Հեռագիր
Արտաքին տեսք
Հեռագիր բառը թարգմանութիւնն է յունարէն tele (հեռու) եւ ghrapho (կը գրեմ) բառերու բարդումով կազմուած teleghraphe բառին։
Եսքիւլոս, իր Ագամենոնի մէջ (Ն.Ք. 500) կը նկարագրէ հաղորդակցութեան փոխանակութիւնը վառուած ջահերով տրուած նշաններու միջոցով։ Փոլիւպոս յոյն պատմաբանը (մահացած՝ Ն.Ք. 122) հին ժողովուրդներու հաղորդակցութեան համար գործածած տարբեր գործիքները կը կոչէ Բիրսիէ, որովհետեւ անոնցմով տրուած նշանները միշտ կրակով էին։ Ֆրանսացի Շափի ըրած գիւտը գործածուած է առաջին անգամ Ֆրանսայի մէջ, 1792-ին[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Պապէսեան Յովհաննէս (1961)։ «Հանրագիտակ»։ Անթիլիաս, Լիբանան: Կաթողիկութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ