Հոգեւոր Սիրոյ Օր
Հոգեւոր սիրոյ օր կամ Կերկեթոպա, քրիստոնէական հնագոյն տօներէն մէկը, որ Վրաստանի մէջ աւանդաբար կը տօնեն Յուլիս 16-ին։ Առաւել շուքող կը նշուի Կերկեթիի Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցիին մէջ, ուր տօնի առթիւ կը կատարեն յատուկ ծառայութիւն ու կը կարդան տօնական մաղթանք։
Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ մամուլի ծառայութիւնը կը բացատրէ, թէ Այս տօնը կը տարբերի կաթոլիկ Սուրբ Վալընթայնի օրէն, որ կը նշուի Փետրուար 14-ին։ Կեկեթոպա տօնը կը վերաբերի հոգեւոր սիրոյ։ Աստուած սէր է»[1]:
Տօնը սկսաւ դարձեալ նշուիլ Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.-ի շնորհիւ։
Վրաստանի ազգային շոու-պիզնըսի ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ Պեսիքա Չուպինիձէի նախաձեռնութեամբ Վրաստանի խորհրդարանը կը հաստատէ եւս մէկ Սիրոյ տօն, որ ի տարբերութիւն Հոգեւոր սիրոյ օրուան, նուիրուած է տղամարդու ու կնոջ միջեւ գոյութիւն ունեցող լուսաւոր յոյզերուն[2]: