Հոնկ Հանի բրինձի պատշգամներ
Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանագութեան Յուշարձան | |
---|---|
Հոնկ Հանի բրինձի պատշգամներ | |
![]() Բրինձի մշակման պատշգամներ, Եանեանկ գաւառ | |
Երկիր | Չինաստան |
Շրջան | Հոնկ քաղաքապետութիւն,Եանեանկ գաւառ, Եունան նահանգ |
Տարածութիւն | 16․603 քմ² |
Հոնկ Հանի բրինձի պատշգամներ․ Հանի ցեղին բրինձի մշակման հանգրուաններու դրութիւն, Հոնկ քաղաքապետութիւն, Եանեանկ գաւառ, Եունան նահանգ, Չինաստան։ Բրինձի մշակման պատշգամներուն պատմութիւնը 1300 տարուան է։ Անոնց տարածութիւնը 1․000․000 լծվար է։ 2013-ին Հոնկ Հանի բրինձի պատշգամներուն տարածութեան 16․603 հարիւրակալ (հեկտար) արձանագրուած է որպէս Եունեսքոյի Ժառանագութեան Յուշարձան։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հոնկ Հանի բրինձի պատշգամները կը գտնուին Հոնկ գետին հարաւային թումբերուն, Այլաօ լեռներուն մօտ, Եունան նահանգին հարաւը։

Տարածուած են Եանեանկ, Հոնկ, Ճինփեն եւ Լիւքըն չորս գաւառներուն մէջ։ Սակայն անոնց մեծ մասը կը գտնուի Եանեանկ գաւառին մէջ։

Անհարթ, լեռնային տարածութիւնն ու տարեկան բարձր անձրեւումը պատճառած են բրինձի մշակման համար բարդոյթ հանգրուաններու դրութիւն մը, որոնցմէ շատեր ունին 3․000-է աւելի պատշգամներ եւ կը գտնուին անտառի ծայրամասին ու հովիտին յատակին միջեւ։
Որոգման ջրանցքներ եւ աւազաքարէ կառուցուած արուեստական ջրատարներ ջուրը կը բաշխեն ամբողջ տարածքին։ Ջրաբաշխումի այս դրութիւնը Հանի ժողովուրդին կողմէն պահպանուած է եւ 1300 տարիներէ ի վեր անխափան կը գործէ։

Պատշգամները կը հետեւին իւրայատուկ ուղղաձիգ կառուցուածքի մը, որ արտօնած է բնավայրին այդքան երկար ժամանակ յարատեւել ու ընդգրկել անտառներ, գիւղեր, պատշգամներ եւ ջրամատակարարում։
Լեռներուն գագաթներուն (2000 մեթրէն վեր բարձրութեամբ) վրայ պահպանուած են անտառները, որպէսզի գործեն որպէս անձրեւի ջրակալ ու ջուր հայթայթեն վարի արտերուն եւ պատշգամներուն։ Ջրանցքներու եւ փոսերու բարդ դրութիւն մը վարի պատշգամներուն ջուրին ընթացքը կը փոխէ։ Գիւղերը ընդհանրապէս կառուցուած են անտառներուն ճիշդ վարը, 1400 - 2000 մեթր բարձրութեան վրայ։
Եունեսքոյի Ժառանագութեան Յուշարձան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բրինձի մշակումը Հանի ցեղին մշակոյթին, աստուածաբանութեան, օրացոյցին, ինչպէս նաեւ քաղաքական դրութեան կարեւոր մէկ բաժինն է։

2013-ին Հոնկ Հանի բրինձի պատշգամներուն 16․603 հարիւրակալ տարածութիւնը արձանագրուած է որպէս Եունեսքոյի Ժառանագութեան Յուշարձան եւ կը պահպանէ 82 գիւղեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛ընդգրկէ 50-100 բնակարաններ։ Գիւղերուն շէնքերը աղիւսէ եւ քարէ կառուցուած են։ Իւրաքանչիւր ընտանիք կը շահագործէ մէկ կամ երկու պատշգամներ եւ կամ հողաբաժին ու ընդհանրապէս կարմիր բրինձ կը մշակէ եւ արջառ կը բուծանէ։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Բրինձի մշակման պատշգամներ
-
Արեւածագ․ Տուոիշու գիւղ, Եանեանկ
-
Արեւածագը բրինձի մշակման պատշգամներուն վրայ
-
Ուիհուա, Քունմեն, Եունան նահանգ
-
Չինկօ գիւղ, արեւծագ․ նկար՝ 21-2-2005
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Հոնկ Հանի բրինձի մշակաման պատշգամներ, Եունեսքոյի Ժառանագութեան Յուշարձան (անգլերէն)
- ↑ Չինաստանի կառավարութեան Ժառանգութեան յուշարձաններու վարչութիւն․ Եունեսքոյի Ժառանագութեան Յուշարձանի համար առաջարկուած 2013-ի թեկնածութիւններ (PDF) (անգլերէն)
- ↑ xinhua news - Չինաստանի Հանի բրինձի մշակաման պատշգամները քուէարկուած որպէս Եունեսքոյի Ժառանագութեան Յուշարձան, 22-6-2013(անգլերէն)