Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի Սկաուտութիւն, Լիբանան
Արտաքին տեսք
1970-ին, Անթիլիասի շրջանին մէջ, խումբ մը Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ կը հաւաքուին եւ անդրադառնալով շրջանի հայութեան թիւի աճին, հիմը կը դնեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Անթիլիասի մասնաճիւղին։
Սկաուտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այդ օրերուն, մասնաճիւղը կ'ունենայ սկաուտական խումբեր գլխաւորութեամբ եղբայր Յովհաննէս Թէրճանեանի։
- Գործունէութեան առաջին տարիներուն, սկաուտներ կը հաւաքուին տնակի մը մէջ, ապա հաւաքավայրը կը փոխադրուի ներկայիս Սիմիթեան շէնքերու դիմացի փողոցը փոքր շէնքի մը մէջ եւ վերջապէս Անթիլիասի «Աղբալեան» ակումբին մէջ։
- Այդ տարիներուն տեղի կ'ունենան սկաուտական բանակումներ, շրջանին մէջ տողանցքներ, սկաուտական զանազան արարողութիւններ եւ գեղարուեստական ձեռնարկներ ինչպէս նաեւ մասնաճիւղէն ներս կը կազմուին ֆութպոլի եւ պասքէթպոլի խումբեր։
- Սկաուտական շարքերը կը սկսին 30 անդամներով եւ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ թիւը աճ կ'արձանագրէ։
- Առաջին տասնամեակէն արդէն իսկ մասնաճիւղը կ'ունենայ բեղուն գործունէութիւն եւ մինչեւ 1988 մասնաճիւղէն ներս կը գործեն քոյրեր Շողիկ Թերզեան-Կիրակոսեան, Գարլա Մահտեսեան, Ռիթա Չաքեան եւ Տիգրանուհի Սարգիսեան եւ եղբայրներ Յակոբ Ետալեան, Ստեփան Փաշայեան, Տիգրան Պէրպէրեան, Գօգօ Եսայեան, Գառնիկ Թորիկեան, Րաֆֆի Պարսամեան եւ շատ ուրիշներ։
- 1986-1987 սկաուտական տարեշրջանը կը յատկանշուի նաեւ եռօրեայ թատերական ելոյթով մը որուն կը մասնակցին մասնաճիւղի գայլիկներն ու արծուիկները։ Այս աշխատանքէն ետք մասնաճիւղի սկաուտներուն թիւը կը հասնի 400-ի եւ սկաուտական հաւաքները կը սկսին տեղի ունենալ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի շրջափակէն ներս։
- 1989-1990-ի պատերազմներէն ետք, մասնաճիւղը դարձեալ նոյն թափով կը շարունակէ աշխատիլ եւ կը կազմուին Երէցական եւ Պարմանուհիական փաղանգները, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպուին մեծ թիւով դաստիարակչական սեմինարներ, արշաւներ, բանակումներ, ազգային, սկաուտական եւ ընկերային բնոյթի ձեռնարկներ, այցելութիւններ, պտոյտներ եւ բարեսիրական աշխատանքներ։ 1993-1994 տարիներուն մասնաճիւղի խմբապետական կազմը կը սկսի հրատարակել « Զարգացի´ր, զարգացո´ւր» մասնաճիւղի սկաուտական պարբերաթերթը։
- Յաջորդաբար մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնը կը վարեն եղբայրներ՝ Պերճ Բալուլեան, Արմենակ Մահտեսեան, Ներսեհ Լիպարեան, Կարօ Մուրաջանեան եւ Իշխան Եղիայեան։
- 1998-ի ամրան, Անթիլիաս մասնաճիւղի սկաուտական խումբերը կը մասնակցին Լիբանանի շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած Ռալլի բանակումին եւ կը տիրանան 5 մրցանակներու որոնցմէ կը նշենք «Լաւագոյն խարոյկահանդէս»-ի եւ «Լաւագոյն Մասնաճիւղ»ի մրցանակները:
- 2000 թուականին մասնաճիւղի սկաուտական խումբերը կը փոխադրուին տարիներէ ի վեր սպասուած «Հ.Մ.Ը.Մ.-Աղբալեան մարզամշակութային համալիր» եւ հոն այս վերջին 15 տարիներուն ընթացքին մասնաճիւղի խմբապետի եւ խմբապետուհիի պաշտօնը կը վարեն յաջորդաբար եղբայր Րաֆֆի Թահմիզեան, եղբայր Սագօ Գասապեան, քոյր Լարա Մուրաջանեան, քոյր Արտա Զէյթունլեան, քոյր Փաթիլ Եսայեան եւ եղբայր Գէորգ Նոխուտեան։
- Ներկայիս մասնաճիւղը կը հաշուէ 250 տարազաւորներ եւ կը գործէ 9 սկաուտական խումբերով՝ Մոկլիներ 3-էն 6 տարեկան, Գայլիկներ եւ Արծուիկներ՝ 6-էն 11 տարեկան, Արիներ եւ Արենոյշներ՝ 11-էն 16 տարեկան, Երէցներ եւ Պարմանուհիներ՝ 16 տարեկանէն վեր։
- Սկաուտական խումբերու աշխատանքներուն գլխաւոր նպատակն է պատրաստել Հայ մարդ, լաւ քաղաքացի եւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ական։
Արդի Գործունեութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այսօր, անգամ մը եւս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի մեծ ընտանիքը կու գայ ըսելու եւ փաստելու, թէ Անթիլիասի հայահոծ շրջանին մէջ ան բարձր կը պահէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշը։ Կիրակի, 15 Նոյեմբերին 2015, մասնաճիւղի սկաուտութիւնը կը կատարէ 2015-2016 տարեշրջանի բացումը, մեծ յաջողութեամբ՝ հսկայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նշանակը ձեռային աշխատանքով կազմելով եւ վերահրատարակելով իր պարբերաթերթ «Զարգացի՛ր, Զարգացո՛ւր»-ը, ունենալով 239 անդամ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի արխիվներէն։