Հարաւափրիկեան Իզիքօ Թանգարան

Հարաւափրիկեան Իզիքօ Թանգարան

Իզիքօ (Հարաւափրիկեան իզիքօ-թանգարան, անգլIziko South African Museum), Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան ազգային թանգարան, որ տեղակայուած է Քէյփթաունի կեդրոնը` Քամփանի Կարտէնի (Company’s Garden) տարածքին:

Իզիքօ քոսա լեզուով կը նշանակէ "օջախ, ընտանիք"[1]:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանը հիմնադրուած է 1825-ին լորտ Չարլզ Սոմերսեթի կողմէ` դառնալով երկրորդ գիտահետազօտական հաստատութիւնը երկրին մէջ: 1897-էն կը գտնուի իր ներկայի տեղը Քամփանի Կարտէնի մէջ:

Ունի Ափրիկէի մէջ խոշորագոյն ցուցադրութիւնները կենդանաբանութեան, հնաբանութեան եւ հնագիտութեան բնագավառին մէջ[2]: 20-րդ դարու վերջը թանգարանի բազայի վրայ ստեղծուած է թանգարանային համալիր, որու մէջ միաւորուած են Քէյփթաունի քանի մը այլ թանգարաններ:

Լայնօրէն յայտնի է նաեւ որպէս կրթական եւ լուսաւորչական հաստատութիւն, որու թանգարանային հաւաքածոները կ՛ընդգրկեն Հարաւային Ափրիկէիի կեանքի անհետացած եւ ներկայիս գոյութիւն ունեցող ցուցանմուշներ, բնիկ ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան առարկաներ, որոնք կ՛ուսումնասիրեն գիտնականներու եւ ուսանողներու կողմէ եւ կ՛օգտագործեն հասարակական լուսաւորչական միջոցառումներու եւ ցուցահանդէսներու կազմակերպման նպատակով: Թանգարանային համալիրի կազմին մէջ կը գործէ նաեւ ժամանակակից աստղադիտարան:

Տարեկան թանգարան կ՛այցելեն մօտաւորապէս 400 հազար հոգի: Կը համարուի Քէյփթաուն քաղաքի զբօոսաշրջային, տեսարժան վայրերէն մէկը: Կը ֆինանսաւորուի ՀԱՀ Գեղարուեստական մշակոյթի գիտութեան եւ սարքաւորումներով բաժին ամենամեայ դրամաշնորհի հաշուին: Հետազօտութիւնները եւ այլ ծրագրերը կ՛իրականացուին հետազօտական կազմակերպութիւններու եւ Քէյփթաուն քաղաքի ելեւմտացոյցի միջոցներու, իսկ առանձին պարագաներու նաեւ մասնաւոր հանգանակութիւններու հաշուին:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «About Us – Iziko Museums»։ www.iziko.org.za 
  2. «Iziko Museums»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-05-28-ին 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]