Jump to content

ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակ

ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակ (ՄԱՓԳՅ) (անգլ.՝ United Nations High Commissioner for Refugees, UNHCR), ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններէն մէկը, որ կը զբաղի փախստականներու հարցերով[1]: Ան հիմնադրուած է

1951 թուականին Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի հետեւանքով անօթեւան մնացած աւելի քան մէկ միլիոն մարդոց օգնելու նպատակով:

Փախստականներու գերագոյն յանձնակատարը միջազգային պաշտպանութիւն կը տրամադրէ փախստականներուն, իր կարեւորագոյն առաջադրանքներէն է Մարդու իրաւունքներու յարգանքը, ընդհուպ մինչեւ ապաստան գտնելու հնարաւորութիւնը իրագործուի[2]: Կազմակերպութեան Գերագոյն յանձնակատարն է Ֆիլիփօ Կրանտին է (Իտալացի դիւանագէտ):

ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակը ստեղծուած է 1950 (1951) թուականի 14 Դեկտեմբերին, ՄԱԿի Գլխաւոր Ժողովի կողմէ[1]: Գործակալութեանը յանձնարարուած էր ղեկավարել եւ համակարգել փախստականներուն պաշտպանելու եւ ամբողջ աշխարհին մէջ անոնց խնդիրներու լուծման միջազգային գործողութիւնները[1]: Գրասենեակը երկարատեւ լուծումներ կ'առաջարկէ փախստականներուն կամաւոր հայրենադարձութեան, ապաստան երկիրներուն մէջ կամ երրորդ երկիրներու մէջ վերահաստատման համար:

ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակը ստեղծուած է Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ, երբ պատերազմի ընթացքին բազմաթիւ եւրոպացիներ բռնի ուժով տեղահանուեցան[3]: Ան հիմնադրուած է 1951 թուականին Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի հետեւանքով անօթեւան մնացած աւելի քան մէկ միլիոն մարդոց օգնելու նպատակով: Գրասենեակը սկիզբէն ունէր երեք տարուան հովանաւորութիւն, ինչ որ աւելի ուշ երկարաձգուեցաւ իրար յոջորդող հինգ տարի ժամկէտով մինչեւ 2003 թուականը, երբ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը որոշեց օժտել կառոյցը «մինչեւ փախստականներու խնդիրը վերջնականապէս լուծում ստանայ»[2]հովանաւորութեամբ:

  • Անոր հիմնական նպատակն է պաշտպանել փախստականներու իրաւունքները եւ բարեկեցութիւնը:
  • Փախստականներուն պաշտպանել եւ ամբողջ աշխարհի մէջ միջազգային գործողութիւններով լուծել անոնց խնդիրները[1]:
  • Թոյլ չտալ, որ երբեւիցէ մէկուն իր կամքին հակառակ վերադարձնեն երկիր մը, ուր հիմքեր կան վախնալու, ուր կրնայ ենթարկուիլ հալածանքի[2]:
  • Օգնել այն մարդոց, որոնք նոյնիսկ որեւէ երկրի քաղաքացիութիւն չունին[3]

Մինչեւ 2010 թուականի վերջը ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակը արդէն հոգ կը տանէր շուրջ 36.5 միլիոն հոգիի, այդ թուականին՝ փախստականներու, վերադարձուած անձերու, սեփական երկրին մէջ տեղահանուածներու եւ քաղաքացիութիւն չունեցող մարդոց համար[2]:

ՄԱՓԳՅ-ի գրասենեակը՝ Զուիցերիոյ Ժընեւ 2, CH-1211, փոստարկղ 2500, հեռ՝ (41-22) 739, 8111:

Սկսած 1950 թուականէն, գործակալութիւնը օգնած է տասնեակ միլիոնաւոր մարդոց նորովի սկսիլ իրենց կեանքը[3]:

Գրասենեակի 2010 թուականի հաստատած երկամեայ ծախսի ծրագիրը կը կազմէր 3,2 միլիար տոլար[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 ՄԱՓԳՅ-ի պաշտօնական կայքէջը
  2. 1 2 3 4 5 «հիմնարար Փաստերէ, Միաւորուած Ազգերի Կազմակերպութիւն, Երեւան, 2013 թուական, էջ 80
  3. 1 2 3 Office of the United Nations High Commissioner for Refugees

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]