Սիրոյ Տօն

Սիրոյ Տօն Վրաստանի մէջ, ամէն տարի Ապրիլ 15-ին նշանակուած աշխարհիկ տօն։ Աշխատանքային օր է, եթէ չի զուգադիպիր ազատ օրուան հետ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վրաստանի այս տօնը նշանակուելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ազգային շոու-պիզնեսի ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ Բեսիկայ Չուբինիձեին։ Բեսիկայի գաղափարին կ'արտայայտւուին բազմաթիւ վրացի պատգամաւորներ, եւ XX դարու վերջին Վրաստանի խորհրդարանի կողմէն «Սիրոյ տօնը» կը յայտարարւուի որպէս տօնական օր[1]: Նախապէս տօնը մտածուած էր որպէս Արեւմտեան Եւրոպայի նշանակուած «Սիրահարների օր» («Սուրբ Վալենտինի օր») սակայն արդիւնքը եղաւ հակառակը։ Վրացի երիտասարդները խանդավառութեամբ ընդունեցին նոր տօնի գաղափարը, սակայն շարունակեցին տօնել նաեւ հինը։

«Սիրոյ տօն»-ին ժամանակ Վրաստանի մէջ, սիրահարներուն կ'ուտային նուերներ, ծաղիկներ, եւ անոնց համար անակնկալներ կը պատրաստեն կամ ընտանիք կազմելու առաջարկութիուն կ'ընեն։ Այդ օրը Վրաստանի մէջ մի քանի անգամ աւելի շատ ծաղիկ կը վաճառուի, քան «սովորական» օրերէն[2]:

«Սիրոյ տօն»-ը բացի Վրաստանի մէջ կը նշանակ է նաեւ «Հոգեւոր սիրոյ օրը», որ հոգեւոր տօն է ու կը նշանակուի Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ Յուլիսի 16-ին[3]:

Արտաքին Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. В Грузии 15 апреля отмечают День любви — Грузия, праздники БалтИнфо.ru
  2. «Грузия отмечает День любви — Грузия, праздник — Росбалт-Кавказ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-04-21-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-01 
  3. «Православная церковь Грузии отмечает «Гергетоба» — день «духовной любви»»։ РИА Новости։ ո16 июля 2004։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-23-ին։ արտագրուած է՝ 2010-08-13