Ձայն (թերթ)
Արտաքին տեսք
«Ձայն», քաղաքական, հասարակական եւ տնտեսական շաբաթաթերթ։ Հանդիսացած է Հայ բանուորական կազմակերպութեան (սպեցիֆիկներու) օրգանը։ Լոյս տեսած է 1906-1907 թուականներուն, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր՝ Տ. Իսախանեան։
Հակադրուելով պոլշեւիկներուն՝ գովազդած է բանուոր դասակարգի տարանջատում՝ ըստ ազգային պատկանելութեան։ Թերթը իւրովի ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի մշակութային կեանքը, աշխատաւորութեան կենցաղը, ծանօթացուցած կրթական գործի դրուածքին։
Տպագրած է նաեւ գեղարուեստական գործեր, թարգմանութիւններ։ «Ձայն» շաբաթաթերթին նախորդած է «Կեանք» (1906 թուականին, Թիֆլիսի) շաբաթաթերթը։