Jump to content

Ճերիտէի Շարքիէ

«Ճերիտեի Շարքիէ» («Օրագիր արեւելեան»), հայատառ թրքերէն օրաթերթ։ Լոյս տեսած է 1885-1913-ին, Կ․ Պոլսոյ մէջ։ Արտօնատէր-խմբագիր Տ․ Ճիւէլէկեան, խմբագիր՝ Հ․ Վարժապետեան (1907-էն)։ Հրատարակուելով հիմնականին թրքախօս հայերու համար՝ թերթը 1890-ական թուականներէն աւելի լայն տեղ յատկացուցած է հայերէն նիւթերուն (ինքնուրոյն եւ թարգմանական գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ, բանավիճային յօդուածներ եւ այլն)։ Տպագրած է զրոյցներ, թարգմանական եւ ինքնուրոյն վէպեր, լուսաբանած արեւմտահայ հասարակական-մշակութային կեանքը, ներկայացուցած յօդուածներ հայ գրականութեան, թատրոնի եւ անոր գործիչներու (Պ․ Ադամեան եւ ուրիշներ) մասին։ Յաջորդած է 1877-1884-ին հրատարակուած «Թերճըմանը էֆքեար» («Թարգման մտածման», խմբագիրներ՝ Տ․ Ճիւէլէկեան, Ա․ Սագայեան) թերթին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։