Jump to content

Հերոսներու հրապարակ (Պուտափեշթ)

Հերոսներու հրապարակ (հունգարերէն՝ Hősök tere), հրապարակ՝ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ։ Կը գտնուի Փեշթ հատուածին մէջ։

Հերոսներու հրապարակով կ'աւարտի Անտրաշի պողոտան եւ կը սկսի Վարոշլիկետ քաղաքային այգին։

Հրապարակը ձեւաւորուած է 1896-ին, Հունգարիոյ հիմնադրութեան 1000-ամեակին առիթով, ընդունելով Հունգարիա ժամանած աւելի քան 50.000 հիւր։

Հրապարակին մէջ կը գտնուին քանի մը յուշարձաններ.

  • Առաջինը, որ կը գտնուի հրապարակին կեդրոնը, նուիրուած է Կարպատներով հունգարներու անցման։ Անիկա բարձր սիւն մըն է, որուն գագաթին կը գտնուի Գաբրիէլ հրեշտակապետին կերպարը երկրագունդին վրայ՝ առաքելական խաչով եւ Իշտուան արքայի թագով։ Յուշարձանի հեղինակներն են՝ ճարտարապետ Ալպերթ Շիկեդանցը եւ քանդակագործ Տեորտ Զալան։ Արձանին կառուցումը տեւած է շուրջ 42 տարի։ Ըստ առասպելին՝ Գաբրիէլ հրեշտակապետը յայտնուած է սուրբ Իշտուանի երազին մէջ եւ անոր միջոցով հունգարներուն պատուիրած է քրիստոնէութիւնը ընդունիլ։ Յուշարձանի ստորին հատուածին մէջ պատկերուած են հունգարական եօթը ցեղախումբերու առաջնորդները, գլխաւորութեամբ՝ Արփատ իշխանին, որ հիմնադրած է հունգարական իշխող արքայատոհմը։
  • Կիսաշրջանաձեւ երկու սիւնաշարքերը, որոնք տեղադրուած են հրապարակին մէջ` Գաբրիէլ հրեշտակապետին սիւնին ետին, Հունգարիոյ հերոսներուն նուիրուած յուշարձաններ են։ Իւրաքանչիւր սիւնաշարքի երկայնքը 85 մեթր է։ Սիւներուն միջեւ ձախէն աջ տեղադրուած են Արփատներու տոհմի ներկայացուցիչներուն (Ս. Իշտուան, Ս. Լասլօ, Կալման Ա., Անտրաշ Բ. եւ Պելա Դ.) պրոնզեայ արձանները:
  • Ներկայացուած են նաեւ Անժուի տոհմի ներկայացուցիչներուն արձանները`Քառլ Ռոպերթ եւ Լիւդովիկոս Ա. Մեծ, Եանոշ Խունեաթի, Մաթեաշ Կորուին, այնուհետեւ թրանսիլվանական իշխաններ Իշտուան Փոչկայի, Կապոր Փետլենի, Իմրէ Թեկելիի, Ֆերենց Բ. Ռաքոցիի եւ հունգար ժողովուրդի ազատութեան համար պայքարած հերոս Լայոշ Քոշուտի արձանները։
  • Սիւնաշարքերը պսակուած են աշխատանքի, զարգացման, պատերազմի, խաղաղութեան, իմաստութեան եւ փառքի այլաբանական կերպարներով։
  • Գլխաւոր սիւնին մօտ տեղադրուած է քարէ յուշատախտակ մը, նուիրուած՝ հունգար զինուորներուն, որոնք զոհուած են համաշխարհային պատերազմներու ժամանակ։ Հոն՝ ազգային տօներուն կը կանգնի պատուոյ պահակախումբը եւ տեղի կ'ունենան ծաղիկներու խոնարհման հանդիսաւոր ձեռնարկներ[1]։

Հրապարակը երկու կողմէն շրջապատուած է նորդասականութեան ոճով կառուցուած երկու շինութիւններով`Կերպարուեստի թանգարանով եւ Միւչառնոկ արուեստի սրահով։

Հրապարակին տակ տեղադրուած է Պուտափեշթի մեթրոյի համանուն կայարանը[2]։

Հրապարակին շուրջի կառոյցները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]