Jump to content

Մակդիր

Մակդիր, գեղարուեստական խօսքին մէջ մակդիրը այն բառն է, որ գործածելով գոյականի հետ՝ կը բացայայտ եւ կ'ընդգծէ անոր հիմնական յատկանիշը եւ անոր նկատմամբ որոշակի վերաբերմունք կ'արտայայտէ:

Մակդիրը ընդհանրապէս կը համապատասխանէ ածականին, բայց ամէն մէկ ածական անպատճառ մակդիր չէ: Այսպէս օրինակ, երբ կ'ըսենք «սեւ ձեռնոց», հոս «սեւ» ածականը կը մատնանշէ ձեռնոցի գոյնը եւ ուրիշ ոչինչ, բայց երբ կ'ըսենք՝ «սեւ գիշերն է գրկեր զիս», հոս արդէն «սեւ»-ը մակդիր է, ցոյց կու տայ հոգեկան որոշ վիճակ մը: Կամ երբ կ'ըսենք «քարէ շէնք», կը շեշտենք որ այդ շէնքը քարէ է եւ ոչ թէ աղիւսէ կամ հողէ: Հոս «քարէ» բառը պարզ ածական է, սակայն երբ կ'ըսենք «հոյակապ շէնք», «հոյակապ» բառով զգացմունք, վերաբերմունք կ'արտայայտենք, ուստի «հոյակապ» ածականը այստեղ արդէն մակդիր է:

Օրինակ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութեան մէջ գործածուած են բազմաթիւ մակդիրներ:

Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բարն եմ սիրում,
Մեր հին սազի ողբանուագ, լացակումած լարն եմ սիրում,'
Արնանման ծաղիկների ու վարդերի բոյրը վառման
Ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պարն եմ սիրում:

Մակդիրն ընդհանրապէս կ'արտայայտուի ածականով (ինչպէս բերուած տողերուն բոլոր օրինակները), բայց կրնայ կազմուիլ նաեւ գոյականով (հրաշք աղջիկ, կախարդ ձմեռ, ծով աչքեր), ինչպէս նաեւ քանի մը բառերու համադրումով (մթում կորած խրճիթներ):

  • «Մայրենի Լեզու», Երեւան: