը երկրագունդի ամենամեծ գիշատիչ անասունն է: Կ'ապրի միայն Արքթիթայի մէջ: Ամբողջ կեանքը կ'անցընէ սառոյցների մէջ, ջուրը անոր հարազատ աշխարհն է: Սպիտակ արջը կրնայ ժամական 4–5 ք.մ. արագութեամբ լողալ, սուզուիլ գրեթէ փոկի պէս եւ երկու վայրկեան մնալ ջուրին տակ:Կը սնանի փոկերով, ձուկերով եւ թռչուններով: Երբ ձագեր ծնելու ատենը գայ, էգը կը մտնէ ձիւնէ քարայրը: Հսկայ` 700 ք.կ. այդ անասունին նորածին քոթոթները առնետէն քիչ մը մեծ կ'ըլլան: Մինչեւ ձագերուն մեծնալը մայր արջը որջէն դուրս չ'ելլեր:Կէս քիլօ ծնած նորածինները, որոնք սովորաբար թիւով երկու կ'ըլլան, կը ծնին Յունուար-Փետրուարին: Մայր արջը զանոնք կը կերակրէ մինչեւ գարուն: Այդ ընթացքին անոնք դանդաղ կ'աճին: Գարնան ձագերը «գայլի ախորժակ» կ'ունենան. որջէն դուրս կու գան շնիկի չափ դարձած, բայց յետոյ այնքան են կ'աճին, որ երբեմն նոյնիսկ 2,5 մ երկարութիւն կ'ունենան [1] Սպիտակ արջեր: Սպիտակ արջերը միւս արջերէն կը տարբերին անով, որ անոնք ունին երկար վիզ եւ տափակ գլուխ։ Կաշին սեւ է, իսկ մուշտակին գոյնը կը փոխուի սպիտակէն մինչեւ դեղնաւուն, ամրան կը դեղնի արեւի լոյնսի անընդհատ ներգործութենէն։ Ոտքերուն ներբանները բրդոտ են, որպէսզի չսահին սառոյցին վրայ եւ չսառին։ Մատներուն մէջտեղ կը գտնուի լողաթաղանթը։
Ներկայիս սպիտակ արջերը կը դասուին անհետացումի վտանգին ենթարկուած անասուններու շարքին: Սպիտակ արջերը արագավազ են, նոյնիսկ երբեմն ձիերէն ալ աւելի արագ:Անոնք կրնան ժամական 60 ք.մ. վազել:
Սպիտակ արջերու կարելի է հանդիպիլ նաեւ Տենմարքի, Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի (Ալասքայի) եւ Քանատայի մէջ: Այս երկիրները 1973-ին իրարու միջեւ համաձայնագիր մը կնքած են, պաշտպանելու սպիտակ արջերը եւ արգիլելու անոնց որսը:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-10-14-ին։ արտագրուած է՝ 2017-11-28