Հնդկացորեն
Արտաքին տեսք
Հնդկացորենը ընդեղէններու խումբին կը պատկանի:
Տարածում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ քանակութեամբ հնդկացորեն կը սպառեն Մեծն Բրիտանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները: Բոլոր ընդեղէններուն պէս, հնդկացորենը սննդարար եւ առողջապահական յատկութիւններ ունի եւ մարմինը հեռու կը պահէ զանազան հիւանդութիւններէ: Հնդկացորենը կը յատկանշուի սուր, բայց համեղ յատկութեամբ[1]:
Օգտակարութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հնդկացորենը ուժականութիւն կը հայթայթէ մարմինին, որովհետեւ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ ոսլայ կամ նշահ:
- Անիկա երակները կը մաքրէ:
- Կը պայքարի սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ երակներու խցանման դէմ:
- Կը բուժէ արեան գերճնշումը:
- Հնդկացորենը կը պարունակէ սննդական զանազան տարրեր, որոնցմէ են կենսանիւթեր` Պէ-քոմփլեքսը, կարգ մը հանքայիններ, ինչպէս` պղինձ, մակնեզիոմ, ֆոսֆոր եւ փոթասիոմ: Մակնեզիոմը այն հանքայիններէն է, որ օգտակար է մարսողութեան: Իսկ Պէ-քոմփլեքսը օգտակար է ջղային համակարգի առողջութեան պահպանման համար:
- Հնդկացորենի սպառումը դէմ կը դնէ ընկճուածութեան եւ կ'օգնէ տրամադրութեան բարելաւման:
- Անիկա նաեւ օգտակար է կնոջ համար` յղութեան շրջանին, դաշտանի եւ դաշտանադադարի ընթացքին:
- Կ'օգնէ նաեւ պայքարելու ոսկրափտութեան դէմ[2]: