Jump to content

Հասկ (ամսաթերթ)

Հասկ ամսաթերթ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական հրատարակութիւնը, «Հասկ»ի առաջին թիւը հրատարակուած է Յունուար 1932-ին, Բաբգէն Ա. աթոռակից Կաթողիկոսին կողմէ։ Սկսած է հրատարակուիլ Անթլիասի մէջ, փոքր ծաւալով եւ սեղմ բովանդակութեամբ։

Առաջին թիւի խմբագրականին մէջ Վեհափառը կը գրէ.

Աստուծոյ Թագաւորութեան օրինա՛կն է լեցուն հասկը: …ամսօրեայ հրատարակութիւն մը պիտի ըլլայ «Հասկ», իբրեւ պարբերական տեղեկագիրը Հայրապետանոցիս եւ Առաջնորդարաններու գործառնութեանց, որպէսզի ստոյգ եւ կանոնաւոր տեղեկութիւնները եւ լուրերը ուղղակի իր ակնաղբիւրէն իմանայ մեր ժողովուրդը: Կրօնական, գրական, եւ այլն, նիւթեր ալ պիտի բովանդակէ «Հասկ»՝ իր տրամադրելի մասերուն մէջ:

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոս Դպրեվանքի հիմնադրութենէն կարճ ժամանակ անց, 1932-ին, կը հիմնէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթը, Աթէնքէն բերուած նախնական տպագրական մեքենայով մը, ոտնամամուլ, եւ Պոլիսէն ապահովուած ձուլուած գիրերով, «Հասկ»ի առաջին թիւին մէջ, որ կը բաղկանար 4 էջէ, լոյս կը տեսնէ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսին առաջին խմբագրականը՝ «Ատոք Հասկը» խորագիրով: Հոն, ի միջի այլոց, կը կարդանք:

«Հայ ժողովուրդին ա՛յն հատուածը, որ տառապանքի ճամբաներէն ու մահուան դաշտերէն անցնելով ապաստան գտաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի գիրկին մէջ, պէտք ունի ատոք հասկելու սնունդին...: «Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը... ցորենի հատիկ մը նետեց Լիբանանի ստորոտը, Միջերկրականի եզերքը, Անթիլիասի հողին ծոցը, 1930-ին, կազմակերպեց իր թեմերը, հաստատեց իր Դպրեվանքը, կարգաւորեց իր կաթողիկոսարանը , ստեղծեց իր փոքրիկ տպարանը- ցորենի հատիկը աճեցաւ այսպէս, եւ պտղաբերեց ատոք «Հասկ»ը...»:

«Հասկ»ի մէջ կը շարունակուի հրատարակուիլ Կաթողիկոսարանի եւ անոր թեմերուն գործունէութեանց լուրերը, Հայրապետական Կոնդակներ, պաշտօնական խօսքեր, քարոզներ, ինչպէս նաեւ կրօնական ու գրական յօդուածներ:

Ներկայիս «Հասկ»ի խմբագիրն է Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեան:

Կապ. Hask@armenianorthodoxchurch.org

Լիբանանի մէջ «Հասկ»ի տարեկան անդամակցութեան սակն է 50,000 Լ.Ո. կամ $35

Արտասահմանի մէջ «Հասկ»ի տարեկան անդամակցութեան ծախսն է 115,000Լ.Ո. կամ $75 առաքման ծախսերը ներառեալ:

ՀԱՍԿ Հայագիտական

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայագիտական ՀԱՍԿը յատուկ յաւելուած հրատարակութիւն մըն է, որուն անունը ինքզինք լիովին կը բացատրէ։ Հասկ Հայագիտականի առաջին թիւը հրատարակուած է 1948 թուականին: Մեծապէս գնահատուած եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած հայ եւ օտար հայագէտներ, արեւելագէտներ, պատմաբաններ եւ աստուածաբաններ ներդրում կ’ունենան Հասկ Հայագիտականին մէջ:

Հասկ Հայագիտականի խմբագրական յանձնախումբի անդամներն են՝ Դոկտ. Զաւէն Եկաւեան, Տիար Ժիրայր Դանիէլեան եւ Տիար Կարօ Յովհաննէսեան:

Հասկ Հայագիտականի Խմբագրութիւն

Հասկ. Hask@armenianorthodoxchurch.org