Հրաւիրակ

Հրաւիրակ, Հայաստանի օգնութեան կոմիտէի (ՀՕԿ) կենտրոնական վարչութեան պարբերաթերթ։ Լոյս տեսած է 1925-1926 թուականներուն, Երեւանի մէջ։ Ծանօթացուցած է ՀՕԿ-ի աշխատանքներուն, ներկայացուցած Վրաստանի, Ազրպէյճանի, Մոսկուայի եւ հայաշատ այլ վայրերուն մէջ գործող ՀՕԿ-ի մասնաճիւղերու գործունէութիւնը։ «Վերածնուող Հայաստանը» խորագրով բաժինը ծաւալուն տեղ յատկացուցած է հանրապետութեան տնտեսութեան ու մշակոյթի լուսաբանման։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։