Ձեռնազանգակ
Ձեռնազանգը զանգ է, ձեւաւորուած ձեռքով նուագելու համար: Այն ունի բռնակ մը, որուն շնորհիւ զանգահարը կրնայ զայն բռնել եւ նուագել: Այդ բռնակը ե՛ւ կաշիէ կ'ըլլայ, ՛եւ ձեւակերտէ (փլասթիք): Դաստակի շարժման միջոցով ձեւռնազանգի մէջ եղած մուրճիկը կը շարջուի, եւ ձեռնազանգակի մետաղեայ մասին հարուածելով կը ստանայ ձայն: Սովորական զանգակները հեշտութեամբ կը գործածուին, իբրեւ ազդանշան՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու կամ զիրար հաւաքելու համար, իսկ ձեռնազանգը կը համարուի խիստ լարուած գործիքներու խումբէն:
պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քոր եղբայրները սկիզբը զանգակներ շինեցին կառաձիքերուն համար (կառք քշող ձի):[1] Բայց անյայտ պատճառներով անոնք սկսան լարելու իրենց զանգերը, որպէսզի ստանան խիստ ճշկրիտ լարուածք, եւ վերափոխուցաւ մէկ կենտրոնական մուրճիկի ինչը կը շարժուի միայն մէկ ուղղութեամբ:[2]
Անուանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]զանգերը գործածուած են Ամերկիկական ձեռնազանակի երգչախուբի, որոնք մշտական անգլիական զանգակներ են: Անգլիական ձեռնազանգակները յատուկ զանգակի տեսակ է եւ ոչ թէ ծագման երկիր: Չնայած որոշ ձեռնազանգի երգչախումբերը կը գործածեն անգլիական զանգակներ, մեծամասնութիւնը կը նուագեն «Malmark Bellcraftsmen» կամ «Schulmerich Bells» արտադրանքի զանգակներ, երկուքն ալ հիմնուած են Փէնսիլվանիային մէջ: ]].[3]
Անգլիոյ մէջ կայ տարբերութիւն «ամերեկան ձեռնազանգակի» եւ «անգլիական ձեռնազանգակի» միջեւ: Անգլիական ձեռնազանգակները աւանդական են, այիսինքն կաշուէ մուրճիկներով եւ բռնակներով է (ինչպիսին են Whitechapel-ի շինածները), իսկ ամերկեան ձեռնազանգակները կ'օգտագործեն ժամանակակից արտադրանիւթեր՝ փլասթիք, ձգախեժ, որպէզսի նոյն ձայնային տվեալները ունենայ (ինչպիսիք Malmark-ի եւ Schulmerich-ի արտադրանքներն են): Ինչեւիցէ Ամերիկայի մէջ ասոնք անգլիական կը կոչուին:
Բնութագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անգլիական ձեռնազանգերու երկու խոշորագոյն բնութագրիչ յատկանիշներն են իրենց մուրճիկները եւ հնչերանգները՝ օպերթոնները արտահանելու ունակութիւնը: Անգլիական ձեռնազանգակի մուրճիկը, ի տարբերութիւն դպրոցական զանգակներու՝ կապուած է, եւ կը շարժուի մէկ ուղղութեամբ՝ ետ ու առաջ, իսկ այդ դպրոցական զանգակերուն մուրճիկները ազատ են եւ կը հարուածուին բոլոր ուղղութիւնններով: Այն նաեւ ունի զսպանակ որ մուրճիկը պահէ, հարուածէն ետք որպէսզի մնայ կաղապարի մէջ, որպէսզի խափանի մուրճիկի ազատ հարուածումը: Բացի այդ, մուրճիկին ձողը կոշտ, այնպէս որ մուրճիկը մշտապէս շիտակ կը պահէ՝ դէպի վեր:
Ձեռնազանգակները կրնան կշռել շատ թեթեւ՝ 200 գրամ, կամ ալ շատ ծանր 8,2 քիլո գրամ:[4]
Կատարումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ձեռնազանգակի երգչախումբը կամ խումբը կամ նուագախումբը, խումբ մըն է որ կը նուագէ մեղեդիներ եւ ներդաշնակութիւն: Զանգերը ընդհանուր առմամբ, կ'ընդգրկէ քրոմաթիք մասշտապի բոլոր ձայները: Ամենափոքր խումբը կը բաղկանայ 25 զանգէ ( երկու օքթավ, G4–G6): Ընդհանրապէս խումբը աւելի մեծ կ'ըլլայ, մեծութիւնը մինչեւ 8 օքթավ կը հասնի (97 զանգ, C1–C9): Զանգակները ընդհանրապէս կը դասավորուին քրոմաթիք ձեւով սփունգներով պատուած սեղաններու վրայ: Այդ սեղանները կը պաշտպանեն զանգակի պրոնզէ մակերեսը, ինչպէս նաեւ կը պահպանեն զանգերը գլտորուելէ երբ զանգակը դրուած է իր տեղե սեղանին վրայ: Ի տարբերութիւն նուագախումբի եւ երգչախումբի, ուր իւրաքանչիւր երաժիշտ պատասխանատու է իր իսկ հիւսուածի համար, ձեռնազանգակի խումբը կը ներկայանայ որպէս մէկ ընդհանուր գործիք, այստէղ ամեն անհատ երաժիշտ պատասխանատու է իր հնչիւններուն համար, նուագելով իրեն համար նախատեսուած զանգակները երբ նօթագրութեան մէջ նշուած է: [աղբիւրի կարիք ունի]
Երաժշտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ձեծնազանգակի երգչախումբերը ենդհանրուր առմամբ կը նուագեն ստեղծագործութիւններու վերափոխուած տարբերակները հատուկ մշակուած ձեռնազնագակի համար, գոծիքի բարձր հնչումը, նօթամերուն սահմանափակ քանակը կազմէն նէրս [աղբիւրի կարիք ունի] Կան մի քանի յայտնի հրատարակչութիւններ որոնք կ'ապահովեն ձեռնազանգակի երաժշտութեան տպագրութիւնները՝ Hope Publishing Company, The Lorenz Corporation եւ Alfred Music, ինչպէս նաեւ անհատ գրողներու եւ հրատարակողներու կողմէ ըրոած գործերը: Ռեռնազանգակի ամենամեծ ծախսերէն մէկը հրատարակչութիւններուն առաքումն է (շատ նօթաներ արձանագրուած են միայն կոշտ սկավառակի վրայ) եւ տարածեն: Քանի որ մեծմասամբ անթոյլադրելի է կրկնօրինակել նօթաները եւ ամե ն նուագողի անհրաջեշտ է մէկ օրինակ, այդ իսկ պատճառով աւելի ծախսատար է: Ձեռնազանգահաներուն մօտեցումը փոքր-ինչ այլ է մնացած նուագախումբերէն: Հոս բոլորը նօթաներէն կ'ընթերցեն: Կը նմանին դաշնամուրի նօթաներուն, բայց յաւելեալ պայմանավորուածութեաբ՝ Առաջին օքթավի Տո#-էն վար ամեն հնչիւնները կը գրուին ֆայի բանալով, երկրորդ տողին վրայ: Իսկ առաջին օքթավի Ռէ♭-էն վեր բոլոր հնչիւնները կը գրուին սոլի բանալիով, առաջին տողին վրայ (այս ձեւաչափը պայմանական չէ մենակատարի եւ փոքր-նուագախումբին համար): Ձեռնազանգակի նօթաները կը գրուին մէկ օքթավ վար հնչած ձայնէն, այսինքն առաջին օքթավի Տո զանգակը կը նուագէ փոքր օքթավին վրայ գրուած տո նօթան:[5][6] Եկեղեցուոյ ծառայութիւններէն դուրս ձեռնազանգակը այսօրնէ քիչ 1980ականներէն մինչեւ 1990ականներու սկիզբ, ստեղծագորշութիւններուն տեւողութիւնը չորս վայրկեանը չէր գերազանցէր: Քանի մը քոմփոզիթորներ եւ փոխադրողներ կը գրեն ծավալով աւելի երկար եւ աւելի դժուար ստեղծագոտծութիւններ, սովորաբար այդ ստեղծագործութիւններուն մէջ ձեռնազանգակը կը նուագէ ուրիշ գործիքներու հետ:
Զանգահարելու հմտութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ձեռնազանգակը զանգհարելու համար, զանգահարը զանգը կը շարժէ այն ուղղութեամբ որ մուրճիկը հպուի զանգակի պատեանին եւ ձայն հանէ, զանգը նուագողը կը բռնէ ուսէն քիչ մը վար եւ հետո զանգահարելու ժամանակ կը հարուածէ թեւը ամբողջովին բանալով՝ կրծկաւանդակին յարթութեան վրայ, եւ ճկուն կլոր շարժումով կը բերէ եւ կը հասցնէ ուսի մակարդակին, եւ երբ իր նօթան կը դադարի զանգահարը կամ մարմինին կը հենէ զանգը , կամ ալ ձեռքով կը բռնէ որպէսզի ձայնը վերջնական կտրուի: .[7] Ձեռնազանգակի հմտութիւնները փոփոխուեցան տարիներու ընթացքին: Westminster Concert Bell Choir-ի տնօրէն Տոնալտ Ալլուրտը ստեղծեց «սեղանի վրայ» նուագելաոճը, ներառուած տարբեր ոչ-զանգակային ձայներու երեոյթներ, կանգնած հմտութիւններ ալ ստեղծեց, օրինակ՝ զանգակին մուրճիկին խլացումը սեղանին վրայ: Ան հնարեց նաեւ ձայնը դադարեցնելու կամ դադարեցումը խթանելու համար նոր ձեւեր՝ դպցնել զանգակը փափուկ մակերեսին: [աղբիւրի կարիք ունի]
բազմաքանակ-զանգակի հմտութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սովորական զանգակահարութեան հմտութիւնով կրնաս միաժամանակ միայն երկու զանգակ նուագել, ամեն մէկը մէկ ձեռքով: Երբ զանգակահարներուն թիւը չի բաւէր ձեռնազանգակներուն թիւին, անհրաժէշտ կ'ըլլայ ամէն մէկ նուագողին երկու զանգակէ աւելի նուագել միաժամանակ կամ շատ քիչ ժամանակի տարբերութեամբ (չորսը ձեռքի մէջ): Շատ տարբեր հմտութիւններ կան փոխելու համար զանգակին ձայնը նուագելու ժամանակ:
չորս զանգակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երլու եղանակ կայ երկու զանգակ մէկ ձեռքով նուագելու համար. չորս զանգակ երկու ձեռքով եւ «Shelley»:
Այս ձեւով նուագի ժամանակ, զանգակահարը երկու զանգակ կը բռնէ մէկ ձեռքով՝ զանգակներուն մուրճիկներուն անկիւնները պէտք է իրար դիմաց ըլլան: Այս ձեւով նուագողը կ'ըռնայ ձեռքը սովորրական շարժել («ring»- առաջին զանգակն է) կամ նուագել սկիզբը-բախմանը («knock» երկրորդական զանգակն է) որպէսզի երկու զանգակներն ալ անկախօրէն նուագուին (ընդհանուր հաշիւով կ'ըլլայ չորս զանգակ եթէ երկու ձեռքերուն մէջ կայ երկուական զանգակներ): Երկու զանգակները միասնաբար երբ կ'ուզուի նուագուիլ զանգակները իրարէ 45° անկիւնեվ պէտք է բռնուին որպէսզի խուսափինք իրար զարնելէ: Այս հմուտը կը գործածուի որպէսզի աւելի մեծ ձայնատարութիւն գործածուի եւ աւելի շատ խուսափուի սխալ զանգեր առնելէ: «Shelley» նոուագը շատ պարզունակ է, զանգակներուն մուրճիկները ուղղահայաց կ'ըլլան, այսպիսով երկու զանգակները սովորական հնչիւն կ'ունենան միասնաբար , մէկ հարուածով: «Shelley»-ն ընդհանրապէս կը գործածուի ոքթավային նուագներու համար, բայց նոյնպէս հնարաւոր է զանգակները մէկ-մէկ նուագել մէկը ձայնով առաջ մղելով, իսկ մուսը մատներու օգնութեամբ ետ մղելով:[8] Ինչ կը վերաբերուի այս երկու հմտութիւններուն համեմատմանը, մարդիկ կան որ կը կարծեն թէ «Shelley»-ի նուագաձեւը հինցած է, իսկ չորս ձեռքի հմտուիւնը կը կատարելագործուի: Իսկ ուրիշ մարդիկ կը մտածեն որ մուրճիկներուն հարուածները նոյն հարթութեան վրայ նոր հմուտներ առաջ կը մղեն՝ աւելի մատչելի, մասնաւորապէս թափահարումը (shaking), «martellato» եւ «vibrato»:
Վեց զանգակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարբեր ձեւեր կան միաժամանակ վեց զանգակ նուագելու համար (այսինքն երեք զանգակ ամեն մէկ ձեռքին մէջ): Առաջին ձեւը՝ երկու զանգակները բռնել «Shelley»-ի ձեւով, եւ երրորդ զանգակը առնել պստիկ զանգակին եւ նուագող մատերուն առանքը (եռակի «Shelley»): Երեքն ալ քը նուագուին միասին երբ որ բոլորը միասին հավասար կը զարնես: Երկրորդ ձեւը՝ երրորդ զանգը կողմնակի կը վերցուի, այմպէս որ մուրճիկը դէպի դուրս զարնէ: Լաւ ինքնահսկողութեամբ նուագողները կրնան նուգել առաջին զանգակը առանց երրորդը հնչեցնելու, երբ որ ձեռքին մէջ երեք զանգակ կ'ըլլայ:[9]
Հիւսուածք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիւսուածքը զանգակներու ն յաջորդականութեանը նուաճման ահմտութիւնն է, այսինքն, ինպէս կռնանք փոխել զանգակին պահանջուաղծ տեղը՝ ուրիշ ձեռքով բռնելով այն: Այս ձեւը կ'օգտագործեն թաւ եւ մենակատար կամ փոքր համոյթով նուագողները: Չափով շատ մեծ եւ քաշով բաւականին ծանր թաւ զանգակները երկու զանգակ մէկ ձեռքով անհնար է նուագեն, եւ սովորաբար մենակատար կամ փոքր կազմով նուագողները պէտք է պէտք եղած թաւ զանգակները տեղափոխեն իր տեղէն աւելի վեր կամ վար, տալով ուրիշ նուագողի մը որ նուագէ: Այս ձեւը առիթ կ'ուտայ որ շատ կարճ յաջորդութեամբ նուագուի երկուքէն աւելի զանգակ:[10] Այս հմտութիւնը կը համակցի չորս զանգակ ձեռքին մէջ, եւ կանուանուի «ճանապարհորդել չորս զանգակը ձեռքին»: Համակցմամբ զանգահարի կարողութեամբ որ երկու զանգակ բռնէ ամէն մէկ ձեռքին մէջ, կարենալով արագ վայր դնել եւ վերցնել մէկ ուրիշ զանգակ:
Այլ հմտութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ավանդական նուագելու ոճէն բացի կայ նաեւ այլ նուագելու տարբերակներ: Միւս տարբերակներուն մէջ ներառուած են «plucking»ը, «shaking»ը (կամ «trilling»ը), սեղանի վրայ ձայնափակում (table damping կամ martellato) եւ զանգակի փայտիկները (malleting bells) կամ օդի մէջ ը գործածուին, կամ ալ սեղանին վրայ:
Արձականգային «Echo» հմտութիւնը կ'ավելցնէ կարճ թռթռում մը երկարատեւ նօթայի մը աճող ծաւալին վրայ: Այս ամենը տեցի կ'ունենայ երբ որ նրբօրէն թռթռացող զանգակին եզրը կը դիպչի սեղանին:[11]
Կիրոն «Gyro» հմտութիւն մըն է որ կը ներառէ զանգակը ուղղահայաց դիրքով պահելը, այնուհետեւ դանդաղ ձեւով պտոյտ ընել ժամացոյցի սլաքի ուղղւոթեամբ կամ հակառակը, քիչ թռթռացող ձայնի արտաբերման համար: Այդ նաեւ հորիզոնականօրէն ըրուիլ, որպէսզի ձայնը աւելի շատ արտաբերուի:[12]
Թակ «Malleting» (փայտէ մուրճիկ) այս մուրճիկները մի քանի տեսակներէ բաղկացած են՝ քաուչուկէ, փլասթիքէ կամ ալ փաթթված մանուածքով մը զանգակի մետաղեայ մասին հարուածելու համար: Ատ կռնայ ստեղծել «Ստաքաթթօ» ձայնաոճը երբ որ սեղմ կը զարնուի զանգակին: Սովորական ձայն կ'ստանանք երբ որ զանգակը կախուած կ'ըլլայ: Կամ ալ կը գործածուի դմբուկի տպաւորութիւն ստեղծելու համար, կ'ստանանք երբ որ մի կանի մուրճիկներ միասին կը գործածենք, կամ ալ մի քանի բախման հարուածներ կը նուագուին իրար ետեւէ: Այս մուրճիկները ոգտակար կ'ըլլան երբ որ պէտք կ'ըլլայ զանգակի ծառ կազմել: Այսինքն երբ որ նուագողի տիրապետութեան տակ կ'ըլլայ երկուքէն աւելի զանգակներ՝ այդ ժամանակ ալ կ'օգնեն մուրճիկները որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ նուագելը: [13]
Հարուած «Martellato» Ասի ալ կ'ստեղծէ սթաքաթթօ ձայնատեսակը բայց ուրիշ ձեւով կը նուագուի՝ զանգակի ձեռքի բռնակը աւելի շուտ կը զարնուի սեղանի սպունգին քան զանգակը, այսպիսով զանգակին ձայնը՝ սպունգին հարուածով շատ կտրուկ կը խլանայ: «կտրուկ բարձրացում» "Mart Lift" ասի նախորդէն կը տարբերուի ատով որ ասի հարուածէն անմիջապէս հետոյ զանգակը պէտք է բարձրացուի սեղանէն: Այս ձեւով կ'ստանանք սթաքաթթօյին յաջորդող փափուկ ձայն մը:[11]
Խլում «Plucking» երբ բութ մատը եւ մնացած չորս մատները կը բռնեն զանգակի վարին մասը ՝ հենելով սեղաղնին, իսկ միւս ձեռքով զանգակի լեզուակը բռնելով եւ քիչ մը խփումով կ'ստանանք սթաքաթթօյի ուրիշ ձայնատեսակ մը:[14]
Թափահառում «Shaking» երբ զանգակը անդադար կը շարժուի այնպէս որ լեզուակը ետ ու առջեւ զառնուիլով ստանանք անդադար ձայն: Մեծ զանգակները ի տարբերութիւն պզտիկներուն աւելի քիչ կտեսնենք թափահառման մէջ, միակ պատճառը չափերն են, մեծ զանգակներուն ձայնային տատանումները ավեի ուշ կը մարին:[15] Երբ թաւ ձայնի զանգակները կախուած կ'ըլլան թափահարման ձայնաձեւը կ'ստանանք օժանդակ փայտէ մուրճիկներու միջոցով:
Երգող զանգակ «Singing bell», այս նուագելաոճով կը ստանանք այն, ինչ որ կը ստանանք գինու գաւաթներուն եզերքները խոնավ մատով հպուելու ժամանակ, եւ գրեթէ նոյն ձեւով ալ զանգակին պարագային է: Մէկ ձեռքով զանգակը կը բռնուի, իսկ միւսով ալ կարճ տախտակէ գաւազան մը, ադ գաւազանը կը հպուի զանգակի եզրին եւ շրջանակաձեւ դարձնելով կը ստանանք այս ամենը:
Երգող զանգակ ոճը վերամշակուած է Թիպէթի մշակոյթէն եկած «Երգող Թաս»էն:[11]
Ճօճուող աշտարակ «A tower swing», երբ որ զանգակը կը շարժենք դէպի վար հետոյ նոյն ձեւով ետ իր դիրքին կը բարձրանայ: Աս ամենը կը կերտէ հնչիւնի տատանման ձեւ մը: Տատանման ձեւը կը ստանանք զանգակի գլխիկը ամբողական շրջելով որպէսի զանգակի արտաբերած ձայնը փոխուի ու ստանայ աշտարակի զանգակի ձայնատեսակը: Սովորաբար աս տեսակը կը գործածուի երկու կամ երեք քառորդ չափի ժամանակ:
Բթամատով արքելակում «Thumb damp»ը կը ներկայացնէ սթաքաթթո ձայնը ինչպիսիք էին թակի եւ խլումի ժամանակ: Շատ ժամանակ կը բնութագրուի որպէս «զսպող» ձայն: Զանգակը այս ժամանակ կը հնչէ բթամատով կամ/եւ մնացած մատներով՝ դիպչելով զանգակի պատանին: Աս արքելակումը ձայնին հնթումէն ենտք անմիջապէս կը խլացնէ: Աս ձեւը շատ ատեններ աւելի դիւրին է քան թակը կամ խլումը պզտիկ զանգակներուն հետ:
Նշանագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- LV («"laissez vibrer" կամ "let vibrate"», ցքել հնչիւնը կը նմանի դաշնամուրի պահող ոտնակին)
- R («"ring"» զանգահարել, սովորական զանգահարում կամ մինչեւ LV-ին ավարտը)
- SK («"shake" i.e.» թափահառում, թափահարել զանգակը մինչեւ մօթայի տեվողութեան ավարտը)
- TD («"thumb damp"»Բթամատով արքելակում ,զանգակը նուագել բթամատով սթաքաթթո ձայնատեսակը ստանալու համար )
- PL («"pluck"» Խլում, ինչը կը նշանակէ զանգակին մուրճիկը բռնելով, զանգակը սեղանին հենած)
- ▲ ("martellato" , զանգակը շիտակ բռնած՝ հարուցած սեղանին վրայ, խլացնելով ամբողջ ձայնը ստանալու համար կտրուկ խլացած ձայն)
- SW («"swing"» սահեցնել, նուագել զանգակը սովորական դիրքին վրայ հետոյ զանգակը վար իջեցնել եւ ետ վեր հանել)
- BD ("brush damp", զանգակին հնչելէն ետք զանգակը կամաց եւ մեղմ մոտեցնել մարմնին եւ ցայնը մեմացնելով դադարեցնել )
- ↑ կամ Կաղապար:Պտտել տեքստը ("echo", զանգահարելէն ետք հպել սեղանին եւ բարձրացնել արձականգային ձայն ստանալու համար).[12][16]
Ձեռնազանգակի ծառը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ձեռնազանգակները նաեւ կը նուագուին ծառի պէս, այսինքն զանգակներուն պոչիկները իրար մէջ մտցնելով կ'ունենանք այսպէս ըսած ծառ, այսպիսով կը նուագուին փայտէ փափուկ մուրճիկներով: Այս ամենը հորինած է Լուիս Ֆրիրը 1980-ական թուականներուն: Իսկ Պարպարա Պրոքըրը վերամշակեց Լուիսի ըրածը եւ փոխեց զանգերուն բնօրինակ նուագելաձեւը, եւ շատ մը մենակատարներ գործածեցին այս նորութիւնը: [11][17][18][19]
Այլ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հեղինակներ եւ վերափոխադրողներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանոթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ A hame box is a device that attaches to the top of a horse collar and contains several bells that ring when the horse moves. For more information about the Cor brothers and a picture of a hame box, see A Brief History of The Aldbourne Bell Foundries Archived 2009-08-25 at the Wayback Machine..
- ↑ name="Markey"/>
- ↑ «The Great Handbell War»։ NPR.org (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2017-12-25
- ↑ «Handbell Weights and Measurements»։ www.olypen.com։ արտագրուած է՝ 2017-12-25
- ↑ Schmidt-Jones Catherine։ «Transposing Instruments»։ արտագրուած է՝ 2008-03-08
- ↑ AGEHR
- ↑ Moore, Daniel K. (May–June 1998), «Technique-ly Speaking: The Basic Ringing Stroke/Shoulder Damp», Overtones: the Official Journal of the American Guild of English Handbell Ringers 44 (3): 10–11
- ↑ Leonard, Karen E. (September–October 2000), «Technique-ly Speaking: Shelley Ringing», Overtones: the Official Journal of the American Guild of English Handbell Ringers 46 (5): 13–14
- ↑ Anderson Christine (2000-01-14)։ «Multiple Bells In-Hand»։ արտագրուած է՝ 2009-08-13
- ↑ Allured, Don (May–June 1999), «Technique-ly Speaking: The Weave and Other Multiple Bell Doings», Overtones: the Official Journal of the American Guild of English Handbell Ringers 45 (3): 41–44
- ↑ 11,0 11,1 11,2 11,3 The American Guild of English Handbell Ringers, Handbell and Handchime Notation. AGEHR 2010
- ↑ 12,0 12,1 «Handbell Notation Symbols & Definitions»։ Handbell World։ արտագրուած է՝ 24 October 2015.
- ↑ Frier, Louise (September–October 1999), «Technique-ly Speaking: Malleting Suspended Handbells», Overtones: the Official Journal of the American Guild of English Handbell Ringers 45 (5): 14–16
- ↑ http://www.ling.upenn.edu/~kingsbur/articulations.html Archived 2009-08-10 at the Wayback Machine.. Retrieved 2009-10-09.
- ↑ Ebling-Thorne, Kathy (September–October 1998), «Technique-ly Speaking: The Shake and The Trill – What a Thrill!», Overtones: the Official Journal of the American Guild of English Handbell Ringers 44 (5): 9–10
- ↑ http://www.ling.upenn.edu/~kingsbur/articulations.html Archived 2009-08-10 at the Wayback Machine., accessed 10/09/09
- ↑ Կաղապար:Cite mailing list
- ↑ «The Founder»։ Belltrees and More, Inc.։ 2009–2010։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 9 September 2011-ին։ արտագրուած է՝ 7 September 2011
- ↑ «Barbara Brocker Bio»։ choraegus։ 31 January 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ May 5, 2014-ին։ արտագրուած է՝ 3 May 2014
Արտաքին հղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուիքիմետիա Քամընզը ունի ամբողջ բաժին մը այս էջին մասին՝ Commons has media related to Handbells.Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:If preview/configuration' not found. |