Jump to content

Հրանդ Գըլըճեան

Հրանդ Գըլըճեան
Ծնած է 1896
Ծննդավայր Սեբաստիա
Մասնագիտութիւն Ջութակահար

Գըլըճեան Հրանդ (ծն․՝ 1896, Սեբաստիա), Փրոֆ. ջութակահար:

Ուսումը առած է տեղւոյն Ամերիկեան Գոլէճին մէջ։ Ջութակի իր առաջին փրոֆէսօրը եղած է Նշան Պէկեան: Հ. Գըլըճեան մատաղ հասակին ցոյց տուած է երաժշտութեան փայլուն կարողութիւն, այդ նկատելով է որ թելադրած է անոր Պէկեան՝ պարզ մեղեդիներ շարադրել եւ ինքը 12 տարու պատանին քաջալերուած՝ գրած է Սեփաստիոյ Արամեան վարժարանի քայլերգը:

Հետեւած է նաեւ Ազգ. Արամեան վարժարանի Զ. կարգին, ուսանելու համար Հայ եկղ. պատսութիւն, մատենագրութիւն եւ հայկական երաժշտութիւն, միեւնոյն ատեն պաշտօնավարելով յիշեալ վարժարանին մէջ:

Համաշխարհային պատերազսին իր կեանքը ազատած է խիստ դժուարին զինուորական եզական մը անսխալ ձայնագրելուն փոխարէն: 1920-1923 իբր երաժշտութեան դաստիարակ պաշտօնավարած է Գոնիայի Ճէնանեան Գոլէճին մէջ։ 1924-1929 նոյն պաշտօնով դասախօսած է N.E.R,ի Յունաստանի Կեդրոնական Որբանոցին մէջ ի Սիրա:

1938 կը գտնուի Պուէնոս Այրէս ուր 1932էն ի վեր կը պաշտօնավարէ Հայ Կեդրոնի «Արսլանեան» վարժարանին մէջ՝ իբր տեսուչ:

Իր երաժշտական հեղինակութիւններն են․

  1. Արամեան վարժարանի Քայլերգը
  2. Վարդանի մահը
  3. Վահագնի ծնունդը
  4. Հայկակներու Որորանը,
  5. Հովուական պարեր
  6. Պարտէզին մէջ (գարնանային)
  7. Հայու վիշտը
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ․, էջ 505: