Ղափան (թերթ)
Ղափան | |
---|---|
Տեսակ | թերթ |
Լեզու | հայերէն |
Երկիր | Հայաստան |
«Ղափան», խորհրդային շրջանի երկօրեայ թերթ, ՀԿԿ Ղափանի շրջանային կոմիտէի եւ ժողովրդական դեպուտատներու Ղափանի շրջանային ու քաղաքային սովետներու օրգան։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1930 թուականին, Ղափանի մէջ (1930-1935 թուականներուն՝ «Պայքար պղնձի համար», 1936-1941 թուականներուն, 1946-1979 թթ.-ին՝ «Պղնձի համար», 1979 թուականէն՝ «Ղափան»)։
Լուսաբանած է շրջանի ու քաղաքի աշխատաւորութեան, կուսակցական, արհմիութենական եւ կոմերիտական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը տնտեսական ու մշակութային շինարարութեան մէջ, հասարակական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ։ Ուշադրութեան կեդրոնը պահած է արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու, կոլտնտեսութիւններու ու սովետական տնտեսութիւններու աշխատանքները, սոցիալիստական մրցութեան, արտադրանքի որակի բարելաւման հարցերը։
Տեղեկութիւններ հաղորդած է նաեւ ԽՍՀՄ, Հայկական ԽՍՀ եւ արտասահմանեան երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող կարեւոր համարուող իրադարձութիւններու վերաբերեալ (խորհրդային քարոզչութեան սահմաններով), ծանօթացուցած քաղաքի ու շրջանի մշակութային, մարզական կեանքին, տուեալ գրական էջեր։