Jump to content

Հոնկ Սոն Տունկ քարայրը

Հոնկ Սոն Տունկ քարայրը, աշխարհի ամէնէն մեծ քարայրներէն մէկն է, որ կը գտնուի Վիեթնամի մէջ[1][2]։

Քարանձաւին ընդհանուր ծաւալը 38,5 մլն մ³ է[3]:

Քարանձաւի այն բաժիններուն մէջ, ուրկէ փլուզումներու միջոցով կ'անցնի լոյսը, գտնուած են անհաւատալի տեսարաններ, հսկայական սթալակմիթներ, դէպի վեր բարձրացող կրահողէ սիւներ, ջրվէժներ եւ վայրի անտառներ:

Արտասովոր աշխարհ մը, որուն կարելի է հանդիպիլ միայն արկածախնդրական վէպերուն մէջ: Սակայն այս աշխարհը վտանգաւոր է: Գետերուն ջուրերուն յանկարծակի բարձրացումը վտանգաւոր կը դարձնէ այցելութիւնը:

Անոր ներքին խոռոչներէն մէկը այնքան մեծ է, որ կարելի է հոն 40 յարկանի երկնաքեր մը շինել:

Քարայրը գտնուած է 1991-ին: Առաջին անգամ հետախոյզները հոն այցելած են 2009-ին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Explorers find world’s largest cave in Vietnam»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009 թ․ ապրիլի 26-ին։ արտագրուած է՝ 2016 թ․ սեպտեմբերի 24 
  2. Britons claim to find world's largest cave // The Telegraph, 30 Apr 2009
  3. http://www.vietnamcaves.com/component/content/category/10-report Archived 2013-10-29 at the Wayback Machine. "Cave volumes. Hang Son Doong 38.5 million cubic metres"